Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն բան քանդուելու ընթացքին մէջ է, եւ ոչ ոք միջոցներ կ՛որդեգրէ Լիբանանը փրկելու:
Ժեմայէլ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` խաղաղ ցոյցեր կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ անկախ կառավարութիւն մը կազմել ու խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններու ընդմէջէն նոր իշխանութիւն մը հիմնել:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս իշխանութիւն չկայ եւ կարելի չէ երկիրը այս վիճակով ձգել:
Ան հաստատեց, որ ժողովուրդը իր ընդվզումը պէտք է փոխէ խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ներուժի` դիտել տալով, որ փոփոխութիւնը կարելի պիտի ըլլայ իրագործել միայն քաղաքակիրթ կերպով: