Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախանցեալ օր նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը յայտարարեց, թէ 6 յունիս 2020-ը բնաւ նման չէ 17 հոկտեմբեր 2019-ին, որովհետեւ վերջինը սեւ օր մըն է, որուն ընթացքին պարզուեցաւ, որ յեղափոխութիւնը պարպուած է իր արժէքներէն եւ նպատակներէն, ինչպէս նաեւ անկէ բխած է չարիք մը, որուն պատճառով երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը պիտի չքանար:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքը, անոր ղեկավարն ու հետեւորդները սուղ վճարեցին, ինչպէս նաեւ իրենց կամքով է, որ երկրին շահերը աւելի գերադաս նկատեցին այլ շահերէ:
«Կը հաստատենք սադրանքներու մերժումին մեր կառչածութիւնը` կտրականապէս դէմ ըլլալով զանոնք հրահրելու ամէն տեսակի փորձի, ին՛չ համայնք կամ յարանուանութիւն ալ ըլլայ նման փորձ կատարողը: Այդ պատճառով ալ մենք ամէն ջանք ի գործ դրած ենք Հըզպալլայի հետ լարուածութեան վերջ տալու», նշուեցաւ Մուսթաքպալ պլոքի հաղորդագրութեան մէջ:
Մուսթաքպալ պլոքը ընդգծեց, որ կառչած պիտի մնայ լիբանանեան համերաշխութիւնը եւ Թաէֆի համաձայնագիրը պաշտպանելու պատասխանատուութեան:
«Կը շեշտենք, որ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դպրոցը չափաւորականութեան, երկխօսութեան եւ ազգային համակեցութեան դպրոցն է, որ չ՛առաջնորդեր դէպի ծայրայեղութիւն եւ պատերազմներու ներդրում: Իսկ տնտեսական առումով կորսուած եւ հակասական վիճակները կը յանգին Լիբանանի կառավարութեան եւ անոր դրամատնային մարզին հանդէպ միջազգային վստահութիւնը աւելի եւս ջրելու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: