Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Յարգեց Մայիս 6-ի Նահատակներուն Յիշատակը

May 8, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նախանցեալ օր Նահատակաց հրապարակին վրայ յարգեց Մայիս 6-ի նահատակներուն յիշատակը:

Նահատակաց օրուան առիթով, Նահատակաց յուշարձանին ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Արշօ Պալեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի եւ սկաուտներու խորհրդանշական ներկայութեան մը:

Այս առիթով երեսփոխան Յակոբ Թերզեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Մայիս 6-ի նահատակները հայրենիքի ազատութեան նահատակներն են: «Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ կը մոռնայ իր նահատակները եւ կը հրաժարի անոնցմէ ու անոնց յիշատակէն: Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ կ’ուրանայ իր հայրենի հողը շաղախած նահատակներուն արիւնը, որուն շնորհիւ հայրենիքը կը մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան: Օսմանեան արիւնարբու կայսրութեան դիմադրած ու անոր զոհը դարձած նահատակներուն իւրաքանչիւր արեան կաթիլը ազատութեան պայծառ լոյսն է, որ յաւիտեան պիտի փայլի: Այս առումով կը վերահաստատենք, որ պատմութիւնը խեղաթիւրել փորձող իւրաքանչիւր քայլի դիմաց ամուր արգելք մը պիտի ըլլանք»:

Յ. Թերզեան յայտնեց, որ նահատակներուն յիշատակը յարգելը ազատութեան ճամբան շարունակել է, իսկ նահատակներուն մարմիններէն բաժնուած հոգիները կը հասնին սրբադասման մակարդակին: «Մայիս 6-ի նահատակներուն յիշատակը ազատ հոգիներու տօն է, հոգիներ, որոնք մերժեցին վարկաբեկուիլ եւ չվախցան օսմանեան կախաղաններէն, որոնք քահանային, շէյխին, լրագրողին կամ ոեւէ քաղաքացիի միջեւ խտրութիւն չդրին: Անոնք բոլորը նահատակուեցան ի խնդիր հայրենիքին:

Ո՛վ Լիբանան, այսօր ժողովուրդդ կը զոհուի իր անձով, տառապելով օրուան ապրուստի ապահովումին ի խնդիր: Լիբանանցի ժողովուրդին արժանապատուութիւնը լեռներու չափ բարձր է եւ ան միշտ պատրաստ է զոհուելու Լիբանանի ազատութեան համար: Ժողովուրդդ կը պայքարի, եւ պիտի շարունակենք պայքարիլ` գոյատեւելու համար ազատ, անկախ եւ գերիշխան պետութեան մէջ:

Այն նահատակները, որոնք օր մը սիրահարուեցան մահուան, մեզի սորվեցուցին ամէն օր սիրել հայրենիքն ու ազատութիւնը:  6 մայիս 1916-ը թուական մըն է, որ ոչ ոք կրնայ ջնջել: Անոր արժէքը օրական դրութեամբ կ’ամրանայ, որովհետեւ Լիբանանի համար ազատութիւնն ու նահատակութիւնը պատմութեան արտայայտիչներն են, իսկ Լիբանանը կորովի խորագիրն ու նահատակութեան հայրենիքը», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. Նախագահ Աուն Երեսփոխանական Պլոքներու Նախագահներուն Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը. Ընդգծուեցաւ Քաղաքացիներուն Մտահոգութիւնը Մեղմացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

«Անոնք Ինկան, Որպէսզի Գոյատեւէ Հայրենիքը Եւ Դառնայ Իրերայաջորդ Սերունդներու Ապագան» Շեշտեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.