Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ընդհանուր Զօրաշարժը Կ՛երկարաձգուի Մինչեւ 2 Օգոստոս, Այսօր Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Կը Վերսկսի Իր Աշխատանքին

July 1, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը
Հասաւ 1778-ի, Մահուան Պարագաներունը` 34-ի,
Իսկ Ապաքինածներունը` 1183-ի

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին առաջարկով, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու եւ այդ ժահրին տարածումը կանխարգիլելու նպատակով յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 2 օգոստոս:

Միւս կողմէ սակայն, Պէյրութի միջազգային օդակայանը այսօր կը վերսկսի իր աշխատանքին:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1778-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 33 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 27-ն տեղացիներ են, իսկ 6-ը Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 34 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1183 ուրիշներ` ապաքինած:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` կոչ ուղղելով Պէյրութ ժամանող բոլոր ճամբորդներուն` կառչած մնալու որոշ միջոցառումներու, որոնք են.

  1. Արձանագրուիլ առողջապահութեան նախարարութեան ելեկտրոնային հարթակին:
  2. Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանող բոլոր ճամբորդները պիտի ենթարկուին «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան:
  3. Այն ճամբորդները, որոնք «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան ենթարկուած են, պէտք է իրենց հետ ունենան այդ քննութեան արդիւնքները, որոնք առաւելագոյնը 48 ժամուան պէտք է ըլլան: Անոնք ստիպուած են մեկուսանալ, մինչեւ որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իրենց ենթարկուած «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքները հրապարակուին:
  4. Արտերկրի լիբանանցիները, որոնք առանց «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւն կատարելու Պէյրութ կու գան, պէտք է բնակարանային մեկուսացման ենթարկուին մինչեւ առաջին «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքին հրապարակումը, իսկ անկէ երեք օր ետք, պէտք է ենթարկուին երկրորդ «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան մը:
  5. Երկրորդ «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնը կատարելու գծով առողջապահութեան նախարարութիւնը ճամբորդները «էս. էմ. էս.»-ով տեղեակ կը պահէ, թէ այդ քննութիւնը ինչ ո՛ր տարրալուծարանի մէջ պէտք է կատարէ:
  6. Առողջապահութեան նախարարութիւնը «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքը «էս. էմ. էս.»-ով կ՛ուղարկէ ճամբորդներուն` անոնց տրամադրութեան տակ դնելով նաեւ քննութեան արդիւնքին ելեկտրոնային տարբերակը:
  7. «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան դրական արդիւնք ստանալու պարագային պէտք է առողջապահութեան նախարարութեան հետ գործակցիլ կառավարական որեւէ հիւանդանոց փոխադրուելու համար: Այս նպատակով պէտք է դիմել առողջապահութեան նախարարութեան «Քորոնա»-ի բաժանմունքին յատուկ թէժ գիծին` 01-594459:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ Քարանթինայի կառավարական հիւանդանոցէն տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կը շարունակէ դեղորայքի արտադրութիւնը` պահպանելով միջազգային բոլոր չափանիշները եւ ապահովելով լաւ արդիւնքներ:

Հասան շեշտեց, որ իրենք կը քաջալերեն Լիբանանի մէջ դեղորայքի ճարտարարուեստը եւ կոչ կ՛ուղղեն լիբանանցի ներդրողին` այս մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան դեղորայք արտադրել եւ արտածել:

Իրանեան դեղորայքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Համատ Հասան յայտնեց. «Ոչ մէկ դեղի նկատմամբ մեր մօտեցումը քաղաքական դիտանկիւնէ կարելի է մեկնել, իսկ իրանեան դեղորայքը միջազգային բոլոր օրէնքներուն ու չափանիշներուն ենթակայ է»:

Նախորդը

Պրիւքսելի Դ. Խորհրդաժողովին. «Լիբանանը Պէտք Է Զերծ Կացուցել Սուրիացիներուն Դէմ Որդեգրուելիք Պատժամիջոցներուն Հետեւանքներէն, Յատկապէս` «Սիզըր» Ամերիկեան Պատժամիջոցին» Շեշտեց Վարչապետ Տիապ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Քննարկեց Ելեւմտական Եւ Կրթական Հարցերը Եւ Համաձայն Գտնուեցաւ Կրթական Մարզին Տրամադրել 500 Միլիառ Լ. Ոսկի

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.