Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1368-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 30, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 795-ի

June 10, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պետական Մարզի Պաշտօնեաները Պիտի Վերադառնան Աշխատանքի,
Իսկ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը
Սկզբունքով Յուլիսի Սկիզբին Պիտի Բացուի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1368-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 18 նոր վարակուածներ, որոնք բոլորը տեղացիներ են:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 30 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 795 ուրիշներ` ապաքինած:

Միւս կողմէ, «Քորոնա» համաճարակի ճգնաժամին դէմ պայքարը կը շարունակուի: Միշտ դիմակ կրելը, ընկերային  հեռաւորութիւնը  պահպանելը, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերու դրութեամբ եւ յատուկ օրերով երթեւեկելը տակաւին ի զօրու կը մնան:

Այս առումով սակայն արձանագրուեցան որոշ փոփոխութիւններ, երբ վարչապետ Հասսան Տիապ հրապարակեց թիւ 98/2020 հրամանագիրը, որուն հիման վրայ պետական մարզի բոլոր պաշտօնեաները պիտի վերսկսին իրենց աշխատանքներուն:

Հրամանագիրը կոչ ուղղեց բոլոր պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն որդեգրելու այնպիսի նախազգուշութիւններ, որոնց հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ պաշտօնեաները պաշտպանել «Քորոնա» ժահրէն:

Հրամանագիրին համաձայն, Քննչական կեդրոնական մարմինը պիտի ստանձնէ այդ հրամանագիրին անմիջական գործադրութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ, Քննչական կեդրոնական մարմինը հաստատեց, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի պետական պաշտօնեաները զանց առած է ինքնաշարժի զոյգ թէ անզոյգ թիւերու դրութեամբ եւ յատուկ օրերով երթեւեկելու օրէնքէն:

Նշենք, որ վարչապետ Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց զբօսաշրջութեան մարզի յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ նոր թռիչքներ հաստատելու կարելիութիւնները կը սերտեն` աւելցնելով, որ կեդրոնացումը պիտի ըլլայ այն երկիրներուն վրայ, որոնք «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններ կը կատարեն:

«Մեզի համար կարեւոր է Լիբանանը վերադարձնել զբօսաշրջութեան քարտէսին` պահպանելով հանդերձ առողջապահական ապահովութեան եւ զբօսաշրջութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը», ըսաւ Տիապ:

Իր կարգին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել  Նաժժար յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին վերաբացումը սկզբունքով յուլիսի սկիզբին նախատեսուած է:

 

 

Նախորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Ահըտ Ակումբէն Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Մերժեց Վաւերացնել Դատական Իշխանութեան Մարզի Նշանակումները` Զանոնք Օժտելով Կարգ Մը Դիտողութիւններով

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.