Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Ֆատլալլահ` Փտածութեան Դէմ Պայքարին Վերաբերող Թղթածրարներ Ներկայացուց

May 9, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլահ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը աւելի դժուար է, քան Իսրայէլի դէմ պատերազմը, սակայն անաչառ դատախազներու շնորհիւ կարելի եղաւ օրէնքի միջոցով սկսիլ պայքարի` փտածութեան դէմ: Ան նշեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը կը մղուի պաշտպանելու համար ժողովուրդը` աւելցնելով, որ սկիզբէն ի վեր նկատուեցան մեծ բարեփոխումներ, իսկ փտածութեան թղթածրարները կը շարունակուին հետապնդուիլ:

Ֆատլալլահ ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը ամբողջական է, որ կը կարօտի օրէնքի, դատական համակարգի, ժողովուրդին, քաղաքական հաւատարիմ կուսակցութեան եւ լրատուամիջոցներուն: Ան աւելցուց, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը համագործակցած է այլ պլոքներու եւ նախարարներու հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ փտածութեան պայքարին դէմ օրէնքներ վաւերացնել: Ըստ երեսփոխանին, պլոքին դիմագրաւած խոչընդոտներէն մէկը որոշ անձնաւորութիւններու անձեռնմխելիութիւնն էր: Ան նաեւ նշեց, որ վերջին երկու տարիներու հարցերէն մէկն ալ նաեւ այդ էր, որ որոշ դատախազներ կը ձգձգէին թղթածրարներու քննարկումները եւ գաղտնաբար կը գործակցէին փտածներուն հետ:

Ֆատլալլահ կոչ ուղղեց Գերագոյն դատական խորհուրդին` իր կատարած երդումը կիրարկելու եւ որոշում տալու դատական համակարգին յանձնուած փտածութեան բոլոր թղթածրարներուն վերաբերեալ` հեռու որեւէ քաղաքականացումէն կամ ճնշումներէն: Ան պլոքին անունով կոչ ուղղեց դատական համակարգին` իսկական ապստամբութիւն կատարելու դատական համակարգին մէջ գտնուող փտած մարդոց դէմ` ընդգծելով, որ պլոքը անոնց կողքին է ապահովելու անոր բարելաւումը եւ անկախութիւնը, որուն համար աշխատանք կը կատարուի խորհրդարանին մէջ:

Երեսփոխանը ընդգծեց, որ եթէ վերջին նիստին ընթացքին վաւերացուած ըլլար անձեռնմխելիութենէ զրկելու օրէնքը, ապա այսօր կարգ մը նախկին նախարարներ հետաքննութեան դատախազներուն դիմաց կանգնած կ՛ըլլային:

Ան յայտնեց, որ Հաւատարմութեան դիմադրութիւն պլոքը քուէարկեց միայն 2018-ի եւ 2019-ի պետական պիւտճէներուն ի նպաստ, որովհետեւ անոնք կ՛ընդգրկէին բարեփոխումներու մաս մը: Ան նշեց, որ գողցուած դրամներէն կարեւոր մաս մը կատարուեցաւ ապօրինի կերպով պիւտճէէն եղած ծախսերու ձեւով, հետեւաբար, ան անհրաժեշտ նկատեց վերակազմել հաշիւները եւ հրապարակել վերջնական հաշիւները: Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց` ստուգելու սնտուկներու խորհուրդներու ծախսերը: Ան աւելցուց, որ պլոքը ներկայացուցած է մսխումի մեծ թղթածրար` կապուած Կեդրոնական դրամատան հետ, որ կը կատարէ ելեւմտական ճարտարագիտութիւններ առանց խորհրդակցելու շահագրգիռ կողմերուն հետ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը դատախազներուն կոչ ուղղեց` կատարելու իր ամբողջական դերը ելեկտրականութեան թղթածրարին վերաբերեալ: Ան նկատել տուաւ, որ հաղորդակցութեանց միջոցներու մարզին մէջ փտածութեան պատասխանատուներն են նախարարութիւնը, բջիջային հեռաձայնի երկու ընկերութիւնները, համացանցի սեփական ընկերութիւնները: Ըստ անոր, բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն պետութեան կողմէ տնօրինումը թոյլ պիտի տայ, որ ծախսը նուազի 100 միլիոն տոլարով:

Ֆատլալլա անդրադարձաւ նաեւ պլոքին աշխատած հիմնական թղթածրարներէն մէկուն` դեղորայքի թղթածրարին, ուր կայ շատ մեծ մսխում, եւ հետապնդումի պատճառով կարելի եղաւ դեղորայքի ծախսերը նուազեցնել 300 միլիոն տոլարով: Ան աւելցուց, որ դեղին գինը այսօր դարձած է տրամաբանական` յատկապէս ամէնէն շատ օգտագործուող դեղերը:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ Ընդունեց Ճարտարարուեստի, Հաղորդակցութեանց, Հանրօգուտ Շինութեանց Եւ Աշխատանքի Նախարարները

Յաջորդը

Վարչապետ Տիապ Զօր. Տել Քոլի Հետ Անդրադարձաւ Իսրայէլեան Սահմանային Խախտումներուն

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.