Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 11, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան շրջուն ջոկատներէն մէկը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալած է Ա. Շ.-ն եւ անոր եղբայրը` Պ. Շ.-ն, Քըպպէի մէջ գտնուող ելեւմտահարկի կեդրոնը քոքթէյլ մոլոթովներով հրկիզելու յանցանքով: Ձերբակալեալները համապատասխան դատական ատեանին կողմէ կ’ենթարկուին հարցաքննութեան:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ձերբակալած են Օ. Ղ. եւ Մ. Մ. անուան սկզբնատառերը կրող լիբանանցի քաղաքացիները, որոնք 25 ապրիլ 2020-ին 400 կրամ պայթուցիկ նիւթ կշռող ականով մը թիրախ դարձուցած էին Սայտայի դրամատուներէն մէկը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզին մէջ քաջալերեց կառավարութեան կողմէ տնտեսական ծրագիր մշակելու եւ վաւերացնելու աշխատանքը` աւելցնելով, որ բոլորէն կը պահանջուի քաջալերել կառավարութիւնը` իրականացնելու համար իր բարեկարգումները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ յայտնեց, որ ինք ժողովրդային շարժումի ցոյցերուն մասնակցած է, որովհետեւ այդ պահանջները արդարացի են: «Ժողովուրդը իրաւատէր է, իսկ մենք մեր զաւակներուն պէտք է կտակենք այնպիսի երկիր մը, ուր անոնք կարենան ապրիլ», ըսաւ ան:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան բոլոր հաշիւները քննութեան պիտի ենթարկուին` իմանալու համար անոր գործելաոճը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա չորեքշաբթի, 13 մայիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Պատրէտտին-Զուլ Ֆիքարի նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան` իր բոլոր նախարարութիւններով, զինուորական եւ ապահովական հաստատութիւններով եւ քաղաքապետութիւններով, հսկելու երկրին առողջապահական ապահովութեան եւ գործադրելու «Քորոնա» ժահրէն զգուշանալու բոլոր միջոցները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սեզար Մաալուֆ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպէն պահանջեց 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին աւարտը յայտարարել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի հաստատեց, որ Լիբանանի ուժանիւթի մարզը մասնակի լուծումներ չի կրնար հանդուրժել, այլ` այդ թղթածրարին  լուծումը պէտք է ըլլայ ամբողջական:

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւունքներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա խստիւ դատապարտեց ոեւէ արգելափակեալի դէմ գործուող խոշտանգումի փորձ եւ յանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այս շաբթուան ընթացքին` քննարկելու համար այս երեւոյթին վերջ տալու ձեւերն ու միջոցները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց, փոխադրութեան հարցերու, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ ընդգծեց խորհրդարանական հսկողութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել փտածութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի յայտնեց, որ վստահութիւնը վերահաստատելու պայմաններէն մէկն է աւազակներն ու փտածները արդարութեան բանտերուն մէջ արգելափակել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ ոչ ոք կը փափաքի Լիբանանի մէջ հարիրիական քաղաքականութեան վերջ տալ, «բայց եւ այնպէս կը քննադատենք Մուսթաքպալ հոսանքին կեցուածքները, որովհետեւ անոնք մտահոգիչ են եւ Լիբանանի շահերուն չեն համընկնիր», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա հաստատեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները անաչառութեամբ չեն գործեր եւ անկախ չեն: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ երկրին օրինական եւ ապօրինի անցքերը մսխումի եւ փտածութեան որջեր են:

ՀԱԼՊԱՅԻ մէջ 10 մայիս 2008-ին գործուած վայրագ սպանդին 12-ամեակին առիթով, Ղովմի կուսակցութիւնը դատական իշխանութիւններէն պահանջեց արդարութիւն պարտադրել եւ Հալպայի սպանդը գործող յանցագործները խստագոյն պատիժներուն ենթարկել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, թէ իր մտավախութիւնը այն է, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը նուազելէ ետք Լիբանանի մէջ ընկերային իրավիճակը փուլ գայ եւ ոչ թէ տնտեսականը:

 

 

 

 

Նախորդը

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Քարամէ. «Թրիփոլի Կառավարութենէն Արդարութիւն Կ՛ակնկալէ` Հաւասարակշռուած Բարեկարգումի Իմաստով»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.