Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըթթի Կը Հաստատէ Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Լիբանանի Յանձնառութիւնը Եւ Կը Ջանայ Յաջողցնել ՖԻՆԻՒԼ-ի Կեցութեան Երկարաձգումը

Յունիս 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերաբերող  հարցեր:

Հըթթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրօ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մաս կազմելու Քանատայի թեկնածութիւնը:

Միւս կողմէ, Հըթթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը ջանան հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կեցութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել` աւելցնելով, որ այս իմաստով դիւանագիտական պայքար կը մղուի` ՖԻՆԻՒԼ-ի աշխատանքներն ու խաղաղապահ ուժերուն թիւը նոյնը պահելու իմաստով:

Հըթթի հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` նկատի ունենալով այդ բանաձեւին բոլոր մանրամասնութիւնները:

Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վաղը` չորեքշաբթի, 3 յունիս 2020-ին, նախագահական պալատին մէջ պիտի ընդունի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրներու դեսպանները, որոնց ներկայութեան պիտի հաստատէ, որ Լիբանան կը փափաքի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կեցութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել` պահելով այդ ուժերուն նոյն թիւը, ինչպէս նաեւ պիտի ընդգծէ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ նախագահ Աուն բոլորին ուշադրութեան յանձնէ այն իրողութիւնը, որ Իսրայէլ նախանձախնդիր չէ միջազգային այդ բանաձեւին գործադրութեան:

Ֆուշէ Այցելեց Նաքուրա

Նշենք, որ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ այցելեց Նաքուրա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ:

Հանդիպումին քննարկուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերաբերող հարցեր:

Ֆուշէ հաստատեց, որ այս իմաստով Ֆրանսա կառչած կը մնայ իր կեցուածքին` աւելցնելով, որ ան 700 զինուորով միայն պիտի շարունակէ մաս կազմել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծէ, թէ Փարիզ յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի մշակման մէջ իր ունեցած դերակատարութեան:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միւֆթի Մալեք Շաար Կը Մերժէ Դարձեալ Ստանձնել Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Թրիփոլիի Միւֆթիի Պաշտօնը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?