Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերն ու դատական իշխանութեան վերաբերող խնդիրներ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ, որ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պուէյզ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է սկսի լուծել երկրին դիմագրաւած տագնապները, յատկապէս ելեկտրականութեան թղթածրարը, որ երկրին համար մեծ վնասներ կը պատճառէ:
Պուէյզ նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կան մսխումի կարգ մը թղթածրարներ ալ, որոնք լուծման կը կարօտին:



