Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարը, որուն հետ քննարկեց ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ղաժար յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ ունէր, անոր ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան ապագայ ծրագիրները:
Ղաժար յայտնեց, որ շուկային մէջ մազութի տագնապ պիտի չըլլայ` հաստատելով, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծելու համար նաւթի ստուգման եւ քաղաքացիներուն վառելանիւթ հայթայթելու հարցերը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Տնտեսական- ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտը` ընկերակցութեամբ խորհուրդի դիւանին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները:
Պըրրի բժշկական մարզին կարիքներն ու բժիշկներուն պահանջները քննարկեց Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆի հետ: