Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց Դրամատնային Գաղտնիութիւնը Վերացնող Օրէնքը, Իսկ Համաներման Օրինագիծը Առկախուեցաւ

May 30, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը հինգշաբթի, 28 մայիսին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ, նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, գումարեց իր օրէնսդրական նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց դրամատնային գաղտնիութիւնը վերացնելու եւ Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներու նշանակումներու գործիքակազմի օրէնքները, «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի յատուկ օրինագիծը փոխանցուեցաւ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն` յաւելեալ քննարկումի նպատակով, իսկ համաներման օրինագիծը առկախուեցաւ:

Կէսօրէ առաջ գումարուած նիստին ընթացքին վաւերացուեցաւ նաեւ 2020-ի պետական ամավարկին վրայ 1200 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը աւելցնելու պահանջը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընկերային ապահովութեան ցանցին օժանդակել:

Երեկոյեան նիստը, որ սկսաւ ժամը 6:00-ին, փոթորկալի բնոյթ ստացաւ` համաներման վերաբերող օրինագիծի քննարկումին պատճառով:

Հակառակ երկար ժամանակի վրայ սերտուած եւ բազմիցս բարեփոխումներու ենթարկուած ըլլալուն, երբ նիստին ընթացքին Պըրրի առաջարկեց համաներման օրէնքը վաւերացնել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, մեծ թիւով երեսփոխաններ առարկեցին այդ օրէնքին դէմ:

Երեսփոխան Ասաատ Հարտան մերժեց համաներման օրէնքի վաւերացումը` հաստատելով, որ ինք կը մերժէ Իսրայէլէն գործակալներուն Լիբանան տունդարձը:

Պըրրի փորձեց ընդգծել, որ լիբանանեան ազգային դիմադրութեան հզօրագոյն միջոցը ազգային միասնականութիւնն է, եւ կոչ ուղղեց խորհրդարանին ազգային միասնականութեան իբրեւ կեցուածք վաւերացնելու համաներումը, սակայն օրէնքին դէմ եղողները մնացին անդրդուելի:

Ապա խօսք առաւ Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, որ ընդգծեց, թէ իրենք կը մերժեն համաներումը: Ան նշեց, որ այս օրինագիծին շուրջ կատարուող բանակցութիւններուն համաձայնած են մաս կազմել, ինչպէս նաեւ չեն փափաքիր այդ օրինագիծին շուրջ քուէարկութիւնը խոչընդոտել, բայց եւ այնպէս իրենք այդ օրինագիծին դէմ պիտի քուէարկեն, «բացի եթէ ուզուածը այն է, որ մենք հոս չըլլանք», ըսաւ Պասիլ:

Պըրրի հակազդելով Պասիլի այս խօսքին անկէ խնդրեց դարձեալ նման արտայայտութիւն չունենալ եւ տասը վայրկեաննոց դադար մը տուաւ նիստին` յաւելեալ խորհրդակցութիւններու նպատակով:

Դադարին ընթացքին, Պըրրի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի դահլիճներէն մէկուն մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Պասիլի, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաանի, Հատի Հպէյշի, Ալի Հասան Խալիլի ու Ժորժ Ատուանի հետ:

Խորհրդակցութիւններէն ետք Պըրրի վերադարձաւ նիստին եւ յայտարարեց հետեւեալը. «Կը խնդրեմ համաներումի օրինագիծը մէկդի դնել, թերեւս քիչ ետք ան ողորմութեան կ՛արժանանայ»:

Այս յայտարարութեան ի տես, Սաատ Հարիրի եւ Մուսթաքպալ պլոքը լքեցին նիստը: Հարիրի յայտնեց, որ ոմանք երբ տեսնեն, թէ յառաջդիմութիւն մը կատարուած է, զայն ետդարձի կ՛ենթարկեն:

Խորհրդարանի նախագահը, նկատի ունենալով Հարիրիի եւ Մուսթաքպալ պլոքին կողմէ առնուած քայլը, այսինքն` խորհրդարանը բաղկացնող հիմնական շերտի մը նիստէն բացակայութիւնը, յայտարարեց օրէնսդրական նիստին աւարտը:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Պաշտօնավարութիւնը

Յաջորդը

82 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.