Կառավարութիւնը Ընդհանուր Զօրաշարժը
Երկարաձգեց Մինչեւ 24 Մայիս
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով այսօր նախագահական պալատը պիտի հիւրընկալէ յատուկ նիստ մը, որուն հրաւիրուած են երեսփոխանական պլոքներու նախագահները: Պիտի քննարկուի կառավարութեան վաւերացուցած ելեւմտական-տնտեսական բարեկարգումի ծրագիրը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին խորհուրդը յարմար նկատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու իբրեւ հիմնական միջոց յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժը երկու շաբաթով` մինչեւ 24 մայիս երկարաձգուի, անոր ընթացքին գործադրուին ներքին գործոց նախարարութեան տուած որոշումները, որոնք կը վերաբերին ինքնաշարժի զոյգ եւ անզոյգ թիւերուն գործածութեան, երեկոյեան ժամը 9:00-էն ետք կրակմարի դրութեան, գործադրելով հանդերձ կառավարութեան կողմէ նախապէս ճշդուած ընդհանուր զօրաշարժի մնացեալ փուլերը, որոնք կը վերաբերին տարբեր մարզերու աստիճանական վերսկսման ժամանակացոյցին: Ընդգծուեցաւ, որ ապահովութեան ուժերն ու բանակը պէտք է յաւելեալ խստութիւն ցուցաբերեն ընդհանուր զօրաշարժի խախտումներ կատարող քաղաքացիներուն նկատմամբ:
Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց սանձարձակ սղաճը հակակշիռի տակ առնել եւ սպառողները պաշտպանել:
Իր կարգին վարչապետ Հասսան Տիապ հաստատեց, որ ինք կը հետեւի սղաճի թղթածրարին եւ մնայուն գործակցութեան մէջ է այդ մարզի քննչական անձնակազմին հետ:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն ետք, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան նիստին օրակարգը:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահ Աուն նախագահեց կառավարութեան նիստին, ներկայութեամբ` վարչապետ Հասսան Տիապի: Քննարկուեցաւ 6 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը վաւերացուց ընդհանուր զօրաշարժը մինչեւ 24 մայիս երկարաձգելու Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի առաջարկը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն Լիբանանի նահատակներուն եւ նահատակ լրագրողներուն տօնին առիթով ողջունեց նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազատութեան եւ անկախութեան համար զոհուած իւրաքանչիւր նահատակ` մաղթելով, որ նոր սերունդները ներքին պատերազմներու ողբերգութիւնը չկրկնեն, իսկ քաղաքական անձնաւորութիւնները ջանան լիբանանցիներուն միջեւ տարակարծութիւններու սերմանումը կասեցնել: Ան կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի ներկայ դժուար պայմաններուն ընթացքին լիբանանցիներուն բեռը ամէն իմաստով կարելի ըլլայ մեղմացնել:
Իր կարգին, վարչապետ Տիապ ապահովութեան կառոյցներէն պահանջեց յաւելեալ խստութեամբ հսկելու ընդհանուր զօրաշարժին: Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ կազմ ու պատրաստ շարունակել իր աշխատանքը` հակառակ անոր որ անիւին մէջ բիրեր երկարողները մնայուն ներկայութիւն են: «Պէտք է հասկնալ, որ այս փուլին քաղաքական աւելորդաբանութեան առիթ չկայ, իսկ ուրիշներ, դժբախտաբար, բաժնեկցումի փափաքներով կը գոյատեւեն», հաստատեց ան:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ այս փուլին պէտք է բոլորը օժանդակեն կառավարութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը անյապաղ փրկել:
Նշենք, որ վարչապետ Տիապ հաստատեց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութիւնը միշտ բացառիկ եղած է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ ընդհանուր զօրաշարժը մինչեւ 24 մայիս երկարաձգելու կողքին, կառավարութիւնը ապահովութեան ուժերէն խնդրեց աւելի խստօրէն հսկել օրէնքներու գործադրութեան:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պարտականութիւն տուած է ներկայ ընկերութիւններէն վերստանձնել բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն տնօրինումը, իսկ «Լիպան Փոսթ» ընկերութեան աշխատանքի արտօնագիրը երկարաձգեց մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2020:
Ապտել Սամատ ըսաւ, որ նշանակումներու թղթածրարը չէ քննարկուած` նկատել տալով, որ այդ մէկը ներքին գործոց նախարարութեան իրաւասութիւններէն է, եւ աւելցնելով, որ նախարարը անուններ չէ առաջարկած:
«Կառավարութիւնը վերյիշեցուց դրամատուներուն` արտերկրի լիբանանցի ուսանողներուն գումարներու փոխանցումը դիւրացնելու իր յանձնառութիւնը եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ անոնք այս իմաստով աւելի արագ գործեն», հաստատեց Ապտել Սամատ:
Նշենք, որ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուուլ Նաամէ հաստատեց, որ կառավարութիւնը հինգշաբթի օրուան իր նիստին պիտի քննարկէ սղաճի թղթածրարը, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային տագնապի լուծման միջոցները:
Նախարար Օհանեան` Միակ Մերժողը
Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նշեց, թէ, երբ կառավարութեան նիստին ընթացքին օրակարգէ դուրս քննարկուած է աղբերու տագնապին հարցը, ինք եղած է միակը, որ մերժած է Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրը մէկուկէս մեթրով բարձրացնել:
Կառավարութիւնը աղբերու տագնապին հարցը քննարկելու լոյսին տակ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդին տուաւ Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրը մէկուկէս մեթրով բարձրացնելու պարտականութիւնը: