Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն
Թիւը Կը Հասնի 575-ի, Իսկ Մահուան Պարագաները Մնացին 19
«Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ Լիբանան կը շարունակէ իր քաղաքացիները յորդորել` իրենց բնակարաններուն մէջ մնալու, «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ անհատական նախազգուշութիւններու դիմելու, ինչպէս նաեւ ընկերային հեռաւորութեան սկզբունքները յարգելու:
Հակառակ տիրող տնտեսական չափազանց ծանր կացութեան, լիբանանեան պետութեան ի գործ դրած հսկայական ջանքերուն կողքին, լիբանանցիներուն գրեթէ 85-90 առ հարիւրը յանձնառու կը մնայ որդեգրուած միջոցառումներուն` հետեւելով յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժին, կրակմարի դրութեան եւ երթեւեկի օրէնքներուն:
Նախանցեալ գիշեր Պշարրէէն յայտարարուած «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու որոշ համեմատութեան մը անսալով` առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց Պշարրէ, ուր հետեւեցաւ գործադրուող բուժման քայլերուն, նախազգուշութիւններուն, հականեխումի արշաւի մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու ռազմավարութեան:
Նախարար Հասան այցելեց նաեւ Զղարթա, Թրիփոլի եւ Պաթրուն:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 575-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 27 նոր վարակուածներ: Ըստ նախարարութեան, 27-էն 15-ը Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու պարագաներ են, իսկ մնացեալ 12-ը` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներու պարագաներ, որոնք բացայայտուած են Մատրիտէն, Փարիզէն եւ Լոնտոնէն հասած օդանաւներուն մէջ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ երէկ մահուան պարագայ չէ արձանագրուած:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց ցանկը այն հիւանդանոցներուն, ուր կարելի է «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման յատուկ «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնը կատարել: Անոնք են.
– Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց (քննութիւնը ձրի)
– Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոց
– Օթել Տիէօ հիւանդանոց
– Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոց
– Սեն Ժորժ հիւանդանոց (Յունական հիւանդանոց)
– Մազլում հիւանդանոց
– Հայքալ հիւանդանոց
– Սայիտաթ Մաունաթ հիւանդանոց
– Սարհալ հիւանդանոց
– Պհաննես հիւանդանոց
– Ժեհթաուի հիւանդանոց
– Ժապալ Լըպնան հիւանդանոց
– Սեն Ժորժ հիւանդանոց
– Այն ու Զէյն հիւանդանոց
– Համմուտ հիւանդանոց
– Տարլ էլ Ամալ հիւանդանոց
Նշենք, որ նախարար Հասան յայտնեց, թէ Մատրիտէն Լիբանան հասած օդանաւուն մէջ «Քորոնա» ժահրով 7 վարակուածներ յայտնուած են` «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքներուն համաձայն, Փարիզէն հասած օդանաւուն մէջ` 4 վարակուածներ, իսկ Լոնտոնէն հասած նաւթի պեղման անձնակազմին մէջ` 1 վարակուած:
Պշարրէ եւ Զղարթա շրջանները կատարած իր այցելութեան ընթացքին նախարար Հասան ընդգծեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման նպատակով Պշարրէի մէջ ստեղծուած տագնապի յատուկ բջիջը գիտական, վստահելի եւ ճշգրիտ աշխատանք կը տանի: Ան ընդգծեց, որ վարակուած նոր պարագաներու արձանագրութիւնը վախ չի յառաջացներ, այլ ցոյց կու տայ վարակուած այդ պարագաներուն աղբիւրը եւ առիթ կ’ընծայէ իրենց` հետապնդելու վարակի բոյնը:
Պշարրէի Մար Մեմա կառավարական հիւանդանոցն ու Զղարթայի հիւանդանոցը կատարած իր այցելութիւններէն ետք նախարար Հասան շեշտեց ընկերութիւնը պաշտպանելու համար ի գործ դրուող ջանքերուն կարեւորութիւնը:
Նախարար Հասան յայտնեց, որ զոյգ շրջաններուն մէջ կատարած են շարք մը մարդոց, որոնց մէջ նաեւ քաղաքապետարանի ոստիկաններուն «Փի. Սի. Ար.» քննութիւններ, որպէսզի ճշդեն «Քորոնա»-ի ժահրին աղբիւրները: Ան հաստատեց, որ իրավիճակը ցարդ հակակշիռի տակ կը մնայ` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն միութիւններուն եւ քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն, որոնք օժանդակած են «Քորոնա»-ի ախտորոշման քննութիւնները կատարելու:
Հասան նախարարութեան կարողութիւնները դրաւ ի սպաս զոյգ շրջաններուն: Ան ողջունեց բոլորին, յատկապէս քաղաքապետարաններուն ջանքերը` շրջանները հականեխելու եւ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով անոնց դիմած նախազգուշութիւններուն:
Նախարար Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց այն ընտանիքներուն եւ անհատներուն, որոնք կը բացայայտեն, թէ իրենք «Քորոնա» ժահրով վարակուած են, որովհետեւ հիւանդութեան մասին բարձրաձայնելը պարտականութիւն է եւ երբեք ամօթալի չէ: «Մեծ թիւով վարակուածներ արձանագրելը կը փաստէ լաւ աշխատանքը: Իւրաքանչիւր վարակուած պէտք է բացայայտէ ինքզինք, իսկ տեղեկատուական մարզը պէտք է ճիշդ թիւերը յայտարարէ», ըսաւ նախարար Հասան` աւելցնելով, որ ինք կը գնահատէ իրենց հետ գործակցող քաղաքական բոլոր կողմերը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ նախարար Հասան երկուշաբթի, 6 ապրիլ 2020-ի երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սթրիտա Ժահժահի հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած Պշարրէի մէջ «Քորոնա» ժահրի արագ տարածումին գծով եւ առաջարկած է անոր Պշարրէ գիւղաքաղաքը շրջափակել` քաղաքապետարանին եւ շրջանին մէջ գործող ապահովութեան ուժերուն օժանդակութեամբ, սակայն առանց յայտարարութիւններ կատարելու այդ մասին, որպէսզի գերզգայնութիւններ չստեղծուին:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նախարար Հասան իր անձնական թիւը փոխանցած է եւ հաստատած, որ ինք շուրջօրեայ դրութեամբ պատրաստ է ընդառաջելու Պշարրէիի կառավարական հիւանդանոցի պահանջներուն: Ընդգծուեցաւ, որ յաջորդ օրն իսկ ինք շրջանի նահանգապետը, գաւառապետն ու քաղաքապետը պէտք եղած քայլերուն դիմած են` ընդառաջելու համար նախարար Հասանի առաջարկին:
Ապա Հասան այցելեց «Սայիտաթ Զղարթա» հիւանդանոց, ուր ան ստուգեց որդեգրուած աշխատանքի հոլովոյթը:
Նախարար Հասան այցելեց նաեւ Պնաշյի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրենժիէին` հիւսիսային Լիբանանի մէջ անոր նախաձեռնութեան համար եւ աւելցուց, որ օրին տակաւին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան կարելիութիւն չկար: «Այսպիսին է սակայն Ֆրենժիէի ազգային ոգին, որ ծանօթ է բոլորին», ըսաւ ան: Նախարար Հասան շեշտեց, որ Ֆրենժիէի հետ գործակցութիւնը առաջին օրէն առկայ եղած է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ` նկատի ունենալով, որ գործակցութիւն կայ լիբանանեան բոլոր շրջաններու պատասխանատուներուն հետ, ապահովելու համար լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:
Իր կարգին, Ֆրենժիէ ողջունեց Համատ Հասանը եւ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց անոր` ընդգծելով, որ ինք նեցուկ է նաեւ քաղաքացիներուն` յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ընթացքին: «Պէտք է զգուշանալ այս համաճարակէն, որովհետեւ ոեւէ մէկը կրնայ այդ ժահրով վարակուիլ: Մենք աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներու ամէնէն քիչ թիւը ունեցող երկիրներէն ենք, եւ ատիկա կը պարտինք առողջապահութեան նախարարին: Սակայն պէտք է ենթարկուիլ լիբանանեան պետութեան որոշումներուն», ըսաւ ան: Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց բոլորին իրարու օգնութեան հասնելու` շեշտելով, որ երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական զգայուն փուլ մը, որուն ընթացքին եթէ չկրցանք իրարու օգնել, ապա շատ աւելի դժուար վիճակի մէջ պիտի յայտնուինք», ըսաւ ան: Ֆրենժիէ ողջունեց նախարար Հասանի շրջան այցելութիւնը եւ կոչ ուղղեց հարուստներուն` օժանդակելու կարիքաւորներուն:
Նախարար Հասան այցելեց Թրիփոլիի կառավարական հիւանդանոց, ուր ան ընդունուեցաւ Արժանապատուութիւն հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի հետ: Այցելութենէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Քարամէ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հասանի, որ իր ջանքերով վստահութիւնը վերադարձուցած է լիբանանեան պետութեան եւ կառավարութեան` «Քորոնա» ժահրին դէմ Լիբանանի մղած պայքարով: Քարամէ յայտնեց, որ ինք պահանջած է Թրիփոլիի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ յստակ ծրագիր մը մշակել` աւելցնելով, որ ատիկա արդէն իսկ պատրաստ է: Ան ըսաւ, որ ինք պիտի տրամադրէ 100 անկողին ունեցող շէնք մը` զայն վերածելու համար առողջական մեկուսարաններու: «Այդ շէնքը առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ է», ըսաւ Քարամէ:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան այցելեց Պաթրունի կառավարական հիւանդանոց, ուր ան դիմաւորուեցաւ երեսփոխան Ֆատի Սաատի կողմէ:
Պաթրունի հիւանդանոցին մէջ նախարար Հասան հաստատեց, որ միայն ինք չէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարողը` այլեւ ամբողջ նախարարութիւնը, բժշկական անձնակազմերը, կառավարութիւնը եւ լիբանանցիները, որոնք կը հետեւին պետութեան ցուցմունքներուն եւ յանձնառու կը մնան ընդհանուր զօրաշարժին: Ան հաւանական նկատեց, որ կառավարութեան որոշումով ընդհանուր զօրաշարժի տեւողութիւնը երկարաձգուի մինչեւ ապրիլի աւարտ:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի դիտել տուաւ, որ բոլոր արտերկրի լիբանանցիները կը գտնուին Լիբանան վերադարձնողներուն վերաբերող նախարարութեան անուանացանկին վրայ, սակայն թռիչքէն երեք օր առաջ լիբանանեան դեսպանատունը անոնց հետ կապ կը հաստատէ` տեղւոյն համայնքին հետ գործակցաբար: Հըթթի հաստատեց, որ աշխարհի վրայ չկայ երկիր մը, որ զանց առնուած է` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը բոլոր երկիրները պիտի հասնի` կարենալ իր քաղաքացիներուն տունդարձը ապահովելու:
Նշենք, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ գտնուող լիբանանցի ուսանողները կոչ ուղղեցին լիբանանեան պետութեան` զիրենք վերադարձնելու իրենց երկիրները:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու ճակատին վրայ` հաստատելով, որ մինչեւ այդ ժահրին յատուկ բուժումի հնարքը, անոր դէմ պայքարելու միակ միջոցը բնակարանային մեկուսացումն է եւ ընկերային հեռաւորութիւնը:




