Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Կապ Արաբական Հացը Դարձաւ 2000 Լ. Ոսկի, Իսկ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Վերսկսաւ Իր Աշխատանքին

Յուլիս 2, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1788-ի,
Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 34, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 1183-ի

Տասնեակ տարիներու ընթացքին իր սակը` 1500 լ. ոսկի հաստատ պահած արաբական հացի կապը երէկ պաշտօնապէս դարձաւ 2000 լ. ոսկի` Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապին պատճառով:

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ երէկ վաւերացուց այն որոշումը, թէ 900 կրամ կշռող արաբական հացի կապին սակը պիտի ըլլայ 2000 լ. ոսկի, իսկ 400 կրամ կշռող արաբական հացի կապին սակը պիտի ըլլայ 1500 լ. ոսկի:

Հացին արձանագրած սղաճին կողքին Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը յայտարարեց, որ մթութիւնը կրնայ պատել Լիբանանը` նկատի ունենալով, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը միայն 4 ժամուան համար ելեկտրականութիւն պիտի հայթայթէ քաղաքացիներուն` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:

Միւս կողմէ, Պէյրութի միջազգային օդակայանը երէկ  վերսկսաւ իր աշխատանքին:

Լիբանան հասած առաջին օդանաւը եղաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օդանաւ մը, զոր դիմաւորելու համար օդակայան ուղղուեցան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար Միշել Նաժժար եւ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արաբ եւ օտար լրագրողներ, որոնք փափաքեցան օդակայանին վերաբացման արարողութեան մանրամասնութիւնները հաղորդել հանրութեան:

Հասան մաղթեց, որ օդակայանին բացումը Լիբանանին բարիք բերէ` ընդգծելով, որ տիրող պայմաններուն ընթացքին բոլորին համագործակցութեան կարիքը կը զգացուի:

Ան նշեց, որ Լիբանանի նկատմամբ արտերկրի լիբանանցիին վստահութիւնը մեծ է:

Հասան շեշտեց, որ Լիբանան օրական դրութեամբ 2000 – 2200 այցելու պիտի ընդունի, թիւ մը, որ մէկ շաբթուան ընթացքին կ՛ամբողջանար` արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի հոլովոյթին ընթացքին:

Հասան յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան համար ճամբորդներուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն պաշտպանութիւնը կարեւոր է` աւելցնելով, որ իրենց այցելութիւնը օդակայան կը միտի սրբագրել որոշ բացթողումներ, որոնք արձանագրուած են:

Իր կարգին, նախարար Միշել Նաժժար յայտնեց, որ օդակայանին մէջ որդեգրուած դասաւորումները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին` աւելցնելով, որ իրենց օդակայան այցելելու նպատակը գումակային բոլոր դասաւորումներուն հսկել է:

Նաժժար կոչ ուղղեց լրագրողներուն քաղաքակիրթ կերպով վարուելու: «Կը խոստովանինք, որ կան սխալներ ու բացթողումներ եւ չկան կատարեալ բաներ: Մենք պատրաստ ենք բոլոր սխալները սրբագրելու», հաստատեց Նաժժար:

Նշենք, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լրագրողներուն եւ օդակայանի ապահովութեան հսկող ուժերուն միջեւ բախումներ արձանագրուեցան, երբ վերջինները արգիլեցին լրագրողներուն նկարել եկող ճամբորդներն ու «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան ենթարկուելու ընդհանուր հոլովոյթը:

Խմբագիրներու սենտիքան դատապարտեց լրագրողներուն դէմ ուժի օգտագործումը, որ ոչ մէկ արդարացում ունի:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1788-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 10 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 9-ն տեղացիներ են, իսկ մէկը` Լիբանան եկած արտերկրի լիբանանցի:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 34 պարագաներ մահացած են, իսկ 1183 ուրիշներ` ապաքինած:

Նշենք նաեւ, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի հրապարակեց նոր որոշում մը, որուն հիման վրայ հաստատուեցաւ, որ պետական եւ սեփական բոլոր հաստատութիւնները պաշտօնապէս ճշդուած ժամերով կրնան իրենց աշխատանքը շարունակել:

Ֆահմիի որոշումին համաձայն կրակմարի դրութիւնը կը ջնջուի, ինչպէս նաեւ բոլոր հաստատութիւններուն եւ

վաճառատուներուն մէջ առողջապահական նախազգուշութիւնները` դիմակներ կրելը, ընկերային հեռաւորութիւնը պահելն ու հականեխելը պէտք է շարունակուին որդեգրուիլ:

Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Երկրին մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրուող սղաճին, լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին, տնտեսական ու ելեւմտական խոցելի վիճակին եւ անգործութեան պատճառով ժողովրդային շարժումի բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան:

Ցուցարարներ փակեցին Պէյրութի զանազան թաղամասեր, ինչպէս Մարզական աւանի, Օմար Պայհամ, Քասքաս, Համրա, Մաքտիսի եւ Համրայի Կեդրոնական դրամատան փողոցները:

Այլ ցուցարարներ փակեցին նաեւ Թրիփոլի-Աքքար մայրուղին, Պապ Թըպպանէի, Պըհսասի ու Մինայի ճամբաները, ինչպէս նաեւ Մընիէի մայրուղին:

Խումբ մը ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով փակեցին նաեւ Անթիլիասի մայրուղին, իսկ Ժալ էլ Տիպի մէջ ուսանողներ կատարեցին բողոքի նստացոյց մը:

Սայտայի Էլիա հրապարակը իր կարգին փակուեցաւ, իսկ աւելի ուշ ցուցարարներ փակեցին նաեւ Ժիէի եւ Սուր-Սայտա մայրուղիները:

Նախորդը

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոք. «Կառավարութիւնը Բարեկարգումի Ծրագիրներ Պէտք Է Մշակէ` Երկիրը Ամբողջական Փլուզումէ Փրկելու Համար»

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?