ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պաալպեքի մէջ բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն կատարած է ներխուժում մը եւ ձերբակալած Խ. Ս. անուան սկզբնատառերը կրող քաղաքացին, որ ընտանեկան հարցի մը պատճառով մեղսակցած էր կրակոցներուն եւ զինեալ բախումներուն, որոնք հասած էին «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետերու գործածութեան աստիճանին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը խուզարկումները կը շարունակէ` ձերբակալելու համար նաեւ այլ յանցագործներ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի ընդունեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած միջոցառումները, որոնք կը միտին գործադրել ներքին գործոց նախարարութեան հրահանգները:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ յայտնեց, որ ինք ստորագրած է դատական իշխանութեան մարզին մէջ կատարուելիք նշանակումները, հակառակ անոր որ այդ մասին ինք կատարած է դիտողութիւններ, որոնց կառչած կը մնայ: «Այս փուլին, դատական իշխանութեան մարզին մէջ կատարուելիք նշանակումներէն աւելի կարեւոր է դատական իշխանութեան անկախութիւնը», հաստատեց Նաժըմ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխաններուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց գրեթէ անվճար անձնական դպրոցներուն վերաբերող թղթածրարը: Պատուիրակութիւնը պահանջեց կատարել այդ դպրոցներուն նիւթական փոխանցումները` նկատել տալով, որ անոնք փակուելու սեմին կը գտնուին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կատարուած բանակցութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Ուազնի յայտնեց, որ այդ բանակցութիւնները դրական կերպով եւ ճիշդ հունի մէջ կ՛ընթանան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ նշանակումներու հարցը լուծման կարիք ունի` աւելցնելով, որ ինք այս իմաստով լուծման կարելիութիւններ չի նշմարեր:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ ժամանակը հասած է արդէն, որ Հըզպալլա իր զէնքին մասին խորհրդակցութիւններ կատարէ եւ իր զէնքը կամովին յանձնէ լիբանանեան պետութեան:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու նշանակման գործիքակազմի օրէնքը հակասահմանադրական է` աւելցնելով, որ իրենք պիտի վիճարկեն այդ օրէնքը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ կը գործէ իր հօր` Օմար Քարամէի ուղեգիծով, որ նահատակ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի ալ ուղեգիծն է: «Կը զօրակցինք Ֆայսալ Քարամէին եւ կ՛ուխտենք անոր հետ Լիբանանը կերտելու մեր խոստումը պահել», հաստատեց Մըրատ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն lետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատած են, որ Հըզպալլան ապազինելու հարցը փողոցին մէջ արծարծուելիք թղթածրար մը չէ, այլ երկխօսութեամբ լուծուելիք թղթածրար մը, որ կը կատարուի շրջանային եւ միջազգային յարմար պայմաններու ընթացքին: