Վարչապետ Հասսան Տիապ իր պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով չորեքշաբթի, 27 մայիս 2020-ին այցելեց Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու կեդրոն:
Տիապի ընկերակցեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն:
Վարչապետ Տիապ պաշտպանութեան նախարար Աքըր լիբանանեան բանակի ուղղաթիռներով փոխադրուեցան Սուր, ուր անոնք այցելեցին բանակի «Պանու Պարաքաթ»-ի զօրանոցը` հանդիպում մը ունենալով լիբանանեան բանակի հարաւային Լիթանիի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Մարուն Քպայլաթի եւ բանակի շարք մը սպաներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Տիապ զօրակցութիւն յայտնեց բանակին եւ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնն ու հարաւի բնակիչները պաշտպանելու անոր ջանքերուն:
«Դուք հոս լիբանանեան պետութիւնն ու օրինականութիւնը կը ներկայացնէք: Կ՛ողջունեմ բոլորդ եւ կը մաղթեմ, որ անփորձանք մնաք», ըսաւ Տիապ:
Ապա անոնք փոխադրուեցան Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կեդրոնը:
Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերն ու լիբանանեան բանակը 2006-ի պատերազմէն ետք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պաշտպանելու համար հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը: «Լիբանան կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին` անոր գործադրութիւնը պարտադրելու թշնամի Իսրայէլի վրայ», ընդգծեց Տիապ:
Ան շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ բանակին միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Տել Քոլ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը կարեւոր է երկրին կայունութիւնը պաշտպանելու համար:
Ան հաստատեց, որ վարչապետ Տիապի այցելութիւնը պիտի քաջալերէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը:
Վարչապետ Տիապ Այցելեց Ռաս Պաալպեք
Վարչապետ Տիապ երէկ առաւօտեան այցելեց Ռաս Պաալպեքի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի «Էլիաս Խուրի» զօրանոցը, ուր հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը ազգային պատկանելիութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան հսկողութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան արմատացումի յոյսն է:
«Լիբանանեան բանակը երկրին պետութեան հեղինակութիւնը պարտադրելու եւ լիբանանցիներուն ձգտումները իրականացնելու լաւագոյն հասցէն է: Բանակով է միայն, որ կը պաշտպանուի ապահովական կայունութիւնը, համայնքային, յարանուանական թէ քաղաքական կողմնակալութիւններէ հեռու», հաստատեց Տիապ:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները բոլոր շրջաններուն մէջ փոփոխութիւն կը պահանջեն, «փոփոխութիւն մը, որ զանոնք համայնքներու եւ յարանուանութիւններու պետութենէն կը փոխադրէ միացեալ պետութեան մը», ըսաւ ան:
Վարչապետ Տիապ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը մշակած է տնտեսական բարեկարգումի ծրագիր մը, որուն գործադրութեամբ երկրին տնտեսական առօրեան պիտի փոխուի եւ պիտի բարեկարգուի` ի վերջոյ լիբանանեան ազգային տնտեսութեան ամբողջական ապաքինումը ապահովելով:
Տիապ իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ ապօրինի անցքերէն կատարուող մաքսանենգումին վերջ պիտի տան, որպէսզի կասեցնեն անոր պատճառով լիբանանեան պետութեան հասած հսկայական վնասը:



