ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, ինչպէս նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի:
Ապտալ Սամատ Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորեց հոգեւոր պետերը` բարձր գնահատելով այս դժուար պայմաններուն մէջ անոնց արտասանած չափաւորական քարոզները: «Բոլորս գործընկերներ ենք եւ կը յուսանք, որ երկիրը պիտի առաջնորդենք տնտեսական-ելեւմտական կայունութեան», շեշտեց ան:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղատա Շրէյմ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կա՛մ այն է, որ դրամատնային գաղտնիութեան վերացման օրէնքը կը վաւերացուի եւ դուրս փոխանցուած գումարները կը վերադարձուին Լիբանան, կա՛մ ալ բարեկարգում կամ հաշուետուութիւն կարելի չ՛ըլլար կատարել»:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իսրայէլեան օդուժի չորս օդանաւեր Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործած են` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ: Ըստ բանակին հաղորդագրութեան, իսրայէլեան օդուժին կողմէ թռիչքներ գործուած են Նաքուրայի, Ռըմէյշի, Քֆարքիլայի, Պէյրութի, Հարաւային արուարձաններու, Պաապտայի, Լեռնալիբանանի, Շուֆի, Ալէյի եւ Եարունի վերեւ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասսատ Տըրղամ յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կապերը ամուր են, «սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ զոյգ քաղաքական ուժերը երկուորեակներ են, որովհետեւ կան հարցեր, որոնց շուրջ անոնք տարբեր կարծիքներ ունին: «Բայց եւ այնպէս մենք կատարեալ համոզում ունինք, որ ազգային սկզբունքները երբեք թիրախ պէտք չէ դառնան», հաստատեց ան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը յանձնառու կը մնայ երկիրը դէպի արտադրողական տնտեսութիւն փոխադրելու, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարը շարունակելու:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ պահանջուած է յառաջիկայ փուլին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին հետ յաւելեալ գործակցութիւն ունենալ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մըրատ անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը քաջալերէ այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք քաղաքացին կը մղեն երկրագործութիւնը զարգացնելու: