Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն
Թիւը Հասաւ 784-ի, Մահացողները` 25-ի, Իսկ Բուժուողները` 220-ի
Լիբանանեան իշխանութիւնները կը շարունակեն «Քորոնա» ժահրին դէմ իրենց պայքարը, որուն շրջագիծին մէջ կը պարտադրեն քաղաքացիներուն կողմէ նախազգուշութիւններ որդեգրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ խստօրէն կը հսկեն ինքնաշարժի թիւերուն պարագային` ճշդուած օրերուն ընթացքին շրջագայութեան, ծովափը քալելու ժամերը յարգելու, համախմբումները ցրուելու, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 9:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 կրակմարի դրութիւնը յարգելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 784-ի, վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 34 վարակուածներ, որոնցմէ մէկը Լիբանանի մէջ բնակող քաղաքացի է, իսկ մնացեալ 33-ը Լիբանան հասած արտերկրի լիբանանցիներ են, որոնք հասած են Քաթարէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Սէուտական Արաբիայէն եւ Նիկերիայէն:
Նախարարութիւնը նշեց նաեւ, որ 21 փետրուար 2020-էն ի վեր Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 25 մահուան պարագաներ, իսկ ապաքինած են 220 ուրիշներ:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան կառավարութեան նիստէն ետք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը կարելի է որակել այնպէս, թէ նոր վարակուածներ գոյութիւն չունին: «Լիբանանի մէջ բնակող քաղաքացիներուն շարքին «Քորոնա» ժահրով նոր վարակուածներ գրեթէ չկան», ըսաւ ան:
Հասան նկատել տուաւ, որ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի նոր փուլի մը սկսած են եւ պիտի շարունակեն` հակառակ անոր որ այդ փուլը մարտահրաւէր է: «Մենք թռիչքները պիտի չկասեցնենք, սակայն պիտի պարտադրենք, որ առողջապահութեան նախարարութեան անձնակազմերը շարունակեն միջոցառումները: Կը վստահինք տունդարձ կատարած արտերկրի լիբանանցիներուն` պաշտպանելու համար ընկերութիւնը եւ իրենց շրջապատը, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալու երկրին իշխանութիւններուն որդեգրած բոլոր միջոցառումները գործադրելու», հաստատեց ան:
Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 5:15-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ ամերիկեան օդանաւ մը, որ 41 լիբանանցի ուսանողներ փոխադրեց Լիբանան: Նոյն օդանաւը երեկոյեան պիտի վերադառնար Միացեալ Նահանգներ` փոխադրելու համար Սուրիայէն Լիբանան հասած ամերիկացի քաղաքացիներ: