Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 9, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց ելեւմտական հարցերն ու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի վարած բանակցութիւնները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ յայտնեց, որ արդարութեան նախարարութեան բոլոր բաժանմունքները իրենց ամբողջական անձնակազմերով աշխատանքի պիտի վերադառնան 10 յունիսէն սկսեալ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` պատասխանատուները Պաապտայի մէջ ժողովի հրաւիրելու, որպէսզի անոնք ուշքի գան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որ հաստատեց, թէ Լիբանանի միասնականութիւնն ու կայունութիւնը կարմիր գիծ են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ արտօնելի չէ Լիբանանի բոլոր քարտերը եւ գաղտնիքները բանալ այնպիսի հաստատութիւններու դիմաց, որոնք կ՛օժանդակեն թշնամի Իսրայէլին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ հարց տուաւ վարչապետ Հասսան Տիապի, որ արդեօք ան տեղեա՞կ է, թէ ինք սադրանքի դէմքերէն մէկն է:

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական բարգաւաճում ապահովելու բոլոր ազդակները առկայ են` պայմանաւ որ գիտական չափանիշներու համապատասխան վստահութիւնը վերականգնուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մըրատ հաստատեց, որ տնտեսական բարգաւաճման ոչ մէկ ծրագիր կարելի է իրականացնել առանց ճարտարարուեստի մարզին զօրակցելու:

ԿԱՊԱԼԱՌՈՒՆԵՐՈՒ Պէյրութի սենտիքայի նախագահ Մարուն Հըլու կոչ ուղղեց պետութեան կապալառուներու մարզը փրկելու` նկատի ունենալով, որ այդ ծրագիրներու կասեցումին առումով սպառնալիքներ կան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութիւնը եւ Հըզպալլայի ապազինման պահանջի արծարծումը կը միտին ժխտական ազդեցութիւն բանեցնել ժողովրդային իսկական շարժումին վրայ:

ԼՍԱՏԵՍՈՂԱԿԱՆ լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ հաստատեց, որ Հըզպալլայի զէնքը օժանդակած է լիբանանեան գերիշխանութիւնը ամրապնդելու, «իսկ սադրանքները կը նախապատրաստուին միայն արտաքին հրահրումներու ընդմէջէն», ըսաւ ան:

ՍԱԱՏԻՅԱԹԻ մէջ անծանօթներ հրկիզած են հանգիստի կանգառ մը: Դէպքը դատապարտուեցաւ շրջանի երեսփոխաններուն կողմէ, որոնք միաժամանակ ընդգծեցին, որ իրենք սադրանքներու մէջ պիտի չներքաշուին:

ԱՄԱԼ շարժումի պատուիրակութիւն մը այցելեց Շիյահի քաղաքապետարան, ուր ընդգծեց ազգային միասնականութեան եւ ազգային համերաշխութեան պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

«Լիբանանը Սփիւռքի Բաբախող Սիրտն Է». Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Մարմինի Ատենապետ Նորայր Պէրպէրեան

Յաջորդը

Օսման. «Մենք Պէտք Է Պատասխանատուութեամբ Վարուինք` Քաջ Գիտնալով Ներկայ Փուլին Վտանգներն Ու Անոր Գերզգայնութիւնը»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.