Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց ելեկտրոնային իր նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Համախմբումը ապա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտուեցան խափանարարական արարքները, ինչպէս նաեւ կրօնական խորհրդանիշներուն սրբապղծումը:
Համախմբումը կոչ ուղղեց` կառչած մնալու փողոցին մէջ բողոքի ցոյցեր կատարելու օրէնքներուն եւ յանձնառու ըլլալու խաղաղարար միջոցներուն, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի կարելի ըլլան իրագործել բարեկարգումի միտքերն ու փտածութեան թղթածրարներու բացայայտումը:
Համախմբումը զգուշացուց քաղաքական կասկածելի նպատակներէն, որոնք կը ձախողեցնեն ժողովրդային շարժումի ցոյցերը` աւելցնելով, որ այդ ցոյցերը պէտք է շարունակել իրականացնելու համար հարկ եղած բարեկարգումները:
Համախմբումը ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պէտք է կատարէ հարկ եղած նշանակումները, յատկապէս` ելեւմտական մարզին, ինչպէս նաեւ նահանգապետերն ու այլ նշանակումներ: «Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք սրբագրելու համար յոյն ուղղափառ համայնքի յատկացուած պետական պաշտօններուն մէջ արձանագրուած իրաւազրկումը», շեշտուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Համախմբումը հաստատեց, որ յանձնառու կը մնայ շարունակելու օրէնսդրական իր աշխատանքը, յատկապէս մշակելու համար այնպիսի օրէնքներ, որոնք փտածութեան դէմ պայքարին կը նպաստեն, ինչպէս նաեւ հաշիւներու եւ կալուածներու բացայայտումը կ՛ապահովեն: