Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ այցելեց Նաքուրա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ:
Տել Քոլ շնորհակալութիւն յայտնեց Հըթթիին` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն 2020-2021 տարեշրջանի պիւտճէն վաւերացնելու աշխատանքին մէջ անոր ունեցած ներդրումին համար:
Իր կարգին, Հըթթի բարձր գնահատեց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը` լիբանանեան բանակին հետ գործակցաբար սահմանային ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Ապա Հըթթի շրջեցաւ սահմանային Կապոյտ գիծի շրջաններուն մէջ` ընկերակցութեամբ լիբանանեան բանակի հարաւային Լիթանիի շրջանի զօրամասի հրամանատար գնդապետ Մարուն Քպէյաթիի, ինչպէս նաեւ նախարարութեան քաղաքական եւ հիւպատոսական հարցերու բաժանմունքի տնօրէն Ղատի Խուրիի եւ իր գրասենեակի տնօրէն Հատի Հաշեմի: