Կառավարութիւնը Քննարկեց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը. Նիստերը Կը Շարունակուին Այսօր Եւ Վաղը
Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Չորս ժամ տեւած նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին քննարկած է ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը: Նիստին ընթացքին վարչապետը անդրադարձաւ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի Ա. փուլին` բարձր գնահատելով զանոնք Լիբանան փոխադրելու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ զանոնք ընդունելու ու անոնց բժշկական խնամք ցուցաբերելու եւ...




















