Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա»-Ի Համաճարակը Դիմակայելու Իմաստով Լիբանան Լաւ Ընթացքի Մէջ Կը Գտնուի, Իսկ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Տունդարձը Պիտի Վերսկսի 27 Ապրիլին

April 15, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Կը Հասնի 641-ի, Մահուան Պարագաները` 21-ի,
Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 81-ի

«Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու հիմնական միջոցին` ընդհանուր զօրաշարժին յանձնառու մնալու առումով լիբանանցիները երէկ արձանագրեցին որոշ խախտումներ, որոնց լոյսին տակ ապահովական ուժերը կարգ մը շրջաններու մէջ պարտադրեցին քաղաքացիներուն` հետեւիլ ճշդուած օրէնքներուն եւ յարգել բնակարանային մեկուսացման պայմանները:

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ վարչապետ Տիապ յայտնած է, թէ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձին Ա. փուլէն ետք կառավարութիւնը կը գտնուի այդ աշխատանքը շարունակելու կամ կասեցնելու հրամայականին դիմաց: «Ան դրուատեց արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու համար տարուած աշխատանքը եւ ողջունեց առողջապահութեան, արտաքին գործոց, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնները` աւելցնելով, որ արտերկրի լիբանանցիներուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն համեմատութիւնը ընդունելի կը նկատուի», ըսաւ Ապտել Սամատ:

Տեղեկատուութեան նախարարը նկատել տուաւ նաեւ, որ վարչապետը հաստատած է, որ «Քորոնա» համաճարակը դիմակայելու պայքարին մէջ Լիբանան լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, հակառակ Պշարրէի եւ Աքքարի մէջ վարակուածներու պարագաներուն համեմատական բազմացումին:

Ապտել Սամատ շեշտեց, որ վարչապետ Տիապ անդրադարձած է լիբանանցիներուն տրամադրուելիք գումարներուն` ընդգծելով, որ այդ օժանդակութիւնները պիտի կատարուին որոշ սխալները ուղղելէ ետք: «Վարչապետը կոչ ուղղեց դիւրացնելու գումարները դէպի օտար երկիրներ փոխանցելու գործառնութիւնները` վերջ տալով ուսանողներն ու անոնց ծնողները չարչարելու «ֆիլմաշար»-ին: Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ այս իմաստով ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի կ’աշխատի մշակել ծրագիր մը, որուն հիման վրայ անձնական հիւանդանոցները իրենց նիւթական իրաւունքներէն մաս մը պիտի կարենան ստանալ», շեշտեց Ապտել Սամատ:

Պէտք է աւելցնել, որ վարչապետ Տիապ այցելեց նաեւ կառավարութեան նիստին զուգահեռ «Քորոնա» ժահրի ազգային խորհուրդին գումարած նիստին, որուն ընթացքին ան բարձր գնահատեց խորհուրդին աշխատանքն ու ճիգերը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց խորհուրդը անոր արձանագրուած արդիւնքներուն համար:

«Քորոնա»-ի համաճարակը դիմակայելու համար ստեղծուած լիբանանեան ազգային այս խորհուրդը բացառիկ եւ իւրայատուկ աշխատանք կը տանի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք է յաւելեալ խստութիւն պարտադրել` յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին գործադրուելիք ընդհանուր զօրաշարժի որոշումին առումով:

«Պէտք է կատարեալ խստութեամբ գործադրել պետութեան որոշումները, որպէսզի Լիբանանը փրկուի մարդկութիւնը հարուածող այս համաճարակէն», ըսաւ ան:

Նշենք, որ վարչապետ Տիապ երեկոյեան նախագահեց արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը կազմակերպող նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեանց թիւը հասցնել օրական 1500-ի, ինչպէս նաեւ որոշեց արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը շարունակել երկու շաբաթ ետք, 27 ապրիլէն սկսեալ:

Արտերկրի լիբանանցիները հայրենիք փոխադրելու ցուցակը պիտի պատրաստեն արտաքին գործոց եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնները:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի շնորհակալական խօսք ուղղեց օտար երկիրներու մէջ գտնուող Լիբանանի դեսպաններուն եւ հիւպատոսներուն, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական եւ վարչական անձնակազմերուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին` յաջողցնելու համար արտերկրի լիբանանցիներուն Պէյրութի փոխադրութիւնը:

Հըթթի հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի Ա. փուլը պաշտօնապէս աւարտած է:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 641-ի, վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 9 նոր վարակուածներ: Ըստ նախարարութեան, նոր վարակուածները Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու 7 պարագաներ են` աւելցնելով, որ Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներուն մէջ եղած են երկու վարակուածներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մը մահացած է` մահացողներուն թիւը բարձրացնելով 21-ի, իսկ բուժուածներուն թիւը հասած է 81-ի: Միւս կողմէ, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին տեղեկութիւններուն համաձայն, կան 3 պարագաներ, որոնք առողջական խոցելի վիճակի մէջ են:

Պաթրունի քաղաքապետ Մարսելինօ Հըրըք յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնը կատարող «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի փոխադրակառքը այսօր` չորեքշաբթի, 15 ապրիլ 2020-ին, Պաթրունի կառավարական հիւանդանոցին եւ Թաննուրինի կառավարական հիւանդանոցին մէջ անվճար «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն պիտի կատարեն:

Քաղաքապետը կոչ ուղղեց Պաթրունի բնակիչներուն` այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին ուղղուելու Պաթրունի կառավարական հիւանդանոց եւ կատարելու բժշկական քննութիւնները:

Ներքին գործոց նախարար Մահմուտ Ֆահմի յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ օրէնքներուն գործադրութեան` սկսելով իր անձէն եւ իր ընտանիքի անդամներէն: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան որոշումով, մինչեւ 26 ապրիլ ընդհանուր զօրաշարժը պիտի գործադրուի` յարգելով բացառութիւնները, եւ աւելցուց, որ զոյգ եւ անզոյգ թիւեր կրող ինքնաշարժները երթեւեկի իրաւունք պիտի ունենան միայն իրենց համար ճշդուած օրերուն, մինչեւ 26 ապրիլ:

Ֆահմի վերահաստատեց, որ հանրային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող ինքնաշարժները երթեւեկի իրաւունք ունին միայն կիրակի օրերուն ընթացքին:

Ան ընդգծեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է` աւելցնելով սակայն, որ տնտեսական տագնապը պէտք է կարելի եղածին չափ արագ լուծել:

 

Այս շրջագիծին մէջ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կարգ մը քաղաքացիներ Հըրշ Պէյրութ կ’այցելեն մարզանք կատարելու պատճառաբանութեամբ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ շրջանը խճողելու:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն ոչ մէկ պատճառաբանութիւն փնտռելու` կառչած մնալով «Քորոնա» ժահրին դէմ ընդհանուր զօրաշարժին` աւելցնելով, որ որեւէ խախտումի պարագային ապահովութեան ուժերը պիտի տուգանեն քաղաքացիները:

Սայտայի ծովափը իր կարգին երէկ լեցուն էր քալելու նպատակով դուրս ելած քաղաքացիներով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ապահովութեան ուժերը ջրցան մեքենաներով ներկայանան շրջան եւ ցրուեն զանոնք` շեշտելով ընդհանուր զօրաշարժի օղակին մէջ մնալու կարեւորութիւնը:

 

Նշենք նաեւ, որ ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէ երէկ յայտարարեց քաղաքապետարաններու միացեալ հարթակին մեկնարկը` նպատակ ունենալով համադրել նիւթական օժանդակութիւնները բաշխելու աշխատանքը:

«Մեր նպատակն է հասնիլ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով կարիքաւորներու, որոնք իսկապէս կարիքը ունին այս օժանդակութեան», ըսաւ Մշարրաֆիէ:

Ան հաստատեց, որ ոեւէ քաղաքացի կրնայ դիմել` օժանդակութիւն ստանալու, սակայն ընկերային հարցերու եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն միացեալ աշխատանքով է, որ կարելի պիտի ըլլայ անաչառ կերպով բաժնել այս օժանդակութիւնը, որ պետութեան կողմէ կատարուելիք ազգային պարտականութիւն է:

Մշարրաֆիէ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակին միջոցով բաժնուելիք այս օժանդակութիւնները քանի մը օրէն արդէն իսկ իրագործուած կ’ըլլան` աւելցնելով, որ մետասաներորդ պահուն ի յայտ եկած են որոշ սխալներ, որոնք կարելի եղած արագութեամբ պիտի սրբագրուին:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին Եւ Կոչ Ուղղեց Գուժելու «Հերքաթ»-ը

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրով Վարակման 28 Նոր Պարագաներ` Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.