Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն
Թիւը Հասաւ 1796-ի, Մահուան Պարագաներունը`
35-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1242-ի
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1796-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 8 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 7-ն տեղացիներ են, իսկ մէկը` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցի:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 35 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1242 ուրիշներ` ապաքինած:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց «Օթել Տիէօ» հիւանդանոց, ուր հաստատեց, որ հիւանդանոցին մէջ ծառայող հիւանդապահները, որոնք «Քորոնա»-ով վարակուած էին, արդէն իսկ ապաքինած են` աւելցնելով, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը հարկ եղած բոլոր միջոցներուն դիմած է, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքները «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան ենթարկած` «Քորոնա»-ի համաճարակի տարածումը կանխարգիլելու համար:
«Մենք` իբրեւ առողջապահութեան նախարարութիւն, յանձնառու ենք կառավարական եւ անձնական հիւանդանոցներուն վարկը պաշտպանելու: Մենք արդար կ՛ըլլանք անոնց հետ եւ կը շնորհաւորենք զանոնք` իրենց արձանագրած յաջողութիւններուն համար: Մենք միասնաբար պիտի գործակցինք լիբանանեան հասարակութիւնը «Քորոնա»-ի համաճարակէն պաշտպանելու համար: Բոլորին միջեւ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք Լիբանան միջազգային եւ համաշխարհային մակարդակով նուաճում արձանագրած է», հաստատեց Հասան:
Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Հասան յայտնեց, որ Լիբանան ժամանող արտերկրի լիբանանցիները իրենց հետ 15 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը ունենալու պարագային պէտք չունին որեւէ քայլի դիմելու, սակայն 15 հազար տոլարէն աւելի գումարի պարագային պէտք է ներկայանան օդակայանի մաքսատան գրասենեակ ու իրենց գումարին մասին տեղեակ պահեն:
Ֆատի Հասան հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնը 50 տոլար է` աւելցնելով, որ այդ գումարը օդակայանին մէջ չի վճարուիր, այլ` օդանաւային ընկերութեան: