Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով, 6 մայիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի նախագահական պալատի 22 նոյեմբերի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը, որուն նպատակն էր երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն հետ քննարկել կառավարութեան վաւերացուցած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը:
Հանդիպումին, նախագահ Աունի կողքին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Հասսան Տիապ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան, Ղովմի կուսակցութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Խորհրդակցական հանդիպում պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ Հզօր հանրապետութիւն պլոքի նախագահ Սամիր Ժահժահ:
Ներկայ էին նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի եւ շարք մը խորհրդականներ:
Հանդիպումին մերժեցին ներկայ գտնուիլ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի, Մարատա հոսանքի նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նախապէս այցելած էր նախագահ Աունի եւ իր կեցուածքները յայտնած:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ փրկութիւնը, որուն կը ձգտին իշխանութիւնները, միայն մէկ քաղաքական կողմի կամ մէկ իշխանութեան պատասխանատուութիւնը չէ, որովհետեւ մութ փապուղիէն դուրս գալը բոլորին պատասխանատուութիւնն է:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ ըսաւ, որ այս օրերուն մեր առաւելագոյն կարիքը հաշիւներ մաքրելն ու քաղաքական գրաւները շրջանցելն է: «Միասնական ըլլանք` յաղթահարելու համար մեր դիմագրաւած տագնապը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի տնտեսական-ելեւմտական փրկութեան ծրագիրը իր բոլոր փուլերուն մէջ կը ձգտի ժողովուրդին նուազ դիմադրողականութիւն ունեցող շերտերը պաշտպանել տագնապի հետեւանքներէն եւ ամրապնդել ընկերային ապահովութիւնը:
Վարչապետ Տիապ իր կարգին նշեց, որ այս փուլին անհրաժեշտ է երկխօսութիւն կատարել` դիմագրաւելու համար բոլոր մարտահրաւէրները:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն, իրենց տարակարծութիւններն ու քաղաքական վէճերը մէկդի դնելու` գիտակցելով լիբանանցիներուն տառապանքին տարողութեան:
Ապա ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի ներկայացուց ծրագիրը` նշելով, որ այս ծրագիրը ելեւմտական տագնապէն ելք մը կը նկատուի: Ան աւելցուց, որ այս ծրագիրին նպատակն է` լիբանանեան պետութեան նկատմամբ վստահութեան վերականգնումը:
Ուազնի յայտնեց նաեւ, որ պետութիւնը յառաջիկայ հինգ տարուան համար կարիքն ունի շուրջ 28 միլիառ տոլարի` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատան վնասները կը գնահատուին շուրջ 63 միլիառ տոլարով:
Ուազնիի խօսքէն ետք, ներկաները քննարկեցին տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը, որուն լոյսին տակ իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր մտահոգութիւններն ու դիտողութիւնները` առաջարկելով բարեփոխման տարբերակներ:
Հանդիպումի աւարտին հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր յայտնեց, որ ներկաները ընդհանուր գիծերու մէջ ողջունած են ծրագիրը յատկապէս Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորելու, դրամատնային համակարգը բարեկարգելու, փտածութեան դէմ պայքարելու եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները պաշտպանելու առումով:
Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ նաեւ արմատական փոփոխութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ապրուստի սղաճը հակակշռելու նպատակով եւ յանձնառու մնալու սպառողներու պաշտպանութեան:
Ներկաները համաձայնութիւն գոյացուցին քաղաքացիներուն մտահոգութիւնները փարատելու անհրաժեշտութեան շուրջ` ընդգծելով, որ անիկա կը պահանջէ ազգային խոր գիտակցութիւն, ինչպէս նաեւ սեփական մարզին, յատկապէս դրամատնային մարզին հետ երկխօսութիւն:
Հանդիպումին մասնակիցները պահանջեցին, որ միջազգային ընտանիքն ու դրամական միջազգային ֆոնտերն ու հաստատութիւնները զօրակցին Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ կուտակուած այս տագնապը լուծել:
Շքէյր յայտնեց, որ Ժահժահ Հզօր հանրապետութեան պլոքին անունով մերժած է այս հաղորդագրութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
«Նախ եւ առաջ, պարտք կը զգամ շնորհակալութիւն յայտնել հանրապետութեան նախագահին` այս հրաւէրին համար: Ճակատագրական այս օրերուն, բնական եւ անհրաժեշտ է նման խորհրդակցութիւն, եւ մենք` իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք, անվարան ընդառաջած ենք հրաւէրին, մեկնելով տասնամեակներու մեր վարքագիծէն:
Ճիշդ է, որ այս հանդիպումը ունի ելեւմտական եւ տնտեսական օրակարգ, ուր պիտի քննենք կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրը: Հանրապետութեան նախագահը ճշդեց, որ հարցին մօտեցումը պէտք չէ քաղաքական ըլլայ: Վստահ եմ, որ այս վատ օրերուն նման մօտեցում անարդար պիտի ըլլայ քաղաքացիներուն հանդէպ: Նաեւ խօսուեցաւ պետութեան հանդէպ վստահութեան վերականգնման անհրաժեշտութեան մասին:
Մեր կեցուածքը երբեք քաղաքական չէ, սակայն կը խօսինք միջավայրի մը եւ երկրի մը մասին, ուր տասնամեակներ ամբողջ քաղաքական եւ դրամատիրական կէտեր, շահագործած են երկրի հարստութիւնները, օրինականացուցած են աւազակութիւնը` անոր տալով նրբացուած անուններ, ընդունելի դարձուցած են մաքսանենգութիւնը, խուսափած են սեփական պատասխանատուութենէ` այլոց վրայ բեռցնելով զայն, եւ ստեղծած սուտ կենսամակարդակ մը` քաղաքացին օրօրելով երազներու մէջ եւ անոր «պարգեւելով» հանգիստ կեանք:
Այսօր, երբ ճշմարտութեան ժամը հնչած է, այդ հին եւ խաբուսիկ Լիբանանը անվերադարձ կորսուած է, ու երկիրը եւ ստուերային տնտեսութիւնն ու ելեւմուտքը ղեկավարող ժողովուրդին 5 առ հարիւրը կազմող սակաւապետութիւնը եկած է ըսելու, որ ժողովուրդէն կը պահանջենք յաւելեալ զոհողութիւն, այլ խօսքով` սխալ որոշումներու, գողութեան եւ յափշտակուած գումարներու փոխարէն պարզ քաղաքացիէն, որ ժողովուրդին 95 առ հարիւրը կը կազմէ, կը պահանջենք բացը փակել:
Պետութեան հանդէպ վստահութիւնը նման ծրագիրով չի վերականգնիր: Այո՛, կը հաւատանք, որ այս կառավարութիւնը տարբեր է նախկիններէն, սակայն եւ ինք չէ ներկայ փուլի պատասխանատուն: Կը մաղթենք, որ կառավարութեան կեանքը երկար ըլլայ: Սակայն իշխանութիւնը շարունակականութիւն է: Ի վիճակի՞ է այս կառավարութիւնը ապօրինի կերպով հարստացած մէկ անհատ ձերբակալել եւ գողցուած գումարը վերադարձնել պետութեան: Կրնա՞յ նման քաջ որոշում կայացնել եւ երկաթէ բազուկով հարուածել: Կրնա՞ն համայնքի եւ քաղաքական ղեկավարներ իրենց հովանին վերցնել նման պարագաներու մէջ գտնուողներէն:
Այդ պարագային միա՛յն եւ շատ արագ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին վստահութիւնը կը կանգնի պետութեան հանդէպ: Եւ ճիշդ հոս է խնդիրը: Տնտեսական, ելեւմտական որեւէ ծրագիր չի յաջողիր առանց քաղաքական լուրջ, կարծր եւ անկեղծ որոշումի:
Ինչ կը վերաբերի կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրին, անմիջապէս ըսեմ, որ ինքն իր մէջ այս քայլը նուաճում մըն է, անկախ անոր հանդէպ մեր կամ այլոց կարգ մը վերապահութիւններէն: Այսուհանդերձ, Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով կարեւորութեամբ կը կատարեմ հետեւեալ մատնանշումները, ծրագիրին մէջ կա՛մ անյստակութեան, կա՛մ ալ բացակայութեան պատճառով.
1.- Ի՞նչ են այն կազմագործիքները, որոնք պիտի ապահովեն արտադրողական մարզի յառաջդիմութիւնը:
2.- Ինչպիսի՞ պատկերացում ունի կառավարութիւնը տուրքերու եւ մաքսատուրքի հաւաքման կամ վերանայման իմաստով, առանց հարուածելու քաղաքացին: Անյստակ է, թէ կառավարութիւնը ի՞նչ քայլեր պիտի առնէ մաքսանենգութեան, կաշառակերութեան եւ մսխումի առաջքը առնելու:
3.- Ամբողջութեամբ դէմ ենք տոլարի գինի սանձարձակութեան: Ճկուն սակագին հասկացողութիւնը ծրագիրին մէջ, քողարկուած եւ ծաղկեցուած փոխաբերութիւն է պարզապէս: Կառավարութիւնը կը գիտակցի՞ արդեօք, որ ներկայիս նուազագոյն ամսականը շուրջ 165 ամ. տոլար է, այսինքն` հասած ենք աղքատութեան միջազգային աստիճանին: Կը կարծէ՞ կառավարութիւնը, որ պարտաւոր է քանի մը ամիսէն, եթէ ոչ այսօր սեփական եւ հանրային մարզի պաշտօնեաներուն ամսաթոշակի յաւելումներ տալ: Ծրագիրը նման բաժին չունի, սակայն մենք չենք ընդունիր քաղաքացին անօթի տեսնել:
4.- Անյստակ է, թէ կառավարութիւնը տոլարի յատուկ սակագին պիտի ճշդէ՞ ճարտարարուեստի, արտադրողական կամ երկրագործական մարզերուն համար:
5.- Ի՞նչ լրջութեամբ կը մօտենայ կառավարութիւնը բնակարանային տագնապի լուծման: Դադրած են փոխատուութիւնները, ընտրանի մը միայն օգտուեցաւ մէկ տարի առաջ եղած դասաւորումէն, իսկ այսօր հազարաւոր երիտասարդներ մնացած են անտուն, անյստակ ապագայով: Կառավարութիւնը ոչինչ կը խոստանայ երիտասարդին, որ տուն կարենայ ունենալ Լիբանանի մէջ, ու իր ապագան կերտէ հոս:
Աւարտելով, պարզ քաղաքացին ոչինչ ունի այլեւս տալիք պետութեան, դատեցէ՛ք փտածն ու գողը, վերադարձուցէ՛ք իւրացուած գումարները, այլապէս ամբողջ պատահածը կեղծիքի բեմադրութիւն է:
Այս կառավարութիւնը, որուն կազմութեան մէջ մենք մեր բաժինը ունեցած ենք, կը յուսանք եւ կ’աշխատինք, որ յաջողի: Սակայն ինք պիտի գիտնայ յաջողելու գաղտնիքը:
Շնորհակալութիւն»: