Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

May 30, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 14:00-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ նախագահ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնած է արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներուն նախարարութեան այն պահանջին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգուի:

Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է Ղոսթայի գործարանը օգտագործելու` աղբերու տեսակաւորման աշխատանքին համար, նկատի ունենալով, որ «Ֆինիքս էնըրճի» ընկերութիւնը ընդունած է կառավարութեան ճշդած նախապայմանները:

Ապտել Սամատ հաստատեց, որ կառավարութիւնը նշանակումներու թղթածրարին քննարկումը յետաձգեց յառաջիկայ հինգշաբթի օրուան նիստին` աւելցնելով, որ հիմնականին մէջ թեկնածուներու անուններուն շուրջ հարց չկայ, այլ անոնց յատկանիշներուն եւ ատակութեան:

Ապտել Սամատ նշեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն կառավարութենէն պահանջեց ելեկտրականութեան թղթածրարին վերաբերող նախարարաց խորհուրդի նախորդ նիստին տրուած որոշումը վերատեսութեան ենթարկել:

«Նախագահ Աուն նկատել տուաւ երեք ելեկտրակայաններ հիմնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի համար շուրջօրեայ ելեկտրականութիւն հայթայթել: Ան նշեց նաեւ, որ ելեկտրականութեան այս ծրագիրին գործադրութիւնը կարեւոր է Լիբանանի, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ Լիբանանի վարած բանակցութիւններուն համար», ըսաւ Ապտել Սամատ:

Տեղեկատուութեան նախարարը աւելցուց, որ նախագահ Աուն Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորած է բոլորը եւ կոչ ուղղած արձակուրդին պատճառով կուտակուած աշխատանքները, յատկապէս տնտեսական մարզին վերաբերող աշխատանքները կատարելու:

Ան նկատել տուաւ, որ վարչապետ Տիապ իր կարգին կառավարութեան ներկայացուց Նաքուրա եւ Ռաս Պաալպեք կատարած իր այցելութիւններուն արդիւնքները` հաստատելով, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գտնուող ապօրինի անցքերուն փակումը առիթ պիտի տայ հակակշիռի տակ առնելու մաքսանենգումը:

«Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան թղթածրարին առումով կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ իր աշխատանքային ծրագիրին եւ կը գործադրէ 8 ապրիլ 2019-ին ու 21 հոկտեմբեր 2019-ին նախկին կառավարութեան տուած որոշումները, որոնց համաձայն` ելեկտրակայաններ հիմնելու որոշումներ տրուած են: Իսկ 14 մայիս 2020-ին նախարարաց խորհուրդին տուած որոշումը կը նկատուի վերոնշեալ զոյգ որոշումներուն գործադրութեան շարունակութիւնը եւ ոչ մէկ ձեւով կը հակադրուի անոնց», ըսաւ Ապտել Սամատ:

Նշենք, որ նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան նիստին օրակարգը:

Նախորդը

Նաքուրայի Մէջ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Ընտանիքին` Անոր Գործադրութիւնը Պարտադրելու Թշնամի Իսրայէլի Վրայ» Շեշտեց Վարչապետ Տիապ

Յաջորդը

Խորհրդարանը Վաւերացուց Դրամատնային Գաղտնիութիւնը Վերացնող Օրէնքը, Իսկ Համաներման Օրինագիծը Առկախուեցաւ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.