Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Քննարկեց Սղաճին Դէմ Պայքարելու Շարք Մը Միջոցառումներ

May 8, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ժողովուրդի ապրուստին եւ սղաճին  հարցերը:

Նիստէն ետք վարչապետարանի մամլոյ գրասենեակը հաստատեց, որ  նիստին վարչապետ Տիապ ընդգծած է, թէ մարտահրաւէրը մեծ է ու վտանգաւոր: «Սղաճի տարողութիւնը, յատկապէս սննդամթերքի սղաճը դարձած է անտանելի», ըսած է ան` զարմանք յայտնելով յատկապէս լիբանանեան արտադրութիւններուն եւ բանջարեղէնին արձանագրած սղաճին նկատմամբ:

Վարչապետ Տիապ ընդգծած է, որ կառավարութիւնը սղաճի ալիքին առումով իսկական դիմադրութեան դիմաց կը գտնուի` հաստատելով, որ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ այս մարտահրաւէրին դիմաց: Ան շեշտած է, որ պէտք է անյապաղ գործել, որովհետեւ կացութիւնը հակակշիռէ դուրս պիտի գայ` նկատի ունենալով, որ սակերու ճշդումը քմահաճոյքի համաձայն եւ առանց սերտուելու կը կատարուի: Ան աւելցուցած է, որ այս իմաստով ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արձանագրած ապակայունութիւնը կապ չունի սղաճին հետ:

«Կառավարութիւնը պէտք է պաշտպանէ ժողովուրդը քմահաճ իւրաքանչիւր վաճառականէ, որ կը փորձէ անօթութեան մատնել լիբանանցիները: Խիստ մերժելի է, որ առեւտրականները սանձարձակութեամբ գործեն եւ անխիղճ ու անմարդկային վերաբերում ցուցաբերեն` երեւակայական գիներ պարտադրելով», ըսած է ան:

Տիապ կոչ ուղղած է արագ ծրագիր մը մշակելու` հաստատելով, որ պէտք է արգիլել, որ կարգ մը վաճառականներ բարձրացնեն սննդամթերքի գիները:

Կառավարութիւնը քննարկեց սղաճին դէմ պայքարելու շարք մը միջոցառումներ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ ժողովուրդի սնունդին ապահովութիւնը ազգային հարց է, եւ լիբանանցիներու ապրուստին սպառնացող որեւէ փորձ պէտք է արգիլել:

 

 

 

Նախորդը

Համատ Հասան Կը Հաստատէ, Թէ Լիբանանի Մէջ Բնակող Քաղաքացիներուն Շարքին «Քորոնա» Ժահրով Նոր Վարակուածներ Գրեթէ Չկան

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. Նախագահ Աուն Երեսփոխանական Պլոքներու Նախագահներուն Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը. Ընդգծուեցաւ Քաղաքացիներուն Մտահոգութիւնը Մեղմացնելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.