Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքր. «Միջազգային Ընտանիքը Իր Դռները Փակած Է Այս Կառավարութեան Դիմաց, Եւ Կը Կարծեմ` Այդ Որոշումը Քաղաքական Է»

July 3, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միջազգային ընտանիքը իր դռները փակած է այս կառավարութեան դիմաց` աւելցնելով, որ ինք կը կարծէ, թէ այդ մէկը քաղաքական որոշում է:

«Միջազգային ընտանիքը կը հաստատէ, որ ինք Լիբանանին պիտի օժանդակէ, երբ բարեկարգումները գործադրուին: Մենք այդ բարեկարգումները պիտի կատարենք եւ պիտի տեսնենք, թէ ան Լիբանանի օժանդակութեան իր յանձնառութեան կառչած պիտի մնա՞յ», ըսաւ ան:

Աքր նշեց, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է իր մշակած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումներուն գործադրութեամբ` յայտնելով սակայն, որ այդ մէկը իրագործելու համար քաղաքական համախոհութիւն պէտք է գոյանայ:

Անդրադառնալով ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին` Աքր յայտնեց, որ դժբախտաբար այդ մէկը իրականութիւն է` աւելցնելով սակայն, որ լիբանանցին իր վճարումներուն 70 առ հարիւրը տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի պաշտօնական սակով, այսինքն` 1500-ով կը կատարէ:

Աքր շեշտեց, որ կառավարութիւնը հրաժարելու մասին չի մտածեր` նշելով, թէ անիկա 1200 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը յատկացուցած է օժանդակելու համար որոշ մարզերու եւ քաղաքացիներու:

Նախարարը ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը յանձնառու են, հակառակ ամէն ինչի, երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու` խիստ մերժելով ցուցարարներուն կողմէ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն վրայ յարձակումներն ու անոնց քարկոծումը:

«Ճամբաներու փակումը արգիլուած է, եւ կը ջանանք պաշտպանել խաղաղ ցուցարարները», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը Կը Պահանջէ Բարձրացնել Նուազագոյն Աշխատավարձը

Յաջորդը

Հարիրի. «Բարեկարգումն Է Լիբանանը Փրկող Գաղտնաբառը»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.