Լիբանանեան

Հըթթի Կը Հաստատէ Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Լիբանանի Յանձնառութիւնը Եւ Կը Ջանայ Յաջողցնել ՖԻՆԻՒԼ-ի Կեցութեան Երկարաձգումը

Հըթթի Կը Հաստատէ Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Լիբանանի Յանձնառութիւնը Եւ Կը Ջանայ Յաջողցնել ՖԻՆԻՒԼ-ի Կեցութեան Երկարաձգումը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերաբերող  հարցեր: Հըթթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրօ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մաս կազմելու Քանատայի թեկնածութիւնը: Միւս կողմէ, Հըթթի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պաալպեքի մէջ բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն կատարած է ներխուժում մը եւ ձերբակալած Խ. Ս. անուան սկզբնատառերը կրող քաղաքացին, որ ընտանեկան հարցի մը պատճառով մեղսակցած էր կրակոցներուն եւ զինեալ բախումներուն, որոնք հասած էին «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետերու գործածութեան աստիճանին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը խուզարկումները կը շարունակէ` ձերբակալելու համար...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 1220-ի, Մահուան Պարագաներունը Հասաւ 27-ի,  Իսկ Բուժուածներուն Թիւը` 712-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1220-ի, Մահուան Պարագաներունը Հասաւ 27-ի, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը` 712-ի

Մինչ Լիբանան Կ՛ուղղուի Դէպի Բնականոնացում` Ժողովրդային Շարժումի Ցոյցերը Դարձեալ Հրապարակ Կը Վերադառնան Այս շաբաթ կ՛ամբողջանայ «Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամին դէմ պայքարելու ծիրին մէջ գործադրուող ընդհանուր զօրաշարժը, միակ տարբերութեամբ, որ կրակմարի դրութիւնը պիտի սկսի կէս գիշերին եւ պիտի տեւէ մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00` շարունակելով ներառել ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերով երթեւեկելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ հետիոտն ու ինքնաշարժով փոխադրուողներուն դիմակ կրելու պարտադրանքը: Ներքին...

Աննա Յակոբեան Հեռաձայնային Զրոյց  Ունեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հետ

Աննա Յակոբեան Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հետ

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կնոջմէն` Աննա Յակոբեանէն: Զրոյցին ընթացքին Ա. Յակոբեան շնորհաւորեց Վ. Օհանեանի նախարարութեան պաշտօնը` մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք: Քննարկուեցաւ նաեւ լիբանանահայութեան իրավիճակը, անոր դիմաց ցցուող դժուարութիւններն ու զանոնք յաղթահարելու կարելիութիւնները: Աննա Յակոբեան յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու «Զուարթնոց» կեդրոնի աշխատանքներուն եւ աշակերտներուն...

Վարչապետարանին Մէջ.  «Լումայափոխները Չորեքշաբթի  Օր Պիտի Վերսկսին Աշխատանքի»   Շեշտեց Մահմուտ Հալաուի

Վարչապետարանին Մէջ. «Լումայափոխները Չորեքշաբթի Օր Պիտի Վերսկսին Աշխատանքի» Շեշտեց Մահմուտ Հալաուի

Վարչապետ Հասսան Տիապ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց լումայափոխներու պատուիրակութիւն մը, ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնիի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի, կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի նախարար Տըմիանոս Քաթթարի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի: Հանդիպումէն ետք լումայափոխներուն անունով խօսք առաւ Մահմուտ Հալաուի, որ յայտնեց, թէ լումայափոխներու սենտիքայի իբրեւ ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցած են վարչապետին հետ` շեշտելով, որ հանդիպումը...

«Ռաշիտ Քարամէի Սպանութիւնը Գործուեցաւ  Լիբանանի Միասնականութիւնը Թիրախ  Դարձնող Ծրագիրի Շրջագիծին Մէջ»  Շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ

«Ռաշիտ Քարամէի Սպանութիւնը Գործուեցաւ Լիբանանի Միասնականութիւնը Թիրախ Դարձնող Ծրագիրի Շրջագիծին Մէջ» Շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ

Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ երէկ Թրիփոլիի իր գրասենեակին մէջ արտասանեց խօսք մը` նուիրուած իր հօրեղբօր, նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի նահատակութեան 33-ամեակին: Ան հաստատեց, որ Ռաշիտ Քարամէ ապրած է եւ նահատակուած` ի խնդիր Լիբանանին: «Զարմանալին այն է, որ այսօր լիբանանցիները վերադարձած են դաշնակցային պետութեան յանկերգին, առանց ըմբռնելու այն իրողութիւնը, թէ անիկա անվերադարձ մեկնած է: Մէկ պետութեան փոխարէն դաշնակցային պետութեան...

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Այցելեց Ժոմպլաթի Եւ Ժեմայէլի

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելեց Ժոմպլաթի Եւ Ժեմայէլի

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա շաբաթ երեկոյեան այցելեց Մուխթարայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, ներկայութեամբ Ժոմպլաթի կնոջ` Նուրա Ժոմպլաթի եւ դստեր` Տալիա Ժոմպլաթի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները: Շիա դարձաւ Ժոմպլաթի ընթրիքի հիւրը: Երէկ երեկոյեան Շիա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան նոր պատժամիջոցները թիրախ կը դարձնեն Հըզպալլան, «սակայն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ մերժելի է վարչակարգի այն բարեկարգումը, որ կը վերացնէ Լիբանանը: «Լիբանանը` իբրեւ արժէք, տակաւին միջազգային հետաքրքրութեան կեդրոն է, հետեւեաբար ան առանձին ու լքուած չէ», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը: Ան հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները իրաւունք չունին կատարեալ պատասխանատուութեամբ չգործելու: ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1172-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 705

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1172-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 705

«Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամին դէմ պայքարելու ծիրին մէջ գործադրուող ընդհանուր զօրաշարժը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 7 յունիս 2020, սկսած է ներառել ո՛չ միայն ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերով երթեւեկելու իրաւունքը, այլ նաեւ հետիոտն փոխադրուողներուն եւ ինքնաշարժով փոխադրուողներուն դիմակի պարտադրութիւնը: Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Ժոզեֆ Մսալլեմ յայտնեց, թէ ոեւէ քաղաքացի, որ դիմակ չի կրեր, 50.000 լ. ոսկիի տուգանք...

Խորհրդարանը Վաւերացուց Դրամատնային Գաղտնիութիւնը Վերացնող Օրէնքը, Իսկ Համաներման Օրինագիծը Առկախուեցաւ

Խորհրդարանը Վաւերացուց Դրամատնային Գաղտնիութիւնը Վերացնող Օրէնքը, Իսկ Համաներման Օրինագիծը Առկախուեցաւ

Խորհրդարանը հինգշաբթի, 28 մայիսին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ, նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, գումարեց իր օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց դրամատնային գաղտնիութիւնը վերացնելու եւ Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներու նշանակումներու գործիքակազմի օրէնքները, «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի յատուկ օրինագիծը փոխանցուեցաւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն` յաւելեալ քննարկումի նպատակով, իսկ համաներման օրինագիծը առկախուեցաւ: Կէսօրէ առաջ գումարուած նիստին ընթացքին վաւերացուեցաւ նաեւ 2020-ի պետական ամավարկին վրայ 1200 միլիառ լ. ոսկիի...

Կառավարութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

Կառավարութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 14:00-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ նախագահ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնած է արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներուն նախարարութեան այն պահանջին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգուի: Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը համաձայն...

Նաքուրայի Մէջ.  «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Ընտանիքին` Անոր Գործադրութիւնը Պարտադրելու Թշնամի Իսրայէլի Վրայ»  Շեշտեց Վարչապետ Տիապ

Նաքուրայի Մէջ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Ընտանիքին` Անոր Գործադրութիւնը Պարտադրելու Թշնամի Իսրայէլի Վրայ» Շեշտեց Վարչապետ Տիապ

Վարչապետ Հասսան Տիապ իր պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով չորեքշաբթի, 27 մայիս 2020-ին այցելեց Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու կեդրոն: Տիապի ընկերակցեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն: Վարչապետ Տիապ պաշտպանութեան նախարար Աքըր լիբանանեան բանակի ուղղաթիռներով փոխադրուեցան Սուր, ուր անոնք այցելեցին բանակի «Պանու Պարաքաթ»-ի զօրանոցը` հանդիպում մը ունենալով լիբանանեան բանակի հարաւային...

«Մեծ Պատերազմի Սանձազերծուելուն Պարագային Իսրայէլ Պիտի Վերանայ»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Մեծ Պատերազմի Սանձազերծուելուն Պարագային Իսրայէլ Պիտի Վերանայ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան 20-ամեակին եւ Դիմադրութեան տօնին  առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «Նուր» ռատիոկայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց Իսրայէլը` հաստատելով, որ անոր կողմէ Մեծ պատերազմի սանձազերծուելուն պարագային ան պիտի վերանայ: «Դիմադրութեան առանցքը այս իմաստով կը մտածէ Իսրայէլի դէմ տարբեր ճակատներ բանալու մասին», ընդգծեց ան: Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իսրայէլացիները կը խոստովանին, որ իրենց դէմ կռուողներուն տարբերութիւնը այն է,...

Մինչեւ 7 Յունիս Երկարաձգուած Ընդհանուր  Զօրաշարժին Ընթացքին Դիմակներ  Չկրողները Պիտի Տուգանուին

Մինչեւ 7 Յունիս Երկարաձգուած Ընդհանուր Զօրաշարժին Ընթացքին Դիմակներ Չկրողները Պիտի Տուգանուին

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1140-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 689 Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր զօրաշարժը եւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00 տիրող կրակմարի դրութիւնը, որ պիտի երկարի մինչեւ 7 յունիս, նկատի ունենալով այդ մասին կառավարութեան վաւերացուցած Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին յանձնարարութիւնը, պիտի գործադրուի յաւելեալ խստութեամբ: Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց...

Նախագահական Պալատը Կը Հերքէ  Հանրապետութեան Նախագահ Միշել Աունի  Մահուան Մասին Լուրերը

Նախագահական Պալատը Կը Հերքէ Հանրապետութեան Նախագահ Միշել Աունի Մահուան Մասին Լուրերը

Նախագահական պալատը անցեալ երկուշաբթի օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մահացած է: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ յայտարարութիւնները կը միտին երկրին մէջ քաոս ստեղծել եւ քաղաքացիները մտահոգել: «Հանրապետութեան նախագահութիւնը կտրականապէս կը հերքէ բոլոր ապատեղեկատուութիւնները` հաստատելով, որ շրջանառութեան մէջ դրուած պատմութիւնները անճիշդ են, եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին զանոնք նկատի...

Միւֆթի Տըրիան Կը Մերժէ Սահմանադրութեան  Խախտումը Եւ Վարչապետին  Իրաւասութիւններուն Լուսանցքայնացումը

Միւֆթի Տըրիան Կը Մերժէ Սահմանադրութեան Խախտումը Եւ Վարչապետին Իրաւասութիւններուն Լուսանցքայնացումը

Ֆիթրի տօնին առիթով վարչապետ Հասսան Տիապ եւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Կեդրոնական Պէյրութի «Մոհամետ Ամին» մզկիթին մէջ կատարեցին օրուան նամազը, որուն ընթացքին միւֆթի Տըրիան իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ կը մերժէ սահմանադրութեան խախտումն ու վարչապետի իրաւասութեանց լուսանցքայնացումը: Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը կարելի է իրագործել դատական իշխանութիւններուն ճամբով` հարց տալով, թէ ի՞նչ եղած են դատական...

«Կը Մաղթենք Ազատագրել  Նաեւ Մարդն Ու Հայրենիքը»   Շեշտեց Նախարար Օհանեան – Գէորգեան

«Կը Մաղթենք Ազատագրել Նաեւ Մարդն Ու Հայրենիքը» Շեշտեց Նախարար Օհանեան – Գէորգեան

Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով, երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան - Գէորգեան կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը. «Լիբանանի ազատագրման յիշատակին առիթով փառք ու պատիւ կը զգանք: Կը մաղթենք, որ միասնաբար գործենք` ազատագրելու համար նաեւ մարդն ու հայրենիքը` փտածութենէն ու համայնքայնութենէն, որպէսզի մեր յաղթանակը կրկնապատկուի ու ամրապնդուի»:    

Պըրրի Վաղը Պիտի Նախագահէ  Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստին

Պըրրի Վաղը Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վաղը` հինգշաբթի, 28 մայիս 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ պիտի նախագահէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 37 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան ընդվզած է միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալանի արտայայտութիւններէն եւ լիբանանեան վարչակարգին դէմ ուղղուած անոր քննադատութիւններէն: Նշենք, որ Ֆիթրի եւ Դիմադրութեան ու ազատագրութեան տօներուն...

Պլիտայի Մէջ.  ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն  Եւ Քաղաքացիներուն Միջեւ Հարց

Պլիտայի Մէջ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Եւ Քաղաքացիներուն Միջեւ Հարց

Երկուշաբթի երեկոյեան Պլիտա գիւղաքաղաքին մէջ հարց մը պատահած է` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ֆինլանտական ջոկատին եւ քաղաքացիներուն միջեւ, երբ ֆինլանտական ուժերը ՖԻՆԻՒԼ-ի յատուկ զրահապատով մը բախած են «Ռափիտ» տիպի զոյգ ինքնաշարժներու եւ մոթորսիքլեթի մը: Այս դէպքին դէմ բողոքի իբրեւ քայլ Պլիտայէն երիտասարդներ փակած են գիւղաքաղաքին մուտքերը, այդ պատճառով ալ ֆինլանտական ուժերուն շրջուն ջոկատին մաս կազմող զինուորները ուղղուած են Մայս Էլ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, ինչպէս նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի: Ապտալ Սամատ Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորեց հոգեւոր պետերը` բարձր գնահատելով այս դժուար պայմաններուն մէջ անոնց արտասանած չափաւորական քարոզները: «Բոլորս գործընկերներ ենք եւ կը յուսանք, որ երկիրը պիտի առաջնորդենք տնտեսական-ելեւմտական կայունութեան», շեշտեց ան: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղատա Շրէյմ...

Page 491 of 988 1 … 490 491 492 … 988

Արխիւներ