Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կառավարութենէն Եւ Ելեւմուտքի Նախարարութենէն Պահանջեց Տրուած Որոշումները Գործադրել

July 2, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց ընթացիկ իր նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ կառավարութիւնը որոշում տուած էր միջազգային ընկերութեան մը տալ հաշուեքննութեան պարտականութիւն, սակայն այդ որոշումը ցարդ չէ գործադրուած:

«Հաշուեքննութիւնը կատարելու որոշումի գործադրութիւնը հիմնաքարը պիտի ըլլայ Կեդրոնական դրամատան արձանագրած վնասները իսկական թիւերով բացայայտելու: Այդ հաշուեքննութիւնը չկատարելը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները ձախողութեան կ՛ենթարկէ», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հզօր Լիբանան համախմբումը կառավարութենէն եւ ելեւմուտքի նախարարութենէն պահանջեց տրուած որոշումները գործադրել, որովհետեւ անիկա երկրին դրամական քաղաքականութիւնը բարեկարգելու կարեւորագոյն պահանջն է: «Հակառակ պարագային պէտք է լիբանանցիները տեղեակ պահել այդ որոշումը չգործադրելու պատճառներուն մասին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումը ցաւ յայտնեց, որ տիրող պայմանները պատճառ դարձած են, որ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը հրաժարի իր պաշտօնէն` ընդգծելով, որ անոր կեցուածքը երկրին մէջ տիրող ելեւմտական քաղաքականութեան դէմ բողոքի ձայն է, որ պէտք է լսել:

Համախմբումը նշեց, որ ելեւմուտքի նախարարութեան հրաժարած ընդհանուր տնօրէնին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արծարծուած հարցերը Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ միշտ արծարծուած հարցերէն են, «սակայն անոր հրաժարականը լուծում չէ, որովհետեւ ընդհանուր տնօրէնը պէտք է ստանձնէ իր ազգային պատասխանատուութիւնները եւ այդ մարզին մէջ իր շահած քսանամեայ փորձառութիւնը ի սպաս դնէ երկրին ելեւմտական տագնապին լուծման», նշուեցաւ համախմբումին հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումը կառավարութիւնը զգուշացուց անոր աշխատանքին արդիւնաւէտութեան համեմատութեան արձանագրած նահանջէն` ընդգծելով, որ այդ ընթացքը կը նուազեցնէ կառավարութեան նկատմամբ վստահութիւնը, յատկապէս ժողովուրդին վստահութիւնը` կատարուած աշխատանքին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը` բարեկարգումներու իրագործման վերաբերեալ:

«Կառավարութիւնը բարեկարգումները պէտք է գործադրէ` անկախ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր կատարած բանակցութիւններէն: Հոս առ ի յիշեցում կ՛արձանագրենք, որ համախմբումը խորհրդարանին մէջ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհեց, պայմանով որ ան բարեկարգումները գործադրէ եւ իրականացնէ այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կը կանխարգիլեն երկրին ելեւմտական ու տնտեսական փլուզումը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Հըթթի Այցելեց Նաքուրա

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոք. «Ազգային Համախոհութեան Քննութեան Մէջ Պաապտայի Հանդիպումը Ձախողեցաւ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.