Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց 450 Միլիառ Լ. Ոսկի Յատկացնել Անձնական Հիւանդանոցներուն Եւ Բժշկական Անձնակազմերուն

Վարչապետարան. «Վարչապետ Տիապ Կը Յարգէ Յոյն Ուղղափառ Համայնքը Եւ Լիբանանը Կազմող Բոլոր Շերտերը»

Վարչապետարանի տեղեկատուական գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ հրապարակուած այն յայտարարութիւններուն, թէ վարչապետ Հասսան Տիապ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ յոյն ուղղափառ համայնքի ներկայութեան եւ այլ հարցերու շուրջ արտայայտութիւններ ունեցած է: Հաղորդագրութեան մէջ հերքուեցան Տիապին վերագրուող արտայայտութիւնները` ընդգծելով, որ վարչապետ Տիապ կը յարգէ յոյն ուղղափառ համայնքը եւ Լիբանանը կազմող բոլոր շերտերը: «Այս շրջագիծէն դուրս կատարուող...

Մուսթաքպալ Հոսանքը Կը Զգուշացնէ

Մուսթաքպալ Հոսանքը Կը Հաստատէ, Որ Ո՛չ Մէկ Շարժումի Հրաւիրած Է

Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ շաբաթավերջին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն Մուսթաքպալ հոսանքին անունով շրջանառութեան մէջ դրուած են կոչեր` Թարիք Ժտիտէի մարզական դաշտին մէջ հաւաքուելու, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը ուղղուելու` վերանորոգելու համար անոր հանդէպ հոսանքի համակիրներուն հաւատարմութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքը նման շարժումի չէ ձեռնարկած, իսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի...

Քարամէ. «Թրիփոլի Կառավարութենէն Արդարութիւն Կ՛ակնկալէ` Հաւասարակշռուած Բարեկարգումի Իմաստով»

Քարամէ. «Թրիփոլի Կառավարութենէն Արդարութիւն Կ՛ակնկալէ` Հաւասարակշռուած Բարեկարգումի Իմաստով»

Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ երէկ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ սարքեց իֆթար մը, որուն ներկայ գտնուեցան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Թալալ Հաուաթ, ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլա, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար եւ աշխատանքի նախարար Լամա Եամմին: Այս առիթով քննարկուեցան հիւսիսային Լիբանանի մէջ Հուպալլայի, ընկերակցութեամբ` նախարարներ Նաժժարի, Հաուաթի եւ Եամմինի կատարած այցելութեան արդիւնքները, եւ շրջանին մէջ ճարտարարուեստի ու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան շրջուն ջոկատներէն մէկը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալած է Ա. Շ.-ն եւ անոր եղբայրը` Պ. Շ.-ն, Քըպպէի մէջ գտնուող ելեւմտահարկի կեդրոնը քոքթէյլ մոլոթովներով...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 796-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 796-ի

Կրթական Հաստատութիւնները Աստիճանաբար Եւ Որոշ Սահմանափակումներով Պիտի Բանան Իրենց Դռները Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 12 անձեր, որոնցմէ 6-ը արտերկրի լիբանանցիներ են: Զեկոյցը նշեց, որ վարակուածներուն 9 առ հարիւրին առողջական վիճակը ծանր է, իսկ 65 առ հարիւրինը` թեթեւ կամ միջակ, մինչ 26 առ հարիւրը ոչ մէկ ախտանշան ունի: Միւս կողմէ,...

Վարչապետ Տիապ Զօր. Տել Քոլի Հետ Անդրադարձաւ Իսրայէլեան Սահմանային Խախտումներուն

Վարչապետ Տիապ Զօր. Տել Քոլի Հետ Անդրադարձաւ Իսրայէլեան Սահմանային Խախտումներուն

Վարչապետ Հասան Տիապ 8 մայիսին ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, փոխհրամանատար եւ քաղաքական եւ քաղաքացիական հարցերու նախագահ Ժաք Քրիսթոֆիտսը, զինուորական աշխատակից տեղակալ Անտրէա Ֆրաչիլին, օգնական տեղակալ Փեթրօ Միզապիրանը, յատուկ օգնական Նիչիչա Փանտիը եւ Ապաս Աուալան: Մասնակցեցան նաեւ վարչապետի խորհրդականներ Հասիպ Ապտոն եւ դեսպան Ժըպրան Սոֆանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու ժամկէտի երկարաձգման եւ...

Երեսփոխան Ֆատլալլահ` Փտածութեան Դէմ Պայքարին Վերաբերող Թղթածրարներ Ներկայացուց

Երեսփոխան Ֆատլալլահ` Փտածութեան Դէմ Պայքարին Վերաբերող Թղթածրարներ Ներկայացուց

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլահ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը աւելի դժուար է, քան Իսրայէլի դէմ պատերազմը, սակայն անաչառ դատախազներու շնորհիւ կարելի եղաւ օրէնքի միջոցով սկսիլ պայքարի` փտածութեան դէմ: Ան նշեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը կը մղուի պաշտպանելու համար ժողովուրդը` աւելցնելով, որ սկիզբէն ի վեր նկատուեցան մեծ բարեփոխումներ, իսկ փտածութեան թղթածրարները կը...

Ֆրենժիէ Ընդունեց Ճարտարարուեստի, Հաղորդակցութեանց, Հանրօգուտ Շինութեանց Եւ Աշխատանքի Նախարարները

Ֆրենժիէ Ընդունեց Ճարտարարուեստի, Հաղորդակցութեանց, Հանրօգուտ Շինութեանց Եւ Աշխատանքի Նախարարները

Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պընաշաայի իր տան մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլահ, որ արդիւնաբերական շրջագայութիւն կը կատարէր հիւսիսի մէջ: Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարար Թալալ Հաուաթի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար եւ աշխատանքի նախարար Լամիա Եամինի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը եւ լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին աջակցելու ձեւերը: Հանդիպումէն...

Կեդրոնական Դրամատունը Ենթադրաբար Պիտի Ճշդէ Վաճառականներուն Տրամադրուելիք Տոլարին Քանակը

Կեդրոնական Դրամատունը Ենթադրաբար Պիտի Ճշդէ Վաճառականներուն Տրամադրուելիք Տոլարին Քանակը

Հանրախանութներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Նապիլ Ֆահըտ նշեց, որ Կեդրոնական դրամատունը ենթադրաբար պիտի որոշէ տոլարին քանակը, զոր կ՛ուզէ տրամադրել ապրանքներու ներմուծման համար, սակայն տակաւին ձեւը յստակ չէ: Ան բացատրեց, որ Կեդրոնական դրամատունը վաճառականին պիտի ապահովէ ամերիկեան տոլար, որպէսզի ան կարենայ զայն օգտագործել իր գործարքներուն ընթացքին: Ֆահըտ նշեց, որ ապրանքներու գիներուն միջեւ մեծ տարբերութեան պատճառը այն է, որ կարգ մը խանութներ ապրանքները...

Երեսփոխան Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Բոլորին  Նորակազմ Կառավարութեան Տալու  3-4 Ամսուան Աշխատանքի Առիթ Մը

«Ոճիրին Մասին Անձայն Մնացողը Լուռ Մեղսակից Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Նահատակաց տօնին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մայիս 6-ի նահատակները ամբողջ Լիբանանի նահատակներն են: Բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն խեղաթիւրել Մայիս 6-ի նահատակներուն յիշատակը, կ’ըսենք. «Մայիս 6-ի նահատակները ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան նահատակներն են: Անոնք այն նահատակներն են, որոնք մերժեցին օսմանեան ու թրքական բռնագրաւումն ու բռնարարքները: Անոնք դիմադրողներ են...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հրամանագիրով.  Լիբանանի Մէջ Մինչեւ Մարտ Ամսուան Աւարտը Բոլոր Տեսակի Մարզական Իրադարձութիւնները Կը Դադարին

«Անոնք Ինկան, Որպէսզի Գոյատեւէ Հայրենիքը Եւ Դառնայ Իրերայաջորդ Սերունդներու Ապագան» Շեշտեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

Նահատակաց տօնին առիթով, երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մայիս 6-ի յիշատակին առիթով կը յիշենք մեր նահատակները, որոնք ինկան օսմանցի թուրքին ձեռքով եւ զոհաբերուեցան հայրենիքի բագինին, որպէսզի հայրենիքը գոյատեւէ, մենք գոյատեւենք եւ հայրենիքը ըլլայ լիբանանցի իրերայաջորդ սերունդներուն ապագան: Համախմբուի՛նք, միասնական դառնա՛նք ու մոռնա՛նք մեր տարակարծութիւնները` մեծարելու համար նահատակներուն զոհողութիւնն ու թափած արիւնը, որպէսզի կարենանք փրկել հայրենիքը...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Յարգեց Մայիս 6-ի Նահատակներուն Յիշատակը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Յարգեց Մայիս 6-ի Նահատակներուն Յիշատակը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախանցեալ օր Նահատակաց հրապարակին վրայ յարգեց Մայիս 6-ի նահատակներուն յիշատակը: Նահատակաց օրուան առիթով, Նահատակաց յուշարձանին ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Արշօ Պալեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի եւ սկաուտներու խորհրդանշական ներկայութեան մը: Այս առիթով...

Պաապտայի Մէջ.   Նախագահ Աուն Երեսփոխանական Պլոքներու Նախագահներուն Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը. Ընդգծուեցաւ Քաղաքացիներուն Մտահոգութիւնը Մեղմացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Պաապտայի Մէջ. Նախագահ Աուն Երեսփոխանական Պլոքներու Նախագահներուն Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը. Ընդգծուեցաւ Քաղաքացիներուն Մտահոգութիւնը Մեղմացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով, 6 մայիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի նախագահական պալատի 22 նոյեմբերի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը, որուն նպատակն էր երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն հետ քննարկել կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը: Հանդիպումին, նախագահ Աունի կողքին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Հասսան Տիապ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքի...

Կառավարութիւնը Քննարկեց Սղաճին Դէմ Պայքարելու Շարք Մը Միջոցառումներ

Կառավարութիւնը Քննարկեց Սղաճին Դէմ Պայքարելու Շարք Մը Միջոցառումներ

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ժողովուրդի ապրուստին եւ սղաճին  հարցերը: Նիստէն ետք վարչապետարանի մամլոյ գրասենեակը հաստատեց, որ  նիստին վարչապետ Տիապ ընդգծած է, թէ մարտահրաւէրը մեծ է ու վտանգաւոր: «Սղաճի տարողութիւնը, յատկապէս սննդամթերքի սղաճը դարձած է անտանելի», ըսած է ան` զարմանք յայտնելով յատկապէս լիբանանեան արտադրութիւններուն եւ բանջարեղէնին արձանագրած սղաճին նկատմամբ: Վարչապետ...

Համատ Հասան Կը Հաստատէ, Թէ Լիբանանի Մէջ Բնակող Քաղաքացիներուն Շարքին «Քորոնա» Ժահրով Նոր Վարակուածներ Գրեթէ Չկան

Համատ Հասան Կը Հաստատէ, Թէ Լիբանանի Մէջ Բնակող Քաղաքացիներուն Շարքին «Քորոնա» Ժահրով Նոր Վարակուածներ Գրեթէ Չկան

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 784-ի, Մահացողները` 25-ի, Իսկ Բուժուողները` 220-ի Լիբանանեան իշխանութիւնները կը շարունակեն «Քորոնա» ժահրին դէմ իրենց պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ կը պարտադրեն քաղաքացիներուն կողմէ նախազգուշութիւններ որդեգրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ խստօրէն կը հսկեն ինքնաշարժի թիւերուն պարագային` ճշդուած օրերուն ընթացքին շրջագայութեան, ծովափը քալելու ժամերը յարգելու, համախմբումները ցրուելու, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 9:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Մայիս 6-ի` Լիբանանի Նահատակաց օրուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 7 մայիս 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 8 մայիս 2020-ին:    

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Յատուկ Հանդիպումի` Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը Երեսփոխանական Պլոքներու Նախագահներուն Հետ Քննարկելու

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Յատուկ Հանդիպումի` Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը Երեսփոխանական Պլոքներու Նախագահներուն Հետ Քննարկելու

Կառավարութիւնը Ընդհանուր Զօրաշարժը Երկարաձգեց Մինչեւ 24 Մայիս Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով այսօր նախագահական պալատը պիտի հիւրընկալէ յատուկ նիստ մը, որուն հրաւիրուած են երեսփոխանական պլոքներու նախագահները: Պիտի քննարկուի կառավարութեան վաւերացուցած ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրը: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին խորհուրդը յարմար նկատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու իբրեւ հիմնական միջոց...

Լիբանանի Մէջ Ընդհանուր Զօրաշարժը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 24 Մայիս

Լիբանանի Մէջ Ընդհանուր Զօրաշարժը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 24 Մայիս

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 741-ի, Մահուան Պարագաները Կը Մնան 25, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասաւ 206-ի «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ ցարդ իր մղած յաջող պայքարի շրջագիծին մէջ, Լիբանան երէկ երկարաձգեց ընդհանուր զօրաշարժը` երկու շաբաթով, այսինքն` մինչեւ 24 մայիս: Այս որոշումին կողքին ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն «Էնտ քորոնավայրըս տաթ օրկ» անունը կրող էջը երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ...

Պըրրի Պասիլի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Պասիլի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պասիլ մեկնեցաւ` մերժելով մեկնաբանութիւններ կատարել: Տեղեկատուական աղբիւրներ հանդիպումին մասին յայտնեցին, թէ անիկա եղած է շատ դրական:

Հըթթի Իր Մօտ Կանչեց Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը

Հըթթի Իր Մօտ Կանչեց Լիբանանի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ իր մօտ կանչեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Պիրկլինը, որուն հետ քննարկեց Հըզպալլայի մասին Գերմանիոյ խորհրդարանին տուած որոշումը: Պիրկլին հաստատեց, որ որոշ ատենէ մը ի վեր տրուած որոշումն էր, որ ուժի մէջ մտած է` աւելցնելով, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին որոշումը Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն չ՛որակեր, այլ` գերմանական հողերուն վրայ անոր աշխատանքը կ՛արգիլէ:...

Page 495 of 988 1 … 494 495 496 … 988

Արխիւներ