Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ընդունեց Ահըտ ակումբէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ ակումբի նախագահ Թամիմ Սլէյմանի եւ ակումբի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ասիի, ինչպէս նաեւ ընդհանուր յարաբերութիւններու տնօրէն Իպրահիմ Քաուսարանիի եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Եուսեֆ Եունեսի:
Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց նախարարը իր ստանձնած պաշտօնին առիթով եւ քննարկեց լիբանանեան ֆութպոլին դիմագրաւած դժուարութիւնները` ըլլան անոնք նիւթական թէ գումակային, յատկապէս նկատի ունենալով լիբանանեան ֆութպոլի ակումբներուն մասնակցութիւնը ֆութպոլի արաբական կամ ասիական մրցաշարքերուն:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան իր կարգին շնորհաւորեց Ահըտ ակումբը` Ասիոյ ֆութպոլի մրցաշարքին ախոյեանը հանդիսանալու առումով:
Ան հաստատեց, որ ֆութպոլի մարզախաղին առումով Ահըտի արձանագրած արդիւնքը Լիբանանի առաջին նուաճումն է:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ ինք եւ իր անձնակազմը լիբանանեան մարզական կեանքին տրամադրութեան տակ են` կոչ ուղղելով մարզական ակումբներուն իրենց ֆետերասիոններուն հետ կազմակերպելու վարժանիստեր` յանգելու համար նախարարութեան ուղղուած յանձնարարութիւններու, որպէսզի նախարարութիւնը իր կարգին անոնց հիման վրայ մշակէ օրինագիծեր կամ հրապարակէ շրջաբերականներ:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ 2020-ի պետական ամավարկին մէջ մարզական ակումբներուն համար ճշդուած յատկացումները այդ ակումբներուն իրաւունքներն են` շեշտելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ այդ գումարները ապահովելու, որպէսզի մարզական ակումբները կարենան իրենց դիմաց ցցուող մարտահրաւէրները հարթել:
Միւս կողմէ, անցեալ հինգշաբթի, 4 յունիս 2020-ին, կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած այն առաջարկին, որ Լիբանան մաս կազմէ մարզական կեանքին մէջ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ պայքարի միջազգային համաձայնութեան:
Նշենք, որ նախարարութիւնը հրապարակեց շարք մը ցուցմունքներ, որոնք պէտք է գործադրուին մարզասրահներուն, մարզադաշտերուն եւ մարզական ակումբներուն կողմէ` «Քորոնա» ժահրի տարածումէն պաշտպանելու համար մարզիկներն ու լիբանանեան հասարակութիւնը:
Այդ ցուցմունքներէն են իւրաքանչիւր ակումբի, մարզասրահի կամ մարզադաշտի մէջ համադրողի մը նշանակումը, որուն պարտականութիւնն է արձանագրել բոլոր պաշտօնեաներուն անձնական տուեալները, որպէսզի այդ տեղեկութիւնները ի հարկին կարենայ տրամադրել նախարարութեան քննիչներուն:
Բոլոր պաշտօնեաները պէտք է իրենց կարգին ունենան համադրողին հեռաձայնի թիւը եւ կապ հաստատեն անոր հետ` «Քորոնա» ժահրով վարակումի կամ որեւէ ախտանշան նշմարելու պարագային:
Բոլոր պաշտօնեաները պէտք է վարժանքի ենթարկուին` «Քորոնա» ժահրի ախտանշանները նշմարելու կարողութիւնը ձեռք ձգելու նպատակով:
Նախարարութեան համաձայն, ակումբներուն, մարզասրահներուն կամ մարզադաշտերուն մէջ 90 վայրկեանէն աւելի կարելի չէ մնալ: Իսկ մարզանքի ընթացքին պէտք է յարգել ընկերային հեռաւորութեան պայմանը:
Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ մարզիչներուն համար արտօնելի չեն համախմբումները, իսկ հաւաքական մարզանքի պարագային մարզասրահները պէտք է իրենց կարողութեան 50 առ հարիւրով գործեն:
Մարզասրահները պէտք է վերադասաւորումի ենթարկուին` ընկերային հեռաւորութեան պահպանման պայմաններուն համաձայն:
Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Ա. փուլին ընթացքին կարելի չէ ախոյեանութիւններու կամ մրցաշարքերու սկսիլ:
Բոլոր պաշտօնեաները եւ մարզիկները պէտք է դիմակներ օգտագործեն, բացի երբ անոնք մարզանքի ընթացքի մէջ են:
Հականեխիչները պէտք է տրամադրուին բոլորին:
Նախքան աշխատանքի կամ մարզանքի սկսիլը, հեռահար ջերմաչափերով պէտք է իւրաքանչիւրին ջերմութիւնը չափել:
Մարզասրահները, հանդերձարաններն ու բաղնիքները միշտ մաքրել ու հականեխել:
Լողաւազաններու պարագային պէտք է ջուրին մէջ քլորի համեմատութիւնը միշտ ստուգել, ինչպէս նաեւ «Սաունա»-ի եւ «Ժաքուզի»-ի բաժինները փակ պահել:



