Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան 20-ամեակին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «Նուր» ռատիոկայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց Իսրայէլը` հաստատելով, որ անոր կողմէ Մեծ պատերազմի սանձազերծուելուն պարագային ան պիտի վերանայ: «Դիմադրութեան առանցքը այս իմաստով կը մտածէ Իսրայէլի դէմ տարբեր ճակատներ բանալու մասին», ընդգծեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իսրայէլացիները կը խոստովանին, որ իրենց դէմ կռուողներուն տարբերութիւնը այն է, որ անոնք կը հաւատան, կը պայքարին, չեն յուսահատիր, չեն յոգնիր եւ չեն ձանձրանար` աւելցնելով, որ հոգեկան այն բոլոր ապրումները մարմնաւորուեցան 2006-ի յուլիսեան պատերազմին, եւ մինչեւ օրս այդպէս կը շարունակուին:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ հոգիի ու հաւատքի չափանիշները կը կազմեն Դիմադրութեան հիմքը` աւելցնելով, որ ներկայիս Դիմադրութիւնը ունի զինուորական այնպիսի կարողութիւններ, մարտիկներու հսկայայկան թիւ, ծրագիրներ, մարտավարութիւններ, որոնք 2000-ին չկային, սակայն Դիմադրութեան զօրութեան հիմնական եւ գլխաւոր ազդակը կը մնայ ոգին:
«Թշնամի Իսրայէլ գիտէ, որ Լիբանանի մէջ կայ կողմ մը, որուն հետ ճակատումը բաւական դժուար է», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով իսրայէլեան բռնագրաւումի պատմական իրողութեան` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ 1982-էն ի վեր Իսրայէլ Յորդանանի դէմ դաւադրութիւններ կը գործէ` աւելցնելով, որ այդ դաւադրութիւնը մինչեւ օրս առկայ է` «Դարու գործարք»-ին բերումով, «որովհետեւ Յորդանանի մէջ Պաղեստինեան հայրենիքի մը կերտման այլընտրանքը տակաւին առկայ է իսրայէլեան գոյացութեան մօտ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Պարաք հաստատած է, որ երբ Շարոն Լիբանան ներխուժած է, անոր նպատակը եղած է պաղեստինեան դիմադրութիւնը դուրս բերել Լիբանանէն եւ Ժեմայէլ ընտանիքը իշխանութեան հասցնել: «Նպատակը այն էր, որ պաղեստինցիները Յորդանանի մէջ համախմբէին եւ յորդանանեան Հաշեմական իշխանութիւնը տապալէին ու անոր փոխարէն հիմնէին Պաղեստին մը` իբրեւ այլընտրանքային հայրենիք:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Լիբանանը ամբողջութեամբ մասնակցած է հարաւային Լիբանանի ազատագրումին` աւելցնելով, որ 2000-ին Դիմադրութեան վարուելակերպը Լիբանանը փրկած է համայնքային եւ քաղաքացիական պատերազմէ մը, որ ծրագրուած էր Իսրայէլի կողմէ: «Երբ Լահտեան բանակը տապալեցաւ, իսրայէլացիները փախուստ տուին, եւ Դիմադրութեան մարտիկներն ու ժողովուրդը մուտք գործեցին ազատագրուած շրջանները, մէկը միւսին չսպաննեց, աւազակութիւն եւ քանդում չկատարուեցաւ, սպանդներ չեղան, իսկ անձնատուր եղողները յանձնուեցան լիբանանեան բանակին:
«Իսրայէլեան գոյացութեան վերացման հարցը ժամանակի հարց է, որովհետեւ անիկա շինծու գոյացութիւն մըն է, իսկ իսրայէլեան ուժերուն չտապալելու առասպելը արդէն իսկ վերացած է, որովհետեւ անոնք ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ տապալեցան, այլեւ` Կազայի մէջ եւս պիտի տապալին», նշեց ան:
2000-ին Լիբանանի մէջ տիրող ներքին մթնոլորտին անդրադառնալով սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ օրին մթնոլորտը այսօրուան իրավիճակէն աւելի լաւ չէր, ուղղահայեաց երկփեղկումը առկայ էր, եւ օր մը օրանց Դիմադրութեան նկատմամբ համախոհութիւն չէ գոյացած:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Միացեալ Նահանգներուն շրջան հասնիլը փաստ մըն է, որ Դիմադրութեան առանցքը յառաջացած է, եւ Իսրայէլ շրջանին մէջ ամերիկեան շահերը չի կրնար պաշտպանել: «Հետեւաբար Միացեալ Նահանգներ ստիպուած ուղղուած են շրջան իրենց նաւատորմով, խարիսխներով եւ ուժերով», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իսրայէլ լաւ գիտէ, թէ Դիմադրութիւնը կրկնապատիկ ու քառապատիկ բարելաւած է զինուորական իր կարողութիւնները` նշելով նաեւ, որ այսօր պաղեստինցիներուն մօտ ամէն ժամանակէ աւելի առկայ է Դիմադրութեան ընտրանքին կառչածութիւնը:
Սուրիոյ մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ իսրայէլեան գոյացութիւնը կը յուսար, որ սուրիական վարչակարգն ու բանակը տապալին, եւ Հըզպալլան տուն վերադառնայ: «Սակայն երբ իսրայէլացիները նշմարեցին, թէ Սուրիա կը յաղթէ եւ սկսած է ինքզինք գտնել, ապա անոնք սկսան կարգ մը կանոններ փոփոխութեան ենթարկել: Այսօրուան դրութեամբ տարազը այն է, որ թշնամի Իսրայէլին կողմէ որեւէ սպանութիւն գործուելու պարագային, անմիջապէս պատասխանը կը ստանայ ան իսրայէլեան որեւէ շրջանի մէջ: Ահաբեկչութեան դէմ մղած պատերազմին ընթացքին, Սուրիոյ շահերուն չէր ծառայեր Իսրայէլի դէմ պատերազմական վիճակի մէջ ըլլալը: Համբերութեան եւ հանդուրժողութեան շրջագիծին մէջ կան շարք մը օրէնքներ, որոնք տակաւին տիրական կը մնան, իսկ Սուրիոյ մէջ իսրայէլացիներուն կատարածը ոչ մէկ նպատակ կրցած է իրագործել», ըսաւ ան:
Ներքին լիբանանեան առումով, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը փոփոխութեան ենթարկել, «մինչդեռ իսրայէլացիները կը փափաքին, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն յաւելեալ իրաւասութիւններ տրուին, եւ անոնք կարենան ներխուժումներ եւ խուզարկումներ կատարել` լիբանանեան անձնական կալուածներու պարագային: Այս իմաստով Ուաշինկթըն եւս ճնշում կը բանեցնէ Լիբանանի վրայ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան նշեց, որ Հըզպալլա չի մերժեր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ներկայութիւնը` ընդգծելով սակայն, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը փոփոխութեան ենթարկելը յուլիսեան պատերազմի բանակցութիւններուն նպատակներէն մէկն էր, եւ կարելի չէ Լիբանանին նման բան ստիպել:
«Ներքին լիբանանեան քաղաքական առումով Հըզպալլա ոչ ոք կը փափաքի ջնջել, այլ` կը ջանայ քաղաքական բարեկարգման աշխատանք տանիլ` Լիբանանը փրկելու հաւանական պատերազմէ եւ համայնքային դրութեամբ երկիրը բաժնելէ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ պէտք է առիթ տալ, որ Հըզպալլա իր ձեւով պայքարի փտածութեան դէմ` շեշտելով, որ առանց դատական իշխանութեան կարելի չէ փտածութեան դէմ պայքարիլ:
«Երեսփոխանական ընտրութիւնները առիթ են, որ ժողովուրդը հաշուետուութեան ենթարկէ փտածներն ու արտայայտէ լիբանանցիներուն կամքը», յայտնեց ան:
17 հոկտեմբերին սկսած ցոյցերուն անդրադառնալով սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Եթէ այդ ցոյցերը առանց քաղաքական շահագործումի շարունակուէին, ապա նախկին կառավարութիւնը, որուն հրաժարականին համաձայն չէինք, կրնար իր շուրջ հաւաքել բոլոր ղեկավարները եւ գործադրել ժողովուրդը գոհացնող շարք մը բարեկարգումներ»:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ պէտք է տնտեսական կացութիւնը ամէնէն արագ միջոցին բարելաւել` աւելցնելով, որ Հըզպալլա չմերժեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները, հակառակ անոր որ Հըզպալլա այդ քայլը սխալ կը նկատէ, ինչպէս նաեւ անճիշդ կը գտնէ այն մօտեցումը, թէ միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցելէ բացի այլընտրանք գոյութիւն չունի:
«Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է հասկնայ, որ երկրին արտադրութիւնները, յատկապէս լիբանանեան երկրագործական մարզի արդիւնաբերութիւնը կարելի է Իրաքի մէջ սպառել եւ այս իմաստով գործակցիլ Սուրիոյ հետ: Սակայն այս բոլորը կատարելու համար քաղաքական որոշումի կարիք կայ», նշեց ան:
Դրամատնային մարզին անդրադառնալով սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ դրամատուները պէտք է օժանդակեն տնտեսական կացութեան բարելաւումին:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ դաշինքը ամուր եւ անխախտ հիմերու վրայ զետեղուած է: Ան շեշտեց, որ այդ յարաբերութիւնները դժուար պայմաններէ անցած են, սակայն տոկացած ու գոյատեւած են:
«Երբ դաշնակից քաղաքական ուժեր կ՛ըսենք, պէտք չէ հասկնալ, որ անոնք ճիշդ նոյնն են եւ տարակարծութիւններ չունին: Մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող այս տարբերութիւնները չեն արտօներ, որ մենք մեր միջեւ դաշինքը քանդենք», ըսաւ ան:



