Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1220-ի, Մահուան Պարագաներունը Հասաւ 27-ի, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը` 712-ի

Յունիս 1, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մինչ Լիբանան Կ՛ուղղուի Դէպի Բնականոնացում` Ժողովրդային
Շարժումի Ցոյցերը Դարձեալ Հրապարակ Կը Վերադառնան

Այս շաբաթ կ՛ամբողջանայ «Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամին դէմ պայքարելու ծիրին մէջ գործադրուող ընդհանուր զօրաշարժը, միակ տարբերութեամբ, որ կրակմարի դրութիւնը պիտի սկսի կէս գիշերին եւ պիտի տեւէ մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00` շարունակելով ներառել ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերով երթեւեկելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ հետիոտն ու ինքնաշարժով փոխադրուողներուն դիմակ կրելու պարտադրանքը:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին երէկ հրապարակեց նոր շրջաբերական մը, իսկ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար հաւանական նկատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը իր դռները վերաբանայ, եւ քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը վերսկսի 21 յունիս 2020-ին: Ան նկատել տուաւ նաեւ, թէ նախատեսելի է, որ կառավարութիւնը որոշէ արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու Դ. փուլին մանրամասնութիւնները:

«Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի եւ նախազգուշութիւններու ազգային յանձնախումբը երէկ առաւօտեան գումարեց նիստ մը, նախագահութեամբ` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմարի եւ ներկայութեամբ երիտասարդութեան հարցերու ու մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, առողջապահութեան հարցերու վարչապետի խորհրդատու Փեթրա Խուրիի, ներքին գործոց եւ աշխատանքի նախարարութիւններուն ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ մարզական տարբեր ակումբներու եւ մարզահամալիրներու պատասխանատուներու ու բժիշկներու:

Նիստէն ետք նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, թէ նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ ընդհանուր զօրաշարժի ընթացքին մարզական բնագաւառին կացութիւնը` աւելցնելով, որ քննարկուած են այն չափանիշները, որոնք պէտք է որդեգրուին` վերաբանալու համար մարզական կեանքը` ակումբները, մարզահամալիրներն ու դաշտերը:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ որդեգրուելիք չափանիշներու միացեալ գործիքակազմը պիտի գործադրուի ամբողջ Լիբանանի տարածքին, ինչպէս նաեւ այդ մարզին մէջ գործողներուն համար պիտի կազմակերպուին փորձառական յատուկ աշխատանքներ, որպէսզի կարելի ըլլայ գործիքակազմը ճշգրիտ կերպով գործադրել, եւ այդ աշխատանքին գործադրութենէն շաբաթ մը ետք կարելի ըլլայ մարզական ոլորտը եւս վերաբանալ:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ այդ գործիքակազմին գործադրութիւնը պիտի կատարեն ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, առողջապահութեան եւ աշխատանքի նախարարութիւնները:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1220-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 29 նոր վարակուածներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 27 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 712 ուրիշներ` բուժուած:

Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղացիներուն շարքին արձանագրուած են 2 վարակուածներ, իսկ արտերկրի լիբանանցիներուն մէջ` 27:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ, ընկերակցութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Իմատ Հուպալլայի, այցելեց Հերմելի կառավարական հիւանդանոց, որուն տնօրէնին յանձնեց շնչառական յատուկ երկու սարքեր` նուիրուած իրանեան պետութեան կողմէ:

Այցելութենէն ետք Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին բժշկական օժանդակութիւն հայթայթած բոլոր պետութիւններուն` Քաթարի, Քուէյթի եւ Իրանի:

Հասան ներկայ գտնուեցաւ Նապի Շիթ գիւղաքաղաքին մէջ «Աքուա լա վի ժեմ լօ» ըմպելի ջուրի ընկերութեան բացման արարողութեան` հաստատելով, որ այս ջուրին երաշխիքներով առողջապահութիւնը կը հզօրացնենք, եւ բոլորս միասին կը գործենք` ի խնդիր մարդ արարածին շահերուն եւ անոր առողջութեան:

«Մարտահրաւէրներու դիմակայման կառավարութեան հիմերուն վրայ միասնաբար կը գործենք` տնտեսական աշխուժ ապագայի մը կերտման ի խնդիր», ըսաւ ան:

Նկատի ունենալով ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած վերոնշեալ շրջաբերականին մանրամասնութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ դիմակներ կրելը կը մնայ պարտադիր, ընկերային հեռաւորութիւնները պահելն ու համախմբումներէ հեռու մնալը` անհրաժեշտ նախազգուշութիւններ:

Անոնցմէ անկախ, այսօրուընէ սկսեալ կրակմարի դրութիւնը կը սկսի կէս գիշերին եւ կ՛աւարտի առաւօտեան ժամը 5:00-ին:

Ինքնաշարժներու եւ մոթորսիքլեթներու երթեւեկութեան պարագային ինքնաշարժի զոյգ եւ անզոյգ թիւերու դրութիւնը պիտի պահուի. այս օրէնքէն զերծ պիտի կացուցուին հանրային փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու երթեւեկը:

Այսօր պիտի վերաբացուին նաեւ հսկայ հանրախանութները (մոլերը), բացառութեամբ` շարժապատկերի սրահներուն եւ երեխաներու յատուկ խաղավայրերուն:

Բոլոր ճաշարանները, սրճարաններն ու ճաշ առաքողները կրնան աշխատիլ մինչեւ կէս գիշեր:

Քազինօ տիւ Լիպանը, թանգարանները եւ հսկայ վաճառատուները պիտի վերաբանան իրենց դռները:

Լողաւազանները եւ լողափները պիտի վերսկսին աշխատանքի, պայմանով որ անոնք կատարեն հարկ եղած բոլոր քննութիւններն ու օգտագործեն քլոր, իսկ իրենց կատարած քննութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները ցուցադրեն լողաւազանին կամ լողափին մուտքին:

Բանջարեղէնի, հաւեղէնի, մսեղէնի եւ ձկնեղէնի շուկաները, փուռերը, ալրաղացները, լումայափոխները, դրամատուները, պահակութեան ընկերութիւնները, պանդոկները, հեռաձայնային եւ ջուրի ընկերութիւնները, բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւնները, պենզինի կայարանները, ինչպէս նաեւ դեղորայքի յատուկ գործարանները շուրջօրեայ դրութեամբ կրնան գործել:

Մանկամսուրները, մարզական ակումբները, գիշերային ակումբներն ու գինետուները, հանրային պարտէզներն ու խաղավայրերը, թատերասրահներն ու շարժապատկերի սրահները, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներ հիւրընկալող դահլիճներն ու համացանցի խաղի սրահները կը շարունակեն մնալ փակ:

Ցուցարարները Նստացոյցեր Կատարեցին Նախագահական
Պալատի Ճամբուն Վրայ Եւ Խորհրդարանին Դիմաց

Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին ընկերային շարժումի մասնակից ցուցարարներ ուղղուեցան նախագահական պալատ, ուր անոնք բողոքեցին տիրող կացութեան դէմ:

Նախագահական պալատի ճամբուն վրայ ցուցարարներուն եւ բանակին միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:

Ապա ցուցարարները ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ եւ բողոքի նստացոյց մը կատարեցին պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրի բնակարանին դիմաց` պահանջելով ազատ արձակել Հասան անունով ցուցարար մը, որ ցոյցի ընթացքին ձերբակալուած էր:

Խորհրդարանի մուտքին ցուցարարներուն եւ խորհրդարանի ապահովութեան հսկող յատուկ ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ եւ լսուեցաւ կրակոց:

Ցուցարարները սպառնացին այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Զինուորական ատեանին դիմաց բողոքի նստացոյց կատարել` իրենց գործակից ցուցարարը ազատ չարձակելու պարագային:

Կէս գիշերին խորհրդարանի մուտքին ու Նահատակաց հրապարակին վրայ խաղաղութիւնը վերահաստատուեցաւ:

Նշենք, որ Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ ցուցարարներ քանդեցին «Ապտել Համիտ Քարամէի հրապարակ» անունը կրող ցուցանակը:

Ցուցարարներ կէս գիշերին փակեցին Սաատնայէլի մայրուղին, Մարժի մայրուղին, Աքքարի Պըպնին հրապարակը:

Նախորդը

Աննա Յակոբեան Հեռաձայնային Զրոյց Ունեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հետ

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Արայիկ Յարութիւնեանի Առաջին Պաշտօնական Հանդիպում Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?