Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պընաշաայի իր տան մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլահ, որ արդիւնաբերական շրջագայութիւն կը կատարէր հիւսիսի մէջ:
Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարար Թալալ Հաուաթի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար եւ աշխատանքի նախարար Լամիա Եամինի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը եւ լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին աջակցելու ձեւերը:
Հանդիպումէն ետք Հուպալլահ նշեց, որ Սլէյման Ֆրենժիէի հետ քննարկած են տնտեսական ծրագիրները, նաեւ` կառավարութեան մշակած ելեւմտական ու տնտեսական ծրագիրը: Ան բացատրեց, որ Ֆրենժիէն անոնց տուած է շատ լաւ գաղափարներ` Լիբանանի մէջ կատարուելիք ներդրումներուն վերաբերող, եւ թէ ինչպէս պէտք է վերաբերի կառավարութիւնը պահ դրուած գումարներուն եւ անոնց տէրերուն հետ:
Հուպալլահ նաեւ նշեց, որ Ֆրենժիէ իր զօրակցութիւնը յայտնած է կառավարութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարին գծով անոր առած գործնական քայլերուն, սակայն պայմանով, որ այդ քայլերը վնասակար չըլլան եւ նպատակ ունենան ամրապնդել Լիբանանի իրավիճակը:



