Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Ընդհանուր Զօրաշարժը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 24 Մայիս

Մայիս 6, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 741-ի,
Մահուան Պարագաները Կը Մնան 25, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասաւ 206-ի

«Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ ցարդ իր մղած յաջող պայքարի շրջագիծին մէջ, Լիբանան երէկ երկարաձգեց ընդհանուր զօրաշարժը` երկու շաբաթով, այսինքն` մինչեւ 24 մայիս:

Այս որոշումին կողքին ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն «Էնտ քորոնավայրըս տաթ օրկ» անունը կրող էջը երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցան անունները այն երկիրներուն, որոնք կրցած են յաղթահարել «Քորոնա»-ի համաճարակը:

Այդ 15 երկիրներուն շարքին է Լիբանանը: Երկիրներու դասաւորումը նշուած էր հետեւեալ կարգով` Վիեթնամ, Հարաւային Քորէա, Նոր Զելանտա, Թայլենտ, Աւստրալիա, Աւստրիա, Յունաստան, Յորդանան, Լիւքսամպուրկ, Սլովենիա, Իսլանտա, Սլովաքիա, Խրուաթիա եւ Լիբանան:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 741-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 1 նոր վարակուած, որ Կինէայէն Պէյրութ հասած արտերկրի լիբանանցի մըն էր:

Նշենք, որ Երեւանէն Պէյրութ ժամանած արտերկրի լիբանանցիներուն «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքները ժխտական էին:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 25 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 206 ուրիշներ` բուժուած:

Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու 995 քննութիւն կատարուած է, եւ ի յայտ եկած է, որ բոլորին քննութեան արդիւնքը ժխտական է, իսկ Պէյրութ ժամանող արտերկրի լիբանանցիներուն համար կատարուած է 479 քննութիւն, որոնցմէ միայն մէկ արդիւնք դրական ցոյց տուած է:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Քորոնա»-ի համաճարակին սկզբնական շրջանին հաւանական նկատուեցան բազմաթիւ ողբերգական բեմագրութիւններ, այս օրերուս նաեւ շրջանառութեան մէջ դրուած են «Քորոնա»-ի երկրորդ ալիքին ակնարկող սեւ ու մութ պատկերներ: Այս առիթով կը հաստատեմ, որ ինչպէս կրցանք մեր գիտակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ յաղթել «Քորոնա»-ի առաջին գրաւը, յաջորդ մարտահրաւէրը պիտի կարենանք շրջանցել ընդհանուր զօրաշարժը աստիճանաբար յետս կոչելու դրութեան նկատմամբ մեր յանձնառութեամբ»:

Առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի երէկ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին մասին, յատկապէս անդրադառնալով ժողովրդային բողոքի ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուող խախտումներուն` ցուցարարներուն կողմէ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նախազգուշութիւններու անտեսումին:

Արաժի մտավախութիւն յայտնեց, որ նման մօտեցում ցուցաբերելու եւ այս ընթացքով շարունակելու պարագային առողջապահութեան նախարարութեան բոլոր ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահել, կրնան ի դերեւ ելլել:

Արաժի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` շարունակելու դիմակներու գործածութիւնը եւ ամէնէն կարեւորը պահելու ընկերային հեռաւորութիւնը` խուսափելով ամէն տեսակի համախմբումներէն:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ, հանդիպելէ ետք առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի հետ, բարձր գնահատեց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Լիբանանեան Կարմիր խաչին հետ նախարարութեան գործակցութիւնը` ընդգծելով «Քորոնա» ժահրի դիմակայման դէմ նախազգուշութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր զօրաշարժին յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի վարակուածներու թիւի անհամեմատ բարձրացումէն անակնկալի չգանք:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի ժահրը հակակշիռի տակ կը գտնուի` շեշտելով, որ արձանագրուած նոր վարակուածները իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ է:

Նշենք, որ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձի Բ. փուլի գործադրութեան շրջագիծին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու ազգային շտապը նախանցեալ գիշեր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետարանին մէջ` նախագահութեամբ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմարի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Սուրիայէն արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի կարելիութիւնը, որուն լոյսին տակ որոշուեցաւ Մասնաայի եւ Ապպուտիէի սահմանները բանալ երեքշաբթի, 5 եւ հինգշաբթի, 7 մայիսին:

Որոշումը գործադրուելու սկսաւ, եւ Մասնաայի ու Ապպուտիէի սահմանները երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 բաց մնացին Սուրիայէն Լիբանան վերադառնալ փափաքող լիբանանցիներուն դիմաց, իսկ վաղը` հինգշաբթի, 7 մայիսին, զոյգ սահմանները բաց պիտի մնան առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 3:00: Առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական անձնակազմերը Սուրիայէն ժամանող արտերկրի լիբանանցիները ենթարկեց «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Պասիլի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Յատուկ Հանդիպումի` Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը Երեսփոխանական Պլոքներու Նախագահներուն Հետ Քննարկելու

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?