Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Համատ Հասանի Հետ Քննարկեց Առողջապահական Կացութիւնը

June 11, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց առողջապահութեամբ նախարար Համատ Հասանը` ներկայութեամբ բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հասան շեշտեց, որ բոլորս մէկ մարմին ենք ժողովուրդի պաշտպանութեան առումով` աւելցնելով, որ մէկ սիրտ ու բռունցք եղանք ամէն մարտահրաւէրի դէմ դնելու: Ան շեշտեց, որ պիտի չարտօնեն այս տագնապալի կացութեան մէջ կարմիր գիծերը անցնիլ եւ բժշկական սպիտակ մարմինին վրայ ձեռք բարձրացնելու որեւէ արարք:

«Այսօր մեր պատգամը ամբողջական սիրոյ պատգամ է` հոգեւոր բոլոր հեղինակութիւններուն հետ», հաստատեց Հասան:

«Կառավարութեան կողմէ առողջապահութեան մակարդակով իրականացուածը շատ լաւ էր, եւ մենք` իբրեւ կառավարութիւն, յաջորդ բոլոր մարտահրաւէրները պիտի դիմագրաւենք վճռականութեամբ», ըսաւ ան:

Համատ Հասան հաստատեց, որ Պքերքէ ազգային կեդրոն է եւ լիբանանցի մարդուն յենարանը, յատկապէս` տագնապի եւ չարչարանքի օրերուն:

Ան նշեց, որ լիբանանցին մնայուն կերպով կ՛արժանանայ պաշտպանութեան, իր հոգեւոր հեղինակութիւններուն, որոնցմէ գլխաւորը` Ռայի պատրիարքն է:

Հասան հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին Պքերքէէն բխող բոլոր իմաստուն որոշումներուն:

Համատ Հասան բարձր գնահատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ հոգեւոր հեղինակութիւնները ունեցան իրենց ներդրումը եւ նպաստեցին նախազգուշութիւններու տարածման:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը իրեն դիմաց ծառացող մարտահրաւէրները պիտի դիմագրաւէ` մաղթելով, որ անոր բեռը ծանրացնող կուտակուած հարցերուն լուծումներ կը գտնուին, իսկ նշանակումները կը կատարուին ատակութեան հիման վրայ:

«Տնտեսական տագնապը, 30 տարի շարունակ կուտակուած հարցերն ու քաոսը պատճառ դարձան, որ այս կառավարութիւնը անարդար արժեւորում ստանայ: Կը մաղթեմ, որ բոլոր մարտահրաւէրները կարենանք միասնաբար դիմագրաւել, արդաեւ, 48 ժամ առաջ պատահածը լուրջ մարտահրաւէր էր, սակայն իմաստութիւնը յաղթեց, եւ սադրանքը զանց կացուցուեցաւ», շեշտեց ան:

Ռայի պատրիարքը ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժարը, որ յայտնեց, թէ իրենք` իբրեւ Մարատա հոսանքի նախարարներ, կառավարութեան այսօրուան նիստին պիտի չմասնակցին եւ կատարուելիք նշանակումներուն մաս պիտի չկազմեն:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը նախագահեց սեփական դպրոցներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումին, որուն ընթացքին կազմուեցաւ յատուկ խորհուրդ մը` սերտելու համար կրթական քարտի մը դրութիւնը:

 

Նախորդը

Համախմբումը Խստիւ Դատապարտեց Կրօնական Խորհրդանիշներուն Սրբապղծումը

Յաջորդը

Պըրրի. «Բժիշկներու Խոշտանգումը Արգիլուած Է»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.