Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը դարձած է լիբանանցի պատասխանատուներու եւ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններու ժամադրավայրը:
Արդարեւ, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ` սէուտական-ամերիկեան շարք մը միացեալ հարցեր:
Պուխարիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
Սէուտցի դեսպանը ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Շամիսին: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: