Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա շաբաթ երեկոյեան այցելեց Մուխթարայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, ներկայութեամբ Ժոմպլաթի կնոջ` Նուրա Ժոմպլաթի եւ դստեր` Տալիա Ժոմպլաթի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:
Շիա դարձաւ Ժոմպլաթի ընթրիքի հիւրը:
Երէկ երեկոյեան Շիա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան նոր պատժամիջոցները թիրախ կը դարձնեն Հըզպալլան, «սակայն անոնք կրնան նաեւ ընդգրկել Հըզպալլայի զօրակցող որոշ կողմեր», աւելցուց ան:
Շիա դիտել տուաւ, որ ամերիկեան նոր պատժամիջոցները գործադրութեան պիտի դրուին այսօրուընէ սկսեալ:
Միւս կողմէ, Շիա այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Լիբանանի ու յատկապէս լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւնները:
Արծարծուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ կատարուած բանակցութիւնները, շեշտուեցաւ անոնց անմիջապէս սկսելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի կարիքները` տնտեսական եւ ելեւմտական իր տագնապներէն դուրս գալու համար:
Ժեմայէլ եւ Շիա հաստատեցին թիւ 1559 եւ թիւ 1701 միջազգային բանաձեւերը գործադրելու իմաստով Լիբանանի յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ Ժեմայէլ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի մնայ յեղափոխութեան սրտին մէջ եւ պիտի չշեղի աւելի լաւ ապագայ ունեցող Լիբանան մը կերտելու իր նպատակէն: