Ս. Զատկուան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին լիբանանցիներուն, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքին փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները` նկատել տալով, որ ցաւերը ինչքան ալ երկարատեւ ըլլան, Յարութիւնը կը մնայ իրենց հաւատքին էութիւնը եւ ցաւերով լեցուն աշխարհի մը իրենց պատկանելիութեան իրականութիւնը:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այս տարի Ս. Զատկուան տօնը փրկութեան պատգամ կը բովանդակէ ամբողջ մարդկութեան համար` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով օրական դրութեամբ մեծ թիւով քաղաքայիններ կը զոհուին` աւելի մեծաթիւ, քան այն զոհերը, որոնք կ’արձանագրուին հսկայ պատերազմներու ընթացքին:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բոլորին` մահուան եւ անոր հետեւանքներուն մշակոյթին չյանձուելու: «Խօսքս կ’ուղղեմ բոլոր լիբանանցիներուն, ըլլան անոնք մեկուսարաններու մէջ, հիւանդանոցի անկողիններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` երկիրն ու քաղաքացիները պաշտպանող բժիշկներու եւ հիւանդապահներու զօրամասին, որոնք Ս. Յարութեան այս տօնին հեռու են իրենց ընտանիքներէն` հաստատելով, որ իրերօգնութիւնը, համագործակցութիւնը եւ տառապանքը կիսելու հոգեբանութիւնը արժէքներ են, որոնցմով Լիբանանը պիտի վերանորոգուի, պիտի յառաջդիմէ` հպարտանալով իր բոլոր զաւակներով», շեշտեց նախագահ Աուն:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Ս. Զատկուան առիթով Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Ս. Զատկուան ընթացքին եկեղեցին խաղաղութեան պատարագ կը կատարէ եւ այդ խաղաղութիւնը կը փոխանցէ ընտանիքներուն, ընկերութեան եւ հայրենիքին: Ան նշեց նաեւ, որ այս տօնը օրհնութեան տօն է, որ խաչով կը բաշխուի համայն աշխարհին եւ մարդկութեան:
Ռայի պատրիարքը դիտել տուաւ, որ այս տօնին առիթով Պքերքէ կը ժամանէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, սակայն ան այս տարի նախընտրեց հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ փոխանցել շնորհաւորութիւնները եւ յանձնառու մնալ ընդհանուր զօրաշարժի եւ մեկուսացման որոշումին: Ան հաստատեց, որ իրենք կ’աղօթեն, որ լիբանանցի ղեկավարներն ու պետական պաշտօնատարները շարունակեն Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական եւ ապրուստի բարեկարգման աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մէկտեղեն իրենց ջանքերը` հեռու մնալով ժխտական կեցուածքներէ:
«Կոչ կ’ուղղենք լիբանանցի ժողովուրդին` յանձնառու մնալու ընդհանուր զօրաշարժին եւ բնակարանային մեկուսացման` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը եւ անոր տապալումը: Կ’աղօթենք բոլոր վարակուածներուն առողջութեան համար, համաճարակէն ապաքինածներուն, ինչպէս նաեւ վարակուածներուն հոգատարութեամբ զբաղող բժիշկներուն, հիւանդապահներուն եւ ընտանիքներուն համար», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքը: Ան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց լիբանանցիներուն` շեշտելով, որ Ս. Զատկուան տօնը կը մնայ Յարութեան եւ Աւետումի պատգամներ փոխանցող տօն: Այս առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարեց շարք մը պատասխանատուներու հետ, որոնցմէ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, Ռայի պատրիարք, հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ Միշել Սլէյման, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր այլ պետեր, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ:
Իր կարգին, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, Ռայի պատրիարքին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքի հոգեւոր պետերու հետ` շնորհաւորելով զանոնք Ս. Զատկուան տօնին առիթով:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորեց ընդհանուր ապահովութեան ուժերը: Ան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ապահովութեան ուժերուն` ընդգծելով, որ Ընդհանուր ապահովութիւնը իբրեւ ապահովական կառոյց այս դժուար պայմաններուն ընթացքին պիտի զօրակցի լիբանանցիներուն: Ապպաս Իպրահիմ շնորհաւորեց նաեւ այս փուլին ընթացքին առաջնագիծի վրայ կռուողները` բժիշկներն ու հիւանդապահները, որոնք մարդ արարածի պաշտպանութեան համար ազնուագոյն զոհողութիւնը կը մատուցեն:
Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Անթուան Սալիպա Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորեց զինուորականները` մաղթելով, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանան թօթափած կ’ըլլայ «Քորոնա»-ի համաճարակը: Ան մաղթեց, որ Պետական անվտանգութեան կառոյցի զինուորները իրենց պատասխանատուութիւնը շարունակեն ստանձնել` կատարեալ արհեստավարժութեամբ, օժանդակելով հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն, որոնք կը դիմադրեն համաճարակը: