Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Քննարկեց Ելեւմտական Եւ Կրթական Հարցերը Եւ Համաձայն Գտնուեցաւ Կրթական Մարզին Տրամադրել 500 Միլիառ Լ. Ոսկի

Յուլիս 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեան վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին կողմէ երեք ամիս առաջ տրուած այն որոշումը, որ պէտք է Կեդրոնական դրամատան հաշիւները քննութեան ենթարկուին, տակաւին չէ գործադրուած:

Ան հարց տուաւ` հաշուեքննիչ ընկերութիւններուն հետ պայմանագիրները ստորագրելու ուշացումին մասին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան պարագային սովորական հաշուեքննութիւնն ու կեդրոնացեալ քննութիւնը պէտք է զուգահեռ ընթանան, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել Լիբանանի մէջ դրամական եւ ելեւմտական իրավիճակին իսկական դրդապատճառները, ինչպէս նաեւ կարենալ ճշդել, թէ Կեդրոնական դրամատան իսկական հաշուեկշիռը ի՛նչ է, շահերն ու վնասները ի՛նչ են եւ օտար դրամանիշի դրամատան պահեստը որքա՛ն է:

Իր կարգին վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ ցաւալի է այն իրականութիւնը, թէ ոմանք կը փափաքին Լիբանանի փլուզումը տեսնել` տնտեսական եւ ելեւմտական գետնի վրայ:

«Ցաւալի է, որ անոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն արգիլելու որեւէ օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ ճիգ չեն խնայեր արգելակելու Պէյրութի միջազգային օդակայանի վերաբացման ծրագիրը: Անոնք կը տարածեն տարաձայնութիւններ, թէ լիբանանեան պետութիւնը Լիբանան բերուելիք ամերիկեան տոլարի յստակ ու սահմանափակ գումար մը ճշդած է: Ես կը հաստատեմ, որ նման որոշում չկայ: Ճամբորդները Լիբանան թող բերեն որքան տոլար որ կ՛ուզեն, ո՛չ ոք պիտի արգիլէ անոնց: Ընդհակառակն` մենք կոչ կ՛ուղղենք Լիբանան վերադարձող արտերկրի լիբանանցիներուն, որ իրենց հետ ամերիկեան տոլար ունենան` օժանդակելու համար իրենց ընտանիքին եւ շրջապատին: Թող անոնք չհաւատան այն «սեւ բերան»-ներուն, որոնք տարաձայնութիւններ կը սփռեն», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող ծովային տնտեսական յատուկ տարածքին` վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ լիբանանեան ազգային գերիշխանութիւնը սուրբ է եւ օրինական բոլոր ձեւերով պէտք է պահպանել այդ սրբութիւնը: «Մեր բնական հարստութենէն ոչ մէկ աւազի հատիկ, ոչ մէկ ջուրի կաթիլ պիտի զիջինք. վերջակէտ», հաստատեց Տիապ:

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր յայտնեց, որ հինգ ամիս ետք` իբրեւ կառավարութիւն, պէտք է մենք մեզի հարց տանք, որ ի՞նչ էին մեր ծրագիրները եւ ի՞նչ արդիւնք կրցանք արձանագրել:

«Ամերիկեան տոլարին արժէքը հետզհետէ կը բարձրանայ, անոր դիմաց լիբանանեան դրամանիշը կ՛արժեզրկուի, իսկ շուկային մէջ կայ արտադրութիւններու հսկայական սղաճ մը, որ կը խեղդէ քաղաքացիները: Հետեւաբար, մենք ստիպուած ենք քաղաքական եւ թեքնիք լուծումներ ապահովել: Մենք պէտք չէ աշխատինք օժանդակութիւններ ստանալու ուղղութեամբ, այլեւ` բարեկարգումներ գործադրելու», ըսաւ ան:

Նիստէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ նշեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է կրթական մարզին 500 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում մը տրամադրելու:

Միւս կողմէ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուուլ Նաամէ յայտնեց, թէ ինք այսօր պիտի հրապարակէ որոշում մը, որուն համաձայն, 900 կրամ կշռող լիբանանեան հացին սակը պիտի բարձրացնէ 2000 լ. ոսկիի:

Նաամէ յայտնեց, որ նախարարութիւնը պիտի շարունակէ օժանդակել հացի արտադրութեան համար կարեւոր բաղադրիչներուն, ինչպէս նաեւ պիտի աշխատի ընդարձակել սննդեղէնի տեսականին, որուն օժանդակութիւն պիտի յատկացուի: «Մեր նպատակն է օժանդակութիւնը հասցնել այն աստիճանի, որ քաղաքացիին գնած սննդեղէնին 70 առ հարիւրը մատչելի գիներով արտադրութիւններ ըլլան` կանխարգիլելու համար անօթութիւնը», հաստատեց ան:

Աքըր իր կարգին յայտնեց, որ հացի սակին բարձրացումին մասին կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկում տեղի չէ ունեցած:

Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, վարչապետ Տիապ մաղթած է, որ Նաամէ հացին սակը չբարձրացնէ:

Արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ ընդգծեց, որ ինք պիտի չհրաժարի, այլ` պիտի դիմադրէ անոնց, որոնք կը մերժեն բարեկարգումները գործադրել:

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստը
Որոշեց Մէկ Ամիսով Երկարաձգել Ընդհանուր Զօրաշարժը

Նախքան կառավարութեան նիստը, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Տիապ, փոխվարչապետ Զէյնա Աքըր, մեծ թիւով նախարարներ եւ ապահովական կառոյցներու պետեր:

Նիստէն ետք Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի ժահրը տակաւին տարածուած է` ընդգծելով, որ հարկ է որդեգրուած նախազգուշական միջոցառումներուն, յատկապէս Պէյրութի միջազգային օդակայանին վերաբացումին կառչած մնալ:

Ասմար յայտնեց, որ վարչապետ Տիապ կը նախատեսէ, որ «Քորոնա» համաճարակի երկրորդ ալիք մը Լիբանան հասնի հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, հետեւաբար նախազգուշութիւնները պէտք է պահպանել եւ ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը երկարաձգել մինչեւ 2 օգոստոս 2020:

«Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ապահովութեան ուժերէն պահանջեց պատժել բոլոր անոնք, որոնք կը խախտեն «Քորոնա»-ի ժահրի տարածման նախազգուշութիւններու գործադրութիւնը», ըսաւ Ասմար:

ՆՇԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ մինչեւ կէս գիշեր սղաճին եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին դէմ բողոքող ցուցարարներ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ փակեցին ճամբաներ, որոնք աստիճանաբար վերաբացուեցան լիբանանեան բանակին կողմէ:

Հրկիզուող անիւներով եւ աղբի տակառներով փակուած փողոցներն են. Քասքաս, Շաթիլա, Պարպար, Քորնիշ Մազրաա, Պշարա Խուրի, Թանգարան, Ատլիէ, Վերտան, Քոլա, Մարզական աւան, Սայֆի, Կեդրոնական Պէյրութ, Մշարրաֆիէ, Ժտէյտէ, Սաատիյաթ, Սելիմ Սլամ, Պըհսաս, Թրիփոլի, Թըպպանէ, Մինա, Սայտա-Էլիա, Ապրա-Մաժտալիուն, Ապրա-Ժեզզին, Սայտա-Հիլալիա եւ Նաամէ:

 

Նախորդը

Մինչ Ընդհանուր Զօրաշարժը Կ՛երկարաձգուի Մինչեւ 2 Օգոստոս, Այսօր Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Կը Վերսկսի Իր Աշխատանքին

Յաջորդը

ԲՀԿ, ՀՅԴ ԵՒ Հայրենիք Կուսակցութիւնները Յանցագործութեան Մասին Հաղորդում Ներկայացուցին

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?