Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահատակ Դատախազներուն Յիշատակին Առիթով. Ծաղկեպսակներու Զետեղում` Պէյրութի Արդարութեան Պալատի Յուշարձանին Առջեւ

June 9, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ, ընկերակցութեամբ դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատախազ Սուհէլ Ապպուտի, երէկ ուղղուեցան Պէյրութի Արդարութեան պալատ, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեցին նահատակ դատախազներու նուիրուած յուշարձանին:

Այս առիթով Նաժըմ յայտնեց, որ Լիբանանի դատաւորները իրաւունքի վկաներ են եւ ճշմարտութեան նահատակներ: «Անոնց վճիռներուն արդարութիւնը զիրենք վտանգի կ՛ենթարկէ եւ պատմութեան վճիռէն կը պաշտպանէ: Նեցուկ կը կանգնիմ անոնց պայքարին` անկախ գործելու նպատակով մղուած, ինչ ալ ըլլայ վճարուելիք գինը», շեշտեց Նաժըմ:

Ան հաստատեց, որ կարելի չէ Լիբանանի հանդէպ վստահութիւն ունենալ, եթէ դատական իշխանութիւններուն հանդէպ վստահութիւն չկայ: «Իսկ Լիբանանի յարութեան հիմքը դատական իշխանութիւններուն զօրութեան մէջ կը կայանայ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն «Նահատակ դատախազներու օր»-ուան առիթով ողջունեց Լիբանանի դատաւորները` հաստատելով, որ լիբանանցիները դատական իշխանութիւնները կը նկատեն իրենց փրկութեան լաստը, ինչպէս նաեւ կամուրջ մը, որ զիրենք պիտի առաջնորդէ դէպի իսկական հայրենիք, ուր անպատիժ մնալը բացառուած է, փտածութեան եւ աւազակութեան ոճիրներուն համար հաշուետուութիւն գոյութիւն ունի, ուր վաշխառուներ չկան, եւ ուր փտածներու ու ժողովուրդին իրաւունքները իւրացնողներուն դէմ յարձակում կ՛արձանագրուի:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ արդարութեան եւ իրաւունքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ կարգ մը դատաւորներ իրենց կեանքը զոհած են` յիշելով, որ անոնց կարգին են 21 տարի առաջ Սայտայի դատարանին մէջ նահատակուած չորս դատաւորները: «Արդարութեան կշիռքը կրելու եւ ըստ խիղճի ու մարդկային բարոյականութեան չափանիշներու վճռելու ուղիին վրայ դատաւորները պարտականութիւն ունին իմանալու, թէ ո՛վ երկիրը տնտեսական այս վտանգաւոր իրավիճակին հասցուցած է», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան ընդգծեց, որ եթէ լիբանանցիները այսօր չգիտնան, որ զիրենք աղքատացնողը դատական իշխանութեան կողմէ հաշուետուութեան կ՛ենթարկուի, ապա բարեկարգումները պիտի չիրականանան, եւ պիտի չկարենանք կերտել արդի հայրենիք մը, ուր օրէնքի իշխանութիւնը կը տիրէ` ապագայի սերունդներուն համար:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ բարեկարգումի համար մղուած պայքարը կը պահանջէ, որ դատական իշխանութիւնը կարծր կերպով միջամտէ: Ան վերահաստատեց, որ ինք պաշտպանութեան հովանին պիտի ըլլայ այն դատաւորին, որուն դէմ քաղաքական ճնշումներ կը բանեցուին:

 

Նախորդը

Օսման. «Մենք Պէտք Է Պատասխանատուութեամբ Վարուինք` Քաջ Գիտնալով Ներկայ Փուլին Վտանգներն Ու Անոր Գերզգայնութիւնը»

Յաջորդը

Ռիվլին. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Պատասխանատու Կը Նկատենք Հըզպալլայի Կողմէ Սանձազերծուելիք Որեւէ Պատերազմի»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.