Լիբանանեան

Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Նախարարներն Ու Երեսփոխանները Համայնքին Պէյրութի Առաջնորդարանէն Կը Հնչեցնեն Իրենց Բողոքը

Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Նախարարներն Ու Երեսփոխանները Համայնքին Պէյրութի Առաջնորդարանէն Կը Հնչեցնեն Իրենց Բողոքը

Յոյն ուղղափառ համայնքի ներկայ եւ նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ նախանցեալ գիշեր յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան իրենց հոգեւոր առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ` քննարկելու համար համայնքին դէմ արձանագրուած անիրաւութիւնը եւ բողոքելու այդ մասին: Հանդիպումէն ետք խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի կարդաց ներկաներուն անունով հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ յոյն ուղղափառ համայնքը անիրաւուած է, հակառակ անոր որ...

Պաապտայի Մէջ.  Նախագահ Աուն Այսօր Կը Նախագահէ Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Եւ Կառավարութեան Նիստերուն

Պաապտայի Մէջ. Նախագահ Աուն Այսօր Կը Նախագահէ Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Եւ Կառավարութեան Նիստերուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ընդհանուր զօրաշարժին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Ապա նախագահ Աուն պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի կարեւոր կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց...

«Նախագահական Պալատի Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպումին Պիտի Մասնակցինք Եւ Մեր Տեսակէտը Յայտնենք Ամերիկեան Տոլարին Դիմաց Լիբանանեան Դրամանիշի Պաշտօնական Սակի Ճշդումին Եւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Մասին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Նախագահական Պալատի Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպումին Պիտի Մասնակցինք Եւ Մեր Տեսակէտը Յայտնենք Ամերիկեան Տոլարին Դիմաց Լիբանանեան Դրամանիշի Պաշտօնական Սակի Ճշդումին Եւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Մասին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը պիտի մասնակցի նախագահական պալատին մէջ վաղը տեղի ունենալիք երեսփոխանական պլոքներու նախագահներու հանդիպումին, որուն հրաւիրած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն: «ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս հանդիպումին պիտի մասնակցի, որովհետեւ երկիրը կը գտնուի ճակատագրական կացութեան մէջ, ազգային պատասխանատուութիւնը կը մղէ, որ բոլորը...

Թերզեան. «Լիբանանահայութիւնը Միշտ Ալ Զօրակցած Է Երկրին Ապահովական Կայունութեան, Քաղաքացիական Անվտանգութեան Եւ Լիբանանեան Համերաշխութեան Ամրապնդումին»

Յ. Թերզեան. «Լիբանանի Պատմութիւնը Կեղծելու Փորձերուն Դէմ Ամուր Արգելք Մը Պիտի Ըլլանք»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Պատմութեան եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու, ինչպէս նաեւ պատմութիւնը կեղծելու փորձերը արգիլելու եւ Լիբանանի նահատակներէն իւրաքանչիւրին յիշատակին հաւատարիմ մնալու համար, կը հաստատենք, որ 6 մայիս 1916-ին Ճեմալ փաշան 14 լիբանանցի ազգային գործիչներ հրապարակաւ կախաղան բարձրացուց, եւ այդ հրապարակը կոչուեցաւ «Նահատակաց» հրապարակ: Ազատական այդ նահատակներուն յիշատակը իւրաքանչիւր լիբանանցիի...

Տիապ Այցելեց Պըրրիի Եւ Ընդունեց Քիւպիչը

Տիապ Այցելեց Պըրրիի Եւ Ընդունեց Քիւպիչը

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու տիրող ընդհանուր իրավիճակը: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Տիապ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Միւս կողմէ, Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը: Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ...

Լիբանանի Մէջ Ընդհանուր Զօրաշարժէն Դուրս Գալու Բ. Փուլը Արդէն Իսկ Գործադրութեան Մէջ  Դրուած Է, Իսկ Արտերկրի Լիբանանցիները Կը Շարունակեն Վերադառնալ Պէյրութ

Լիբանանի Մէջ Ընդհանուր Զօրաշարժէն Դուրս Գալու Բ. Փուլը Արդէն Իսկ Գործադրութեան Մէջ Դրուած Է, Իսկ Արտերկրի Լիբանանցիները Կը Շարունակեն Վերադառնալ Պէյրութ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 740-ի, Մահացողները` 25-ի, Իսկ Ապաքինուածները` 205-ի «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանը երէկ սկսաւ ընդհանուր զօրաշարժէն աստիճանաբար դուրս գալու իր Բ. փուլը` հսկելով երկրին մէջ իր քաղաքացիներուն առողջական անվտանգութեան ապահովումին: Այդ ջանքերուն զուգահեռ, լիբանանեան պետութիւնը կը շարունակէ հիւրընկալել արտերկրի իր քաղաքացիները, որոնք հերթաբար կը հասնին Պէյրութ: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ...

Սէյիտ Նասրալլա. «Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը Ազգային Ամրապնդման Կարիք Ունի»

Սէյիտ Նասրալլա. «Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը Ազգային Ամրապնդման Կարիք Ունի»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որ ունէր քաղաքական բնոյթ: Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Գերմանիոյ կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակելու որոշումին` նկատել տալով, որ նման որոշում մը կ’ակնկալուէր գերմանական իշխանութիւններէն` փաստելու համար անոնց ենթակայութիւնը ամերիկեան վարչակազմին: «Նման որոշում Դիմադրութեան դէմ մղուած ամերիկեւիսրայէլեան պատերազմին մաս կը կազմէ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա: Ան...

«Վարչապետ Տիապ Կը Հասկնայ Ժողովուրդին Ցաւը.  Իբրեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոք` Անպայման Պիտի Ընդառաջենք Հանրապետութեան Նախագահին Հրաւէրին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Վարչապետ Տիապ Կը Հասկնայ Ժողովուրդին Ցաւը. Իբրեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոք` Անպայման Պիտի Ընդառաջենք Հանրապետութեան Նախագահին Հրաւէրին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 1 մայիսին հարցազրոյց մը տուաւ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին: Աշխատաւորաց տօնին առիթով անդրադարձ կատարուեցաւ ՀՅԴ քայլերգի բառերուն` «Մշակ, բանուոր»-ին, որուն շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 130-ամեայ կուսակցութեան համար Աշխատաւորաց տօնը ամէնէն հարազատ տօներէն մէկն է: «Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ չէ պատահած Մայիսի 1 մը, որուն ընթացքին տօնական մթնոլորտ վկայենք: Տարիներ շարունակ եւ մնայուն...

«Երիտասարդութեան Նախարարութեան Ծրագիրները Պիտի Ըլլան Երիտասարդութիւնը Տագնապեցնող Հարցերուն Լուծումները Ապահովող Գործնական Քայլեր»  Շեշտեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

«Երիտասարդութեան Նախարարութեան Ծրագիրները Պիտի Ըլլան Երիտասարդութիւնը Տագնապեցնող Հարցերուն Լուծումները Ապահովող Գործնական Քայլեր» Շեշտեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ նախարարութեան աշխատանքներուն, ծրագիրներուն, դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ` կառավարութեան աշխատանքին եւ երկրին մէջ տիրող պայմաններուն: Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ անկախ կառավարութեան տարած աշխատանքի հեւքոտ թափէն, նախարարութիւնը կը գտնուի ծրագրաւորումի փուլի մէջ, որպէսզի կարենայ իր աշխատանքը հունաւորել եւ հասնիլ լիբանանեան երիտասարդութեան: «Ճիշդ է, որ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 739-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 739-ի

Երեսփոխանական Պլոքներու Նախագահները Չորեքշաբթի Օր Պիտի Քննարկեն Տնտեսական Բարեկարգումի Ծրագիրը Մինչ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ժողովրդային շարժումին կողմէ ցոյցերը կը շարունակուին, յատկապէս Թրիփոլիի եւ Պեքաայի մէջ, երկրին իշխանութիւնները կը շարունակեն Լիբանանը տնտեսական իր տագնապէն փրկելու ջանքերը: 30 ապրիլին կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը չորեքշաբթի, 6 մայիս 2020-ին պիտի քննարկուի երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն կողմէ, նախագահական պալատին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել...

Մեթնի Երեսփոխանները Վարչապետ Տիապի Հետ Քննարկեցին Ժտէյտէի Թափօններու Թաղման Վայրի Հարցը

Մեթնի Երեսփոխանները Վարչապետ Տիապի Հետ Քննարկեցին Ժտէյտէի Թափօններու Թաղման Վայրի Հարցը

Վարչապետ Հասսան Տիապ 1 մայիսին վարչապետարանին մէջ նախագահեց հանդիպումի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրի հարցը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Տըմանոս Քաթթար, Մեթնի երեսփոխաններ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Իպրահիմ Քանաան, Էլիաս Պու Սաապ, Էտկար Մաալուֆ, Էտի Ապի Լամաա, Էլիաս Հանքաշ, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Ժտէյտէ-Պաուշրիէի քաղաքապետ...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 2 մայիս 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 4 մայիս 2020-ին:  

Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ Վաւերացուց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ Վաւերացուց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուց ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը` աւելցնելով, որ վարչապետ Տիապ այդ մասին պիտի յայտարարէ երեկոյեան ժամը 5:30-ին իր արտասանելիք խօսքին ընթացքին: Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն...

Պաապտայի Մէջ.  «Կը Զօրակցինք Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Կը Մեժրենք Երկրին Կալուածներուն, Բանակին Ու Ապահովութեան Ուժերուն Դէմ Գործուած Յարձակումը»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Պաապտայի Մէջ. «Կը Զօրակցինք Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Կը Մեժրենք Երկրին Կալուածներուն, Բանակին Ու Ապահովութեան Ուժերուն Դէմ Գործուած Յարձակումը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մշակած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը, որ կը միտի փրկել Լիբանանը, բարելաւել անոր տնտեսական կացութիւնը եւ լուծել անոր դիմագրաւած ելեւմտական տագնապը: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի նախագահ Աունին ներկայացուց մարոնի եկեղեցւոյ ի գործ դրած ջանքերը` օժանդակելու համար լիբանանցիներուն` տոկալու տիրող կացութեան...

Լիբանան Կը Շարունակէ Հակակշիռի Տակ Պահել «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը

Լիբանան Կը Շարունակէ Հակակշիռի Տակ Պահել «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 725-ի, Մահուան Պարագաները Կը Մնան 24, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասաւ` 150-ի   Լիբանան կը շարունակէ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու դէմ պայքարը եւ այդ իմաստով յաջողութիւններ կ’արձանագրէ` նկատի ունենալով, որ ան ցարդ հակակշիռի տակ կը պահէ կացութիւնը: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 725-ի` վերջին...

Քիւպիչ Այցելեց Եարզէ. Ցուցարարները Շարունակեցին Փակել Ճամբաները, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բանակին Զօրակցական Ցոյց Մը

Քիւպիչ Այցելեց Եարզէ. Ցուցարարները Շարունակեցին Փակել Ճամբաները, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բանակին Զօրակցական Ցոյց Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, սղաճի եւ տնտեսական տագնապալի պայմաններուն դէմ բողոքող ցուցարարները, որոնց շարժումը Թրիփոլիի, Սայտայի եւ այլ շրջաններու մէջ վերածուած էր խուլիկանութիւններու` բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումներով, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական կալուածներու...

Հըթթի. «Սէուտական Արաբիա Միշտ Ալ Հիմնական  Եւ Զօրակցող Դերակատարութիւն Ունեցած Է   Լիբանանի Դիմագրաւած Ամէնէն Ծանր  Տագնապներուն Ընթացքին»

Հըթթի. «Իսրայէլեան Բռնարարքները Կասեցնելու Նպատակով Միջազգային Խորհուրդներուն Մօտ Արաբական Ընդարձակ Արշաւ Մը Պէտք Է Տարուի»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ «վիտէօ քոնֆըրընս»-ի արհեստագիտութեան ընդմէջէն մասնակցեցաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին, որ յատկացուած էր արաբական երկիրներուն կողմէ առնուելիք այն քայլերուն, որոնք կ’արգիլեն Իսրայէլի Այսրյորդանանը միացնելու իր սահմաններուն: Հըթթի հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ արաբական որեւէ տարածք իսրայէլեան գոյացութեան բռնակցելու քայլ: Հըթթի կոչ ուղղեց իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու նպատակով միջազգային խորհուրդներուն մօտ...

Կը Նախատեսուի, Որ Կառավարութիւնը Այսօր Վաւերացնէ Իր Մշակած Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը

Կը Նախատեսուի, Որ Կառավարութիւնը Այսօր Վաւերացնէ Իր Մշակած Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը

Կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը, նախագահութեամբ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Միւս կողմէ, կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին աւարտեց իր մշակած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը: Վարչապետը յայտնեց, որ երկիրը այս աստիճան հասցուցած փտածութեան եւ փտածներուն դէմ ժողովուրդին զայրոյթը բնական է, սակայն փողոցին մէջ...

Ռիատ Սալամէ. «Կեդրոնական Դրամատունը Ֆինանսաւորած Է Պետութիւնը Եւ Ոչ Թէ Գումարը Մսխած, Իսկ Հաշիւ Ունեցողներուն Գումարները Ապահով Են»

Ռիատ Սալամէ. «Կեդրոնական Դրամատունը Ֆինանսաւորած Է Պետութիւնը Եւ Ոչ Թէ Գումարը Մսխած, Իսկ Հաշիւ Ունեցողներուն Գումարները Ապահով Են»

Պատասխանելու համար վարչապետ Հասսան Տիապի կողմէ իրմէ պահանջուած լուսաբանութիւններուն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ կէսօրին հանդէս եկաւ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ գումարներ ծախսելու իմաստով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին իրաւասութիւնը միայն 150 միլիոն լ. ոսկիի սահմանին մէջ է: Ան ըսաւ, որ ատկէ վեր եղող գումարներու պարագային Կեդրոնական դրամատան Կեդրոնական խորհուրդի հաւանութեամբ է, որ որոշում կը տրուի` տեղեակ պահելով...

Առողջապահութեան Նախարարը Զգուշացուց «Քորոնա» Ժահրին Նկատմամբ Թոյլ Մօտեցում Ցուցաբերելու Կեցուածքներէ

Առողջապահութեան Նախարարը Զգուշացուց «Քորոնա» Ժահրին Նկատմամբ Թոյլ Մօտեցում Ցուցաբերելու Կեցուածքներէ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 721-ի, Մահուան Պարագաները Կը Մնան 24, Իսկ Բուժուածները` 145 «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու պայքարի շրջագիծին մէջ երէկ լիբանանցի պետական պատասխանատուներուն եւ բժիշկներու սենտիքային կողմէ հնչեցին համաճարակին լրջութեան գիտակցելու եւ զգօնութեամբ վարուելու կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 721-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով...

Page 496 of 988 1 … 495 496 497 … 988

Արխիւներ