Պրիւքսելի Դ. Խորհրդաժողովին. «Լիբանանը Պէտք Է Զերծ Կացուցել Սուրիացիներուն Դէմ Որդեգրուելիք Պատժամիջոցներուն Հետեւանքներէն, Յատկապէս` «Սիզըր» Ամերիկեան Պատժամիջոցին» Շեշտեց Վարչապետ Տիապ
Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ելեկտրոնային կապով մը մասնակցեցաւ «Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային զօրակցութեան» Պրիւքսելի Դ. խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ գործակցիլ` ի խնդիր սուրիացի տեղահանուածներուն տառապանքին մեղմացման, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ երկիրներու կարողութիւններուն ամրապնդումին: Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին եւ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման բացակայութեան լոյսին տակ ամէնէն աւելի տուժողները կ՛ըլլան սուրիացի տեղահանուածները:...



















