Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանաան. «Մենք Դրամատուներու Կուսակցութիւն Չենք, Իսկ Առանց Բարեկարգումի Ֆինանսաւորում Չկայ»

July 2, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ներկայացուց այն տեղեկագիրը, որ պատրաստուած է կառավարութեան ներկայացուցած տնտեսական ծրագիրը ուսումնասիրող յանձնախումբին կողմէ:

Քանաան հաստատեց, որ իր մասին շատ տարաձայնութիւններ եւ սուտեր արձանագրուած են, որոնցմէ վերջինը այն է, թէ ինք հրաժարած է: «Կ՛ուզեմ այս բոլոր սուտերը ջրել` հաստատելով, որ ես պատասխանատուութիւններէս չեմ հրաժարիր, այլ` կը պատկանիմ ազգային դպրոցի մը, որ չի հրաժարիր, ինչպէս նաեւ հարցերն ու թղթածրարները չեմ անձնականացներ», հաստատեց Քանաան:

Ան շեշտեց, որ նախորդ 11 տարիներուն ընթացքին` խորհրդարանական իրենց վերահսկողական աշխատանքին հոլովոյթին մէջ չեն սխալած: «Կառավարութիւնը 30 ապրիլ 2020-ին բարեկարգումի ծրագիրի մը որոշումը տուաւ, իսկ խորհրդարանին պարտականութիւնն է սերտել եւ քննարկել կառավարութեան ծրագիրը` նկատի ունենալով, որ անիկա կը գծէ նորահաս սերունդներուն ապագան: Այս շրջագիծին մէջ տնտեսական եւ ելեւմտական շատ մը տուեալներ փոխուեցան: Բոլորին յստակ պէտք է ըլլայ, որ Կեդրոնական դրամատան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան միջեւ հարցը մենք չենք, որ ստեղծած ենք: Անոնց միջեւ գտնուող հսկայ բացը դրսեւորուեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ անոնց ունեցած հանդիպումներուն եւ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին: Իմ եւ յանձնախումբին անունով կը հաստատեմ, որ մենք հարցին մաս չենք կազմեր եւ պիտի չկազմենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ առանց բարեկարգումի ֆինանսաւորում չկայ:

Քանաան շեշտեց, որ այն իրականութիւնները, որոնց հասած է յանձնախումբը` կառավարութեան կողմէ երկու օրուան մէջ կարելի կ՛ըլլար բացայայտել:

Ան աւելցուց, որ իրենք դրամատուներու կուսակցութիւն չեն, այլ` դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներու եւ տուժողներու կուսակցութենէն են:

Քանաան հաստատեց, որ իրենք թիւեր չունին, այլ քննարկած են կառավարութեան, Կեդրոնական դրամատան եւ Դրամատուներու միութեան ցուցաբերած տարբեր մօտեցումները: «Երանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի արտօնէ բացայայտել այդ տեղեկագիրները, որպէսզի բացայայտուին այդ մօտեցումներուն հեղինակները», ըսաւ Քանաան` աւելցնելով, որ յանձնախումբը 26 հազար միլիառի տարբերութիւն մը ի յայտ բերած է կառավարութեան առաջարկին եւ չվճարուած վարկերու իսկական թիւերուն միջեւ:

ՆՇԵՆՔ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի բարձր գնահատեց Քանաանի տարած աշխատանքը եւ ողջունեց անոր մամլոյ ասուլիսը:

 

 

Նախորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Վարչութիւնը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոք. «Կառավարութիւնը Բարեկարգումի Ծրագիրներ Պէտք Է Մշակէ` Երկիրը Ամբողջական Փլուզումէ Փրկելու Համար»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.