Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Ռիհանիէի «Ֆուատ Շեհապ»-ի անուան սպայից կրթական հիմնարկ, ուր ստուգեց սպաներու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու ուսման մանրամասնութիւնները:
Զօր. Աուն հանդիպում ունեցաւ սպաներու 34-րդ ջոկատին հետ, որուն անդամները այս տարի պիտի աւարտեն իրենց ուսումը, եւ անոնցմէ իմացաւ իրենց ստացած ուսման վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Զօր. Աուն ողջունեց օտար սպաները, որոնք կը հետեւին նոյն ուսման` հաստատելով, որ զինուորական ընտիր տեղեկութիւնները եւ բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը կը բարելաւեն բանակին արհեստավարժութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ առիթ կ՛ընծայեն կատարելագործելու մարտերու ընթացքին եւ զէնքի գործածութեան առումով հմտութիւններն ու կարողութիւնները:
«Լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնը կը կատարէ երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ: Այդ պարտականութիւնը դիւրին չէ, սակայն անիկա քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու հիմք կը հանդիսանայ: Ինչքան ալ սուղ ըլլան զիջումները, անոնք աժան կը մնան հայրենիքի ու անոր արժանապատուութեան եւ դիմադրողականութեան պաշտպանութեան դիմաց», հաստատեց ան:
Քիւպիչ Կ՛այցելէ Բանակի Հրամանատարին
Զօր. Աուն Եարզէի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆՇԵՆՔ, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Թրիփոլիի մէջ ձերբակալեց 4 յանցագործներ, որոնց մօտ կային ձեռնառումբեր` ձեռակերտ պատրաստուածութեան:
Հետաքննութեան ընթացքին պարզուած էր, որ անոնք կը միտէին այդ ձեռնառումբերը վաճառել:
Բանակը հաստատեց, որ այդ ձեռնառումբերը անցեալին Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բախումներուն ընթացքին օգտագործուած ձեռնառումբերէն էին:



