Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ շաբաթավերջին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն Մուսթաքպալ հոսանքին անունով շրջանառութեան մէջ դրուած են կոչեր` Թարիք Ժտիտէի մարզական դաշտին մէջ հաւաքուելու, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը ուղղուելու` վերանորոգելու համար անոր հանդէպ հոսանքի համակիրներուն հաւատարմութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքը նման շարժումի չէ ձեռնարկած, իսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նկատմամբ սէրը ժողովրդային նման քննութեան չի կարօտիր:
«Սաատ Հարիրի կ’արժեւորէ նման անկեղծ կոչերու ձեռնարկող իր հետեւորդներուն նախաձեռնութիւնը` Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ, միաժամանակ կը զգուշացնէ պղտոր ջուրերուն մէջ ձուկ որսալու փորձերէն», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: