«Քորոնա»-ի Դիմակայման Պայքարը Կը Շարունակուի
«Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ լիբանանցիները կիրակի օր կառչած մնացին պետութեան յայտարարած կրակմարի դրութեան, եւ երկրին գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ տիրական դարձաւ ընդհանուր զօրաշարժի մթնոլորտը:
Լիբանանեան պետութեան որոշումով, մինչեւ 26 ապրիլ ընդհանուր զօրաշարժ պիտի գործադրուի` յարգելով բացառութիւնները:
Կարգ մը շրջաններու, ինչպէս` Հերմելի եւ Աքքարի մէջ, այս առումով երէկ արձանագրուեցան խախտումներ: Լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատներ փութացին այդ շրջանները եւ քաղաքացիներէն խնդրեցին մնալ իրենց բնակարաններուն մէջ` յանձնառու ընդհանուր զօրաշարժին:
Պշարրէի մէջ շաբաթ առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, Պշարրէի քաղաքապետութեան եւ հիւսիսային Լիբանանի ապահովական խորհուրդին որոշումով, սկսաւ Պշարրէի շրջափակման գործողութիւնը` քաղաքապետութեան ոստիկաններուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Դէպի Պշարրէ ելեւմուտքը արգիլուեցաւ, իսկ, առողջապահութեան նախարարութեան ու Պշարրէի կառավարական հիւանդանոցին միջեւ գործակցութեամբ, շրջանին մէջ կատարուեցան «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման 500 «Փի. Սի. Ար.»-ի բժշկական քննութիւններ, որոնք ներառեցին դեղագործներն ու սննդամթերքի վաճառատուներուն սեփականատէրերը եւ պաշտօնէութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց Պշարրէի բնակիչներուն տուներէն դուրս չգալու` հաստատելով, որ «Քորոնա»-ի դիմագրաւման միակ ձեւը բնակարանային մեկուսացման յանձնառու մնալն է: Ժահժահ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հասսան Տիապի եւ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի, որոնք ընդառաջեցին եւ անմիջապէս առաջքը առին Պշարրէի մէջ «Քորոնա» համաճարակի տարածման:
Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հըրըք երէկ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնը կատարող «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի փոխադրակառքը վաղը` չորեքշաբթի, 15 ապրիլ 2020-ին, Պաթրունի կառավարական հիւանդանոցին եւ Թաննուրինի կառավարական հիւանդանոցին մէջ անվճար «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն պիտի կատարեն: Քաղաքապետը կոչ ուղղեց Պաթրունի բնակիչներուն` չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 9:00-ին ուղղուելու Պաթրունի կառավարական հիւանդանոց եւ կատարելու բժշկական քննութիւնները:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 632-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին միայն երկու նոր վարակուած պարագաներով: Ըստ նախարարութեան, նոր վարակուածները Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու պարագաներ են` աւելցնելով, որ Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներուն մէջ ոչ մէկ վարակուած եղած է:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ մահացողներուն թիւը 20 է, իսկ բուժուածներուն թիւը հասած է 80-ի: Նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, կան 34 պարագաներ, որոնք առողջական խոցելի վիճակի մէջ են:
Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին արտերկրի լիբանանցիները հայրենիք փոխադրող օդանաւը Ժետտայէն հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան: Աւելի ուշ Լիբանան ժամանեցին Փարիզէն, Լոնտոնէն եւ Կապոնէն արտերկրի լիբանանցիներ փոխադրող «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան օդանաւերը:
Մինչ այդ շաբաթ օր Լիբանան փոխադրուեցան Անկոլայէն, Քուէյթէն, Հռոմէն եւ Տուպայէն արտերկրի լիբանանցիներ:
Պէյրութ հասած բոլոր լիբանանցի քաղաքացիները ենթարկուեցան «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ փոխադրուեցան ճշդուած համապատասխան պանդոկները:
Առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական անձնակազմերը օդանաւին մէջ, օդակայանին մէջ եւ պանդոկներուն մէջ կատարեալ բծախնդրութեամբ կատարեցին իրենց աշխատանքները` ստուգելով քաղաքացիներուն ջերմութիւնը, անհատական նախազգուշութիւններն ու հարկ եղած ցուցմունքները տալով անոնց:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց «Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական միութեան եւ անոր փոխնախագահին` նախկին նախարար Լէյլա Սոլըհ Համատէի, բարձր գնահատելով միութեան կատարած մարդասիրական եւ ազգային աշխատանքները, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ լիբանանցի ուսանողներու Պէյրութ փոխադրութեան ծախսերը հոգալու պատրաստակամութիւնը:
Առողջապահութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի երէկ այցելեց Պէյրութի միջազգային օդակայան` ստուգելու համար արտերկրի լիբանանցիները դիմաւորելու միջոցառումները:
Արաժի յայտնեց, որ կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին ընթացքին արժեւորումը պիտի կատարուի արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի Ա. փուլին, որուն հիման վրայ պիտի ճշդուի այդ աշխատանքը շարունակելու Բ. փուլը: Ան նկատել տուաւ, որ, իր կարծիքով, Լիբանան հասնող արտերկրի քաղաքացիներուն մէջ վարակուածներուն թիւին փոքր համեմատութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որ կառավարութիւնը շարունակէ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի երկրորդ փուլը, յատկապէս ի մտի ունենալով պարագան Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մէջ գտնուող մեծ թիւով լիբանանցի ուսանողներուն, որոնք նիւթական եւ հոգեբանական լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:
Հակառակ անոր որ կիրակի գիշերուընէ սկսեալ մինչեւ այսօր կէսօրուան ժամերը իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր Պէյրութի եւ Հարաւային արուարձաններու վերեւ թռիչքներ կատարեցին, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններու հիւանդանոցները: Անոր այցելութիւնը սկսաւ «Պահման» հիւանդանոցէն, ընկերակցութեամբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխան Ալի Ամմարի: Նախարարը ստուգեց «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն յատկացուած բաժանմունքը:
Ապա Հասան այցելեց Հատասի «Սեն Ժորժ» հիւանդանոցը, ուր հաստատեց, որ իրենք կը գործակցին «Քորոնա»-ով վարակուածները բուժելու: Ան ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլումը հաւաքական աշխատանքով եւ համագործակցութեամբ կը կատարուի` ընդգծելով, որ «Ռասուլ Աազամ» եւ «Սեն Ժորժ» հիւանդանոցները միասնաբար կը գործակցին` լաւագոյնս ծառայելու համար «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն:
Համատ Հասան հաստատեց, որ իրենք կարիք ունին ընկերային հոգատարութեան` աւելցնելով, որ իրենք ձեռք ձեռքի կը գործեն ծառայելու համար Լիբանան հայրենիքին եւ կը պայքարին քաղաքացիները տառապեցնող պայմաններուն դէմ: «Մենք կը յուսանք տեսնել Լիբանանի փայլուն ապագան եւ միասնականութեամբ կը գործակցինք ծառայելու համար մարդ արարածին», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ալի Ամմար Հարեթ Հրէյքի «Պահման» հիւանդանոցին մէջ յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան ջանքերուն զօրակցելու համար պէտք է յանձնառու մնալ առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն եւ բնակարաններէն դուրս չելլել: Ան հաստատեց, որ իրենք առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի հրահանգին տակ գտնուող զինուորներն են եւ պատրաստ են ծառայելու` ի խնդիր այս տագնապին փարատումին:
Նշենք, որ Համատ Հասան շաբաթավերջին այցելեց նաեւ Սուրի հիւանդանոցները, ստուգելու համար անոնց կարելիութիւններն ու տիրող աշխատանքային մթնոլորտը:
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախարար Հասանի հետ եւ հարց տուաւ անոր Սայտան իր շրջապտոյտէն դուրս ձգելու պատճառներուն մասին: Նախարար Հասան հաստատեց, որ ան յետաձգած է այդ այցելութիւնը` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային պիտի այցելէ նաեւ Սայտա: Հարիրի նախարար Հասանէն պահանջեց Սայտայի կառավարական հիւանդանոցը օժտել «Փի. Սի. Ար.»-ի բժշկական քննութիւն ընելու կարելիութեամբ:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար յայտնեց, որ Չինաստան խոստացած է Լիբանանին տրամադրել «Ռափիտ թեսթ»-ի («Փի. Սի. Ար.») յաւելեալ օժանդակութիւն եւ կարելիութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշումը աւելի դիւրաւ կատարել` օրական դրութեամբ աւելի մեծ թիւով քննութիւն ընելով:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ ժողովուրդին ընկերային օժանդակութիւն բաժնելու կառավարութեան որոշումը 14 ապրիլին պիտի սկսի գործադրել:
Բայց եւ այնպէս երէկ` 13 ապրիլի կէս գիշերին Ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէի յայտարարեց, որ այս բաժնելու աշխատանքը յետաձգուած է, մինչեւ որ բանակը աւարտէ խորհուրդին տրամադրած անուանացանկի ստուգումը: