Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 582-ի, Երեք Օրէ Ի Վեր Մահուան Պարագաներ Չեն Արձանագրուած, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 67-ի

Ապրիլ 10, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Կառավարութիւնը Յայտարարուած Ընդհանուր Զօրաշարժը, Երեկոյեան 7:00-էն Մինչեւ Առաւօտեան Ժամը 5:00 Կրակմարի Դրութիւնն Ու Երթեւեկի Նոր Օրէնքը Կ՛երկարաձգէ Մինչեւ 26 Ապրիլ

«Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ լիբանանեան պետութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երկրին մէջ շուրջ ամիսէ մը ի վեր յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժը, երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութիւնն ու երթեւեկի նոր օրէնքը, որուն հիման վրայ ինքնաշարժները երթեւեկի իրաւունք պիտի ունենան իրենց թիւին` զոյգ կամ անզոյգ, համապատասխանող օրերուն, պիտի շարունակուին գործադրուիլ մինչեւ 26 ապրիլ` բացառութիւնները յարգելով:

Այս շրջագիծին մէջ, լիբանանեան պետութիւնը կոչ ուղղեց բոլորին յանձնառու մնալու բնակարանային մեկուսացման, անհատական նախազգուշութիւններ առնելու, ինչպէս նաեւ ընկերային հեռաւորութիւնը յարգելու:

Հետաքրքրական էր եւ նշանակալից, որ «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Պէյրութի մէջ բնակող ամերիկացի քաղաքացիներ կը նախընտրեն Լիբանան մնալ` մերժելով Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու առաջարկը:

«Պէյրութի մէջ աւելի ապահով ենք», հաստատած են ամերիկացի քաղաքացիները:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 582-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 7 նոր վարակուածներ: Ըստ նախարարութեան, 7-էն 6-ը Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու պարագաներ են, իսկ մնացեալ 1-ը` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներու պարագայ, որ բացայայտուած է Պոլիսէն հասած օդանաւուն մէջ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ երէկ մահուան պարագայ չէ արձանագրուած, այսինքն` ցարդ մահացողներուն թիւը կը մնայ 19, իսկ բուժուածներուն թիւը հասած է 67-ի:

Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, արտերկրի լիբանանցիները հայրենիք փոխադրող օդանաւը Քաթարէն հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան: Աւելի ուշ Լիբանան հասան Լոնտոնէն, Ֆրանքֆորթէն եւ Կանայէն արտերկի լիբանանցիներ փոխադրող «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան օդանաւերը:

Պէյրութ հասած բոլոր լիբանանցի քաղաքացիները ենթարկուեցան «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ փոխադրուեցան ճշդուած համապատասխան պանդոկները:

Առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական անձնակազմերը օդանաւին մէջ, օդակայանին մէջ եւ պանդոկներուն մէջ կատարեալ բծախնդրութեամբ կատարեցին իրենց աշխատանքները` ստուգելով քաղաքացիներուն ջերմութիւնը, անհատական նախազգուշութիւններն ու պէտք եղած ցուցմունքները տալով անոնց:

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի յայտնեց, որ նախարարութիւն դիմած են 22 հազար արտերկրի լիբանանցիներ, որոնք բոլորը պիտի վերադառնան Լիբանան:

Հըթթի հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանան պիտի վերադառնան նաեւ Քանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը բոլոր երկիրները պիտի հասնի` կարենալ իր քաղաքացիներուն տունդարձը ապահովելու:

«Միտըլ Իսթ»-ը պիտի ուղղուի նաեւ Ուքրանիա, ուրկէ Պէյրութ պիտի փոխադրէ լիբանանցի ուսանողները, որոնք իրենց օդանաւային տոմսին կէս սակը պիտի վճարեն», ըսաւ Հըթթի:

Նշենք, որ վաղը` շաբաթ, 11 ապրիլին Տուպայէն, Քուէյթէն, Հռոմէն եւ Անկոլայէն արտերկրի լիբանանցիներ պիտի հասնին Պէյրութ: Իսկ երկուշաբթի օր արտերկրի լիբանանցիները իրենց հայրենիքը պիտի վերադառնան Լոնտոնէն, Փարիզէն, Ժետտայէն եւ Կապոնէն:

Կառավարութիւնը Կ՛որոշէ Ընդհանուր Զօրաշարժը Երկու Շաբաթով Երկարաձգել

Նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի,  երէկ Պաապտայի մէջ գումարուեցան երկու նիստեր, որոնցմէ առաջինը Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստն էր, իսկ երկրորդը` կառավարութեան նիստը:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին նիստէն առաջ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու տիրող իրավիճակը:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը իր նիստին ընթացքին քննարկեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին միջոցառումները եւ որդեգրուած քայլերը, որոնց լոյսին տակ յարմար նկատեց, որ ընդհանուր զօրաշարժի որոշումը երկարաձգուի երկու շաբաթով, իսկ որդեգրուած միջոցառումները աւելի խիստ կերպով գործադրուին` մինչեւ 26 ապրիլ:

Խորհուրդը իր այս տեսակէտը փոխանցեց կառավարութեան:

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» համաճարակին դիմադրելու քայլերուն` ընդգծելով, որ որեւէ որոշում տալու պարագային պէտք է նկատի ունենալ թիւերն ու համեմատութիւնները:

Ապա վարչապետ Տիապ ներկայացուց կառավարութեան կողմէ որդեգրուած միջոցառումներն ու քայլերը` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը պիտի դիմէ նաեւ յաւելեալ քայլերու` նկատի ունենալով Լիբանան վերադարձող արտերկրի քաղաքացիները:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան իր կարգին ներկայացուց առողջապահական եւ բժշկական իրավիճակը` հաստատելով լիբանանցիներուն կողմէ բնակարանային մեկուսացման յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը:

Հասան ընդգծեց, որ նոյն խստութեամբ պէտք է գործադրուին կառավարութեան որոշումները` առանց զանոնք մեղմացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշռել «Քորոնա» ժահրին տարածումը:

Հասան անդրադարձաւ նաեւ Պէյրութ վերադարձող արտերկրի լիբանանցիներուն իրավիճակին:

Ապա նախագահ Աուն, ներկայութեամբ վարչապետ Տիապի, նախագահական պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ ընդհանուր զօրաշարժը կիրակի, 12 ապրիլ 2020-ի կէս գիշերէն մինչեւ կիրակի, 26 ապրիլ 2020-ի կէս գիշեր երկարաձգել:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց նախազգուշական միջոցառումներուն եւ այդ ժահրի կանխարգիլման դէմ պայքարը շարունակելուն անհրաժեշտութիւնը:

Նիստէն ետք վարչապետ Տիապ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ վերադարձնելու վերջին թռիչքները պիտի կատարուին երկուշաբթի, 13 ապրիլին` աւելցնելով, որ անկէ ետք պիտի գնահատուի լիբանանցի քաղաքացիներու տունդարձի Ա. փուլը, որուն լոյսին տակ պիտի որոշուի Բ. փուլը:

Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ կատարեալ խստութեամբ պարտադրել ընդհանուր զօրաշարժը, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ պահել «Քորոնա» ժահրի տարածումը:

Տիապ նշեց, որ ելեւմուտքի նախարարէն պահանջած են 1,800 միլիառ լ. ոսկի տրամադրել «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու` նշելով, որ ամէնէն աւելի աղքատ ընտանիքներուն նիւթական նպաստ բաժնելու աշխատանքը պիտի կատարուի լիբանանեան բանակին կողմէ: Ան աւելցուց, որ նիւթական այդ նպաստներէն ետք անոնց պիտի տրամադրուի սննդամթերքի օժանդակութիւն` քաղաքապետարաններուն հետ գործակցաբար:

Տիապ անհրաժեշտ նկատեց, որ առեւտրականներուն վրայ ճնշում բանեցուի` սղաճը հակակշիռի տակ պահելու նպատակով:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին նշանակուեցան Ա. կարգի երեք պաշտօնեաներ: Անոնք են. Ժաքլին Եաագուպ Պութրոս` Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի պաշտօնէութեան ընդհանուր տնօրէն, Ահմետ Զաֆեր Արեֆ Հաժժար` Կեդրոնական քննչական խորհուրդի ճարտարապետական հարցերու ընդհանուր հսկիչ եւ Մխայէլ Ժըրժըս Ֆայեատ` Կեդրոնական քննչական խորհուրդի վարչական հարցերու ընդհանուր հսկիչ:

Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ կառավարութեան զեկուցեց երկրին ելեւմտական եւ նիւթական կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան որդեգրած ելեւմտական կարգ մը դասաւորումներուն մասին:

 

Նախորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Իր Ունեցուածքին Մասին Տեղեակ Պահեց Սահմանադրական Խորհուրդը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց  Սամեր Քապպարան
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Սամեր Քապպարան

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?