Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Պալատը Կը Հերքէ Հանրապետութեան Նախագահ Միշել Աունի Մահուան Մասին Լուրերը

Մայիս 27, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական պալատը անցեալ երկուշաբթի օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մահացած է:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ յայտարարութիւնները կը միտին երկրին մէջ քաոս ստեղծել եւ քաղաքացիները մտահոգել:

«Հանրապետութեան նախագահութիւնը կտրականապէս կը հերքէ բոլոր ապատեղեկատուութիւնները` հաստատելով, որ շրջանառութեան մէջ դրուած պատմութիւնները անճիշդ են, եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին զանոնք նկատի չունենալու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ապահովական կառոյցներն ու դատական իշխանութիւնները պիտի հետապնդեն այդ ապատեղեկատուութիւնները տարածող կողմերը, որպէսզի անոնց դէմ օրինական համապատասխան քայլերու դիմեն:

Միւս կողմէ, Ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան իր կարգին ընկերային ցանցին ընդմէջէն սպրդեցուց տեսանիւթ մը` նախագահ Աունի հետ հանդիպումին վերաբերող:

Քանաան յայտնեց, որ նախագահ Աունի մօտ վճռակամութիւն շօշափած է` ելեկտրականութեան մարզի բարեկարգումին, երկրին ապօրինի անցքերը հակակշիռի տակ առնելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորելու իմաստով:

Նշենք նաեւ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին` Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով:

Ռուհանի հաստատեց, որ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնը պատմական է եւ անիկա իրականացած է լիբանանցիներուն գոյատեւումին ու Դիմադրութեան շնորհիւ:

Ռուհանի շեշտեց, որ լիբանանցիներուն, կառավարութեան, լիբանանեան բանակին եւ Դիմադրութեան համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնը հիմնական ազդակ էր` թշնամիին դէմ Լիբանանի իրագործած նուաճումներուն:

 

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան Կը Մերժէ Սահմանադրութեան Խախտումը Եւ Վարչապետին Իրաւասութիւններուն Լուսանցքայնացումը

Յաջորդը

Մինչեւ 7 Յունիս Երկարաձգուած Ընդհանուր Զօրաշարժին Ընթացքին Դիմակներ Չկրողները Պիտի Տուգանուին

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?